Որոնել

Փախստական մանուկ մը Փախստական մանուկ մը 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի ի նպաստ։

Միջազգային հասարակութեան ու բոլոր ներգրաւուած դերակատարներուն կը վերանորոգեմ իմ սրտաբուխ կոչս դիմելու դիւանագիտական միջոցներուն:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 2 սեպտեմբեր 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները իր ցաւն ու մտահոգութիւնը արտայայտեց ի տես «Սուրիոյ Իտլիպ նահանգէն փչող պատերազմի քամիին ու մարդկային  աղէտալի տագնապի մը կարելիութեան շուրջ անհանգստացող լուրերուն»։

Ունկնդրէ լուրը

«Միջազգային հասարակութեան ու բոլոր ներգրաւուած դերակատարներուն կը վերանորոգեմ իմ սրտաբուխ կոչս  դիմելու դիւանագիտական միջոցներուն, երկխօսութեան ու բանակցութիւններուն, յարգելով մարդկային  միջազգային իրաւունքը ու պաշտպանելով  քաղաքացիներու կեանքերը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ իր այս կոչէն առաջ յիշած էր նաեւ Սլովաքիոյ Քոզիչէ քաղաքին մէջ երէկ՝ շաբաթ մէկ սեպտեմբերին, Երանելի հռչակուած Աննա Քոլեսարովան, հայցելով որ այդ երիտասարդ մարտիրոս աղջնակը օգնէ երիտասարդ քրիստոնեաներուն մնալու հաւատարիմ Աւետարանին՝ նոյնիսկ երբ հարկաւոր է կեանքի գնով ընթանալ հակահոսանք, այնպէս ինչպէս ըրած էր նոր Երանուհին։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2018, 12:11