Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  

Հրապարակային Ունկնդրութիւն. Պատուիրանները՝ Հանգստեան օրը։

Կիրակի օրը չէ եղած ջնջելու համար միւս օրերը, այլ յիշելու եւ օրհնելու զանոնք ու խաղաղութիւն կնքելու կեանքին հետ ըսելով. «կեանքը թանկարժէք է»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յիշի՛ր շաբաթ օրը, որպէսզի սուրբ պահես այն: Վեց օր պիտի աշխատես եւ պիտի կատարես քո բոլոր գործերը: Եօթներորդ օրը քո տէր Աստծու շաբաթ օրն է: Այդ օրը դու ոչ մի գործ չպիտի անես, ոչ էլ քո տղան ու աղջիկը, քո ծառան ու քո աղախինը, քո էշն ու քո եզը, քո բոլոր անասունները, քեզ մօտ գտնուող օտարականն ու քեզ մօտ բնակուող պանդուխտը, որովհետեւ Տէր Աստուած վեց օրում ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, ծովն ու այն ամէնը, ինչ դրանց մէջ է, իսկ եօթներորդ օրը հանգստացաւ: Դրա համար էլ Տէրն օրհնեց եօթներորդ օրը եւ այն սուրբ հռչակեց» (Ելք 20, 8-11):

Ելքի գիրգէն քաղուած սոյն հատուածին վրայ հիմնուելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի 5 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւնը, բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Շարունակելով  Պատուիրաններու մասին խորհրդածութիւնները Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց «Հանգստեան օրուան» վրայ,  նկատել տալով թէ հանգիստ ընելը դիւրին չէ, տրուած ըլլալով որ կայ իսկական ու կայ սուտ հանգիստ մը, զոր պէտք է ճանչնալ եւ զատորոշել։

Սրբազան Հայրը անդրադարձ կատարելով այսօրուայ իրականութեան նկատել տուաւ որ «ընկերութիւնը ծարաւն ունի զուարճանքի եւ արձակուրդի», ու թէ յանձնառումը եւ գործունէութիւնը կեանքի գերիշխող գաղափարի կեդրոնը չեն կազմեր, այլ  այդ կեդրոնը դարձած է խոյս տալը, դրամ շահիլը ու զուարճանքի ծարաւը յագեցնելը»։

«Այս մտայնութիւնը մեզ կը տանի դժգոհելու զուարճանքէն թմրութեան մատնուած գոյութենէ մը,  որ հանգիստ ընել չէ՝ այլ իրականութենէն խուսափիլ է» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ «Մարդս երբեք այնքան ժամանակ չէ գտած հանգիստի որքան այսօր եւ սակայն մարդը երբեք դատարկութիւն չէ փորձարկած որքան այսօր»։

«Տիրոջ Անունով հանգստեան օրը ունի յատուկ մէկ պատճառ» յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը, ակնարկելով պատուիրանին «Տէր Աստուած վեց օրուայ մէջ ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, ծովն ու այն ամէնը, որոնք անոր մէջ է, իսկ եօթներորդ օրը հանգստացաւ: Ասոր համար ալ Տէրն օրհնեց եօթներորդ օրը եւ զայն սուրբ հռչակեց»։

Հանգստեան օրը արդարեւ Աստուծոյ ուրախութեան օրն է, երբ տեսաւ թէ ամէն ինչ որ ստեղծեց բարի է։ Այդ օրը օրհնութեան ու գոհաբանութեան օր է, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով թէ քրիստոնեաներուն համար հանգստեան օրուան, կիրակի օրուան կեդրոնը՝ Տէրն է, սուրբ Հաղորդութիւնն է, ու հաղորդութիւն կը նշանակէ նաեւ գոհութիւն մատուցանել Աստուծոյ, շնորհակալութիւն յայտնելով Անոր, կեանքի ու ողորմութեան ինչպէս նաեւ մեզի շնորհած պարգեւներուն համար։

Կիրակի օրը չէ եղած ջնջելու եւ մոռնալու համար միւս օրերը, այլ յիշելու զանոնք, օրհնելու զանոնք ու խաղաղութիւն կնքելու կեանքին հետ ըսելով. կեանքը թանկարժէք է, դիւրին չէ, ցաւալի է բայց թանկարժէք է - հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով թէ «Խաղաղութիւնը կ՛ընտրուի, չի բանեցուիր ու պատահմամբ չի գտնուիր» հուսկ կարեւոր նկատեց կեանքի իրականութեան ու պատմութեան եւ իրավիճակներուն հետ հաշտութիւն կնքելը։

«Իսկական խաղաղութիւնը անհատական պատմութիւնը փոխելը չէ այլ զայն ընդունիլն ու արժեւորելն է»  յարեց ապա Սրբազան Պապը ակնարկելով այն բազմաթիւ աղքատներուն ու կարիքաւորներուն որոնց կը հանդիպինք շատ անգամ եւ որոնց մէջ կը նշմարենք ուրախութիւնը որ ուրիշներու մօտ կը պակսի, «որովհետեւ անոնք գիտեն արժեւորել փոքր պարգեւները» ըսաւ Քահանայապետը խրախուսելով հաւատացեալները ընտրելու կեանքը՝ որպէս պարգեւ ու Մարիամի նման բացուելով Սուրբ Հոգիին որ մեզ կը դնէ Յիսուսի հետքերուն վրայ, մեզ առաջնորդելով Յարութեան։

Կեանքը փաստօրէն  գեղեցիկ կը դառնայ այն ժամանակ երբ մենք կը սկսինք բարութեամբ մտածել անոր մասին, երբ ըմբռնենք թէ բոլոր մեր ունեցածը շնորհք է ու երբ մեր սիրտը բանանք նախախնամութեան ու բացայայտենք թէ սաղմոսերգուին ըսածը ճիշտ է «Միայն Աստուծոյ մէջ է որ հանգիստ կը գտնէ հոգիս»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2018, 09:57