Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Հովիւը հեզ ու խոնարհ է եւ միշտ մօտիկ է ժողովուրդին» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Հովիւը ունենալու է Յիսուսի իշխանութիւնն ու զօրութիւնը՝ հեզութեան, խոնարհութեան, մօտիկութեան ու կարեկցական եւ քնքշութեան իշխանութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 18 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց Յիսուսին վրայ՝ որպէս  Հովիւի տիպար, որուն իշխանութիւնը կը կայանայ հեզութեան մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

«Մենք եւս պէտք է Անոր նման ըլլանք մարդոց մօտիկ» ըսաւ Քահանայապետը իր քարոզին մէջ ակնարկելով Յիսուսի վարուելակերպին ու դիտել տալով թէ երբ  հարցեր կը ծագին պէտք է Յիսուսի նման լրութիւն պահենք ու աղօթենք՝ ինչպէս ըրաւ Ան գողգոթայի վրայ»։  

Մեկնաբանելով Ղուկաս աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանական հատուածը ուր կը պատմուի այրի կնոջ մը զաւկին յարութեան դէպքի մասին, Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ Յիսուսի իշխանութիւնը յառաջ կու գար անոր մարդոց նկատմամբ ցուցաբերած խոնարհութիւնէն։ «Ան չէր պոռար ու ամէնուն չէր ըսէր թէ Ինք Մեսիան էր կամ մարգարէն, աղմուկ ու փող չէր հնչեցներ երբ հրաշք մը կը կատարէր, ո՛չ, Ան պարզապէս մօտիկ էր մարդոց» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ երբ Ան մարդոց հետ չէր՝ մեկուսի քաշուած Հօր հետ կապի մէջ էր՝ աղօթքի մէջ։

«Յիսուս իր երկրային կեանքի մեծամասնութիւնը անցուց ճամբաներու վրայ, մարդոց հետ» նշեց ապա Նորին Սրբութիւնը, մօտիկութիւն եւ կարեկցութիւն ցուցաբերելով անոնց, այնպէս ինչպէս երբ տեսաւ այրի կինը, մինակ, առանձին ու տխուր իր զաւկին մահուան բերումով, խղճած անոր վրայ եւ որոշեց հրաշքը կատարել, նախ մխիթարելով կինը ապա անոր վերադարձնելով իր զաւակը։

«Յիսուս այս մէկը կ՛ընէ նաեւ մեր հետ երբ մեզի կը մօտենայ։ Ահա այս է Հովիւին տիպարը ու մենք հովիւներս պէտք է այս սորվինք՝ ըլլալ մարդոց մօտիկ եւ ոչ թէ որոշ «աւագանիներու» մօտ որոնք յաճախ մեր հոգիները կը թունաւորեն։  Հովիւը առ այդ ունենալու է Յիսուսի իշխանութիւնն ու զօրութիւնը՝ հեզութեան, խոնարհութեան, մօտիկութեան ու կարեկցական եւ քնքշութեան իշխանութիւնը» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով ապա Յիսուսին կրած անարդարութիւններուն՝ երբ աւագ ուրբաթ օրը նոյն ամբոխը որ զինք մի քանի օրեր առաջ ընդունած էր տօնախմբութիւններով այժմ կ՛աղաղակէր «Խաչէ զինք»։

«Յիսուս որ կը խղճար այդ մարդոց վրայ որ խաբուած էին դրամի իշխանաւորներու կողմէ, լուր մնաց։ Աղօթեց։ Որովհետեւ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Հովիւը՝ դժուար ժամանակներու ընթացքին, երբ սատանան գործի կը լուծուի եւ զինք կ՛ամբաստանէ օգտագործելով նաեւ մարդիկը, իր կեանքը կը նուիրէ եւ կ՛աղօթէ եւ Յիսուս աղօթեց ու այդ աղօթքը զայն մղեց մինչեւ խաչը, ու այդ խաչին վրայ իսկ Ան կարողութիւնը ունեցաւ մօտենալու մարդոց եւ բուժելու աւազակի հոգին։

Այսօր անգամ մը եւս կարդանք Ղուկաս Աւետարանիչի եօթներորդ գլուխը, հասկնալու համար թէ ինչի մէջ կը կայանար Յիսուսի իշխանութիւնը, ապա հայցենք շնորհքը՝ որպէսզի մենք եւս մեր կարգին դառնանք այդ իշխանութեամբ հովիւներ։ Իշխանութիւն մը որ պարգեւուած է Սուրբ Հոգիին շնորհքով։ յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2018, 11:00