Սրբադասման արարողութիւն Սրբադասման արարողութիւն 

Հոկտեմբեր 14-ի Կիրակնրօեայ Մարեմեան աղօթք եւ Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալական խօսքը։

«Սուրբ Կոյս Մարիամը, առաջին ու կատարել աշակերտը Տիրոջ, մեզ օգնէ որպէսզի հետեւինք նոր սուրբերու օրինակին»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 14 հոկտեմբեր 2018-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած Սրբադասման արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց «Հրեշտակ Տեառն» կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը որուն սկիզբը յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց ներկաներուն որոնց շարքին՝եղբայրակից Կարդինալներուն ու բազմաթիւ այն եպիսկոպոսներուն, որոնք այս առթիւ եկած են աշխարհի տարբեր շրջաններէն, ապա Նոր Սուրբերու երկիրներէն ժամանած պաշտօնական պատուիրակութիւններուն՝ ասոնց շարքին յատուկ օրէն շնորհակալ ըլլալով Սոֆիա Թագուհիին ինչպէս նաեւ Իտալիոյ, Չիլէի, Էլ Սալվատորի եւ Փանամայի հանրապետութիւններու նախագահներուն։

«Յատուկ շնորհակալութիւն կ՛ուղղեմ նաեւ Նորին Օծութիւն Ռոան Ուիլիամսին ու Քանթըրպուրրիի Արքեպիսկոպոսութեան պատուիրակութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը ու ողջոյնի խօսք ուղղեց բոլոր «սիրելի ուխտաւորներուն» ու բոլոր անոնց որոնք ընկերային հաղորդամիջոցներու միջոցաւ հետեւեցան արարողութեան։

«Իսկ այժմ մեր աղօթքը ուղղենք Սուրբ Կոյս Մարիամին, առաջին ու կատարել աշակերտը Տիրոջ, որպէսզի մեզ օգնէ հետեւելու նոր սուրբերու օրինակին» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով իր խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2018, 12:05