Սուտանի եպիսկոպոսները Վատիկանի մէջ Սուտանի եպիսկոպոսները Վատիկանի մէջ 

Սուտանի եւ Հարաւային Սուտանի եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցը ս. Պետրոսի յաջորդին։

Սուտանի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի մէկ Աւագ թեմ եւ մէկ առաջնորդութիւն մինչ Հարաւային Սուտանի մէջ կան մէկ Աւագ թեմ եւ վեց առաջնորդութիւններ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 3 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունելէ ետք Պարսելոնայի երբեմնի Արքեպիսկոպոսը Կարդինալ Լուիս Մարթինէս Սիսթաքը եւ Ճափոնի մօտ առաքելական նուիրակ՝ գերապայծառ Ժոզէֆ Քեննոթը, ունկնդրութիւն շնորհեց Սուտանի եւ Հարաւային Սուտանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Սուտանի  մէջ քրիստոնեաները նկատուած են փոքրամանսուիւն՝ եւ  39,5 միլիոն բնակչութեան վրայ միայն 5.4 առ հարիւրը քրիստոնեայ են որոնցմէ 2.93 առ հարիւրը կաթողիկէ, մինչ Հարաւային Սուտանիի բնակչութեան 52 առ հարիւրը կաթողիկէ են ապա կան Անկլիքան եւ Բողոքական եկեղեցիներու պատկան հաւատացեալներ։

Սուտանի մէջ Կաթողիկէ  Եկեղեցին ունի մէկ Աւագ թեմ եւ մէկ առաջնորդութիւն մինչ Հարաւային Սուտանի մէջ կան մէկ Աւագ թեմ եւ վեց առաջնորդութիւններ։

Սուտանի եւ Հարաւային Սուտանի մէջ քրիստոնէութիւնը վերստին մուտք գործած է ԺԹ եւ Ի դարերուն, շնորհիւ Քոլոմպիացի միսիոնարներուն։ Տարածաշրջանի առաջին քարոզութիւնը տեղի ունեցած է Զ դարուն՝ Ասորի կրօնաւորներու կողմէ, սակայն ԺԴ դարուն արաբներու եւ իսլամներու տիրապետութեան շրջանին, քրիստոնէութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ անհետացած էր։

Սուտանը եւ Հարաւային Սուտանը պատմական օրէն իրարմէ տարբեր իրողութիւններ են ըլլայ ցեղային ըլլայ կրօնական եւ ըլլայ մշակութային գետնի վրայ։ Տարբերութիւններ որոնք դժբախտաբար պատճառ դարձան արիւնալի բախումներուն, մինչեւ Հարաւային Սուտանի անջատումը ու անոր անկախութեան հռչակումը՝ 2011 թուականին։

Վերոնշեալ երկու երկիրներու մէջ Եկեղեցին վճռակամ կը գործէ ի նպաստ իսկական հաշտութեան ու մշտատեւ խաղաղութեան հաստատումին եւ այս մէկը կը ներկայացնէ Եկեղեցւոյ դիմագրաւելիք առաջնահերթ մարտահրաւէրներէն մին։

Մինչ Սուտանի  քրիստոնեաները կ՛ապրին դժուար կացութեան մէջ, տրուած ըլլալով որ երկրին բնակչութեան մեծամասնութիւնը մահմետական են, Հարաւային Սուտանի քրիստոնեաներու իրավիճակը շատ աւելի համերաշխ ու հանդարտ է։

Վատիկանի եւ Սուտանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են  1969 թուականին, մինչ 10 փետրուար 1993-ին՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութեամբ այցելեց երկիրը։

Հարաւային Սուտանի անկախացումէն ետք՝ 22 փետրուար 2013-ին Սուրբ Աթոռն ու նորաստեղծ հանրապետութիւնը կնքեցին դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու պայմանագիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2018, 10:45