Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Թող մարդը չի բաժնէ ինչ որ Աստուած միացուց» Կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

«Աստուծոյ վերաբերմունքը իր անհաւատարիմ ժողովուրդին նկատմամբ, մեզի կը սորվեցնէ թէ վիրաւորուած սէրը Աստուծմէ կը դարմանուի ողորմութեան ու ներումի միջոցաւ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 7 Հոկտեմբեր 2018-ի կէսօրին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայութեամբ արտասանած Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն,  ներկայացուց խորհրդածութիւն մը մեկնաբանելով օրուան աւետարանական հատուածը որ քաղուած էր Մարկոս Աւետարանիչէն,  ուր փարիսեցիները հարց կու տան Յիսուսին եթէ օրինական է որ ամուսին մը իր կինը արձակէ ըստ Մովսէսի  օրէնքին։ Յիսուս անոնց կը պատասխանէ «ձեր սրտերուն խստութեան համար է որ Մովսէս տուաւ ձեզի այդ օրէնքը» աւելցնելով «ի սկզբանէ Աստուած զանոնք արու եւ էգ ստեղծեց. Ասոր համար այր մարդը պիտի թողու իր հայրն ու մայրը ու պիտի միանայ իր կնոջ եւ երկուքը պիտի դառնան մէկ մարմին»։ Յիսուս ապա եզրափակեց «թող մարդը չի բաժնէ այն ինչ որ Աստուած միացուց»։

Ունկնդրէ լուրը

«Յիսուսի այս ուսուցումը շատ յստակ է եւ կը պաշտպանէ ամուսնութեան արժանապատուութիւնը որպէս սիրոյ միութիւն մը որ հիմնուած է հաւատարմութեան վրայ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ ամուսնութեան մէջ միացած մնալու պայմանը փոխադարձ նուիրումի սէրն է, հիմնուած Քրիստոսի շնորհքին վրայ։ «Մինչ երբ զոյգին մէջ գերակայէ եսասիրութիւնը, ինքնագնահատումը.. այդ միութիւնը չի կրնար գոյատեւել» աւելցուց Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ Յիսուս ուզեց վերահաստատել  մարդուն վերապահուած Աստուծոյ ծրագիրը, ուր կը շեշտուի մարդկային յարաբերութեան ուժն ու գեղեցկութիւնը։ Ասոր համար Կեղեցին որ է Մայր եւ Դաստիարակ, մէկ կողմէն չի յոգնիր վերահաստատելու ընտանիքի գեղեցկոտութիւնը եւ միւս կողմէն կը ջանայ իր մայրական մօտիկութիւնը ցուցաբերել  անոնց որոնք կ՛ապրին յարաբերութեան խզումի դժբախտ փորձառութիւնը - ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ «Աստուծոյ վերաբերմունքը իր անհաւատարիմ ժողովուրդին նկատմամբ, մեզի կը սորվեցնէ թէ վիրաւորուած սէրը Աստուծմէ կը դարմանուի ողորմութեան ու ներումի միջոցաւ։ «Ասոր համար սոյն իրավիճակներուն մէջ Եկեղեցիէն չէ պահանջուած դատապարտել, ընդհակառակը, ամուսնական կեանքի ձախողութիւններու դիմաց ան կանչուած է իր ներկայութիւնը ապրիլ սիրոյ եւ ողորմութեան ուղիով, որպէսզի կորսուած ու վիրաւոր սրտերը դարձեալ առաջնորդէ դէպի Աստուած» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի օգնէ ամուսնացեալ զոյգերուն ապրելու եւ վերանորոգելու իրենց միութիւնը՝ մեկնելով Աստուծոյ սկզբնական պարգեւէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2018, 12:05