Որոնել

Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Քահանայապետին 21 հոկտեմբերի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։

«Ծառայութեան ուղին դէպի երկինք տանող մայրուղին է»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 21 հոկտեմբեր 2018-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն առթիւ, աւանդութեան համաձայն, ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը, ներշնչուելով օրուան աւետարանական խօսքէն ուր կը պատմուի Յակոբի եւ Յովհաննէսի՝ Յիսուսի երկու աշակերտներուն Յիսուսին ուղղուած յատուկ խնդրանքի մասին (Մարկոս 10, 35-45). «Տուր Մեզի որ Փառքիդ մէջ նստինք մէկը աջ ու միւսը ձախ կողմդ»։ Յիսուս անոնց կը պատասխանէ «դուք չէ գիտեր թէ ինչ կը խնդրէք  կրնա՞ք ըմպել բաժակը զոր ես պիտի ըմպեմ, կամ մկրտուիլ մկրտութեամբ որով ես պիտի մկրտուիմ»։ «Կրնանք» ըսին անոնք ու Յիսուս անոնց ըսաւ. «բաժակը որ ես պիտի խմեմ դուք ալ պիտի խմէք, ու մկրտութեամբ որով ես պիտի մկրտուիմ դուք ալ պիտի մկրտուիք, բայց աջ ու ձախ կողմս բազմեցնելը ինծի չիյնար ու պիտի տրուի անոնց որոնց համար պատրաստուած է։

Յիսուս լաւապէս գիտէր որ Յակոբի ու Յովհաննէսի սիրտը ապականած էր աշխարհի  հոգիով եւ ասոր համար անոնց կ՛ուզէ դաս մը տալ ու կը հրահանգէ ծառայութեան հոգին։ «Ով որ կ՛ուզէ ձեր միջեւ մեծ ըլլալ թող սպասաւորէ բոլորին եւ այն որ կ՛ուզէ առաջինը ըլլալ թող բոլորին ծառայէ»։ Յիսուսի այս պատգամը յստակ է. մինչ աշխարհի հզօրները կը փորձեն գահեր կառուցել Աստուած կ՛ընտրէ անհանգիստ գահ մը՝ խաչը որտեղէն  կ՛իշխէ իր կեանքը զոհելով։ «Որովհետեւ, կ՛ըսէ Յիսուս, Մարդու Որդին չէ եկած ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու եւ իր կեանքը որպէս փրկանք տալու բազմութեան համար»   ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա հաստատեց թէ ծառայութեան ուղին առաջին տեղեր գրաւելու ախտի ամենարդիւնաւէտ հակաթիւնն է ու յորդորեց որպէս Քրիստոսի աշակերտներ այս Աւետարանական հատուածը ընկալելու որպէս կոչ դարձի, քաջութեամբ ու վեհանձնութեամբ վկայելու համար Եկեղեցի մը որ գիտէ սիրով ծառայել յետիններուն։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց խնդրելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնէ հետեւելու Յիսուսին ծառայութեան ուղիին վրայ, որ է «դէպի երկինք տանող մայրուղին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2018, 12:21