Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը քրիստոնեաներու միութեան խթանման խորհուրդի անդամներուն:

Սուրբ Հոգին է, որ կը ստեղծէ քրիստոնէական կեանքի նորութիւնը եւ միեւնոյն Սուրբ Հոգին է որ կը տանի իսկական միութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քահանայապետական Քրիստոնեաներուն միութեան խթանման խորհուրդի տարեկան ընդհանուր նիստին առիթով, ուրբաթ, սեպտեմբեր 28-ին՝ առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Վատիկանի «Քլեմենթինա անուան» դահլիճին մէջ ընդունեց յիշեալ նիստի մասնակիցները :

Ունկդրէ լուրը

Ողջունելով ներկաները Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց խորհուրդի անդամներուն ու համագործակիցներուն, անոնց առօրեայ գործունէութեան համար, որոնք «կը նպաստեն Հռոմի եպիսկոպոսին այլ՝ քրիստոնեան դաւանանքներու հետ հաղորդութեան եւ միութեան ծառայութեան պաշտօնին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա ընդհանուր ակնարկ կատարելով վերջերս կայացած համամիութենական ձեռնակներուն յիշեց Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ Օրթոտոքս եւ արեւելեան կրօնապետերու հետ հանդիպումը, Եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդի հիմնադրութեան առթիւ Ժընեւի մէջ կազմակերպուած համամիութենական հանդիպումը, որ «առիթ հանդիսացաւ գոհութիւն յայտնելու Աստուծոյ համամիութենական շարժումէն բխած արատ պտուղներուն համար եւ վերանորոգելու հաւատացեալներուն միջեւ միութիւնը»: ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա յիշեց «Պենտեկոստեան» շարժումի 50 ամեակի նշումը, Հռոմի Չիրքօ Մասսիմօ տարածքին վրայ, ընդգծելով դարերու հոլովոյթին տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու իրենց կեանքի նուիրումը Քրիստոսին համար: Սրբազան Հայրը ապա յորդորեց շարունակել այս համամիութենական ձեռնակները՝ միասնական աղօթքի եւ աշխատանքի միջոցաւ սպասելով որ Տէրը բոլորս առաջնորդէ դէպի լիակատար միութիւն:

Սրբազան Հայրը ապա այժմէական նկատեց յիշեալ խորհուրդի ընդհանուր նիստի «Պենտեկոտեան, խարիզմաթիկ եւ աւետարանական եկեղեցական շարժումները, միութեան գաղափարին մէջ» նիւթը, նկատելով զայն քրիստոնէական կեանքի նոր արտայայտութիւններու ձեւ, որոնց աճումը յոյժ նշանակալից երեւոյթ մըն է, որ պէտք չէ անտեսուի, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու կարեւոր նկատեց նաեւ վերոյիշեալ հասարակութիւններուն մէջ, Սուրբ Հոգիին ներկայութեան զատորոշումն ու ճանաչումը, անոնց հետ կառուցելով եղբայրական հարազատ կապեր, դիտել տալով որ այս մէկը կարելի է իրականացնել, բազմապատկելով հանդիպումի առիթներ եւ շրջանցելով անվստահութեան հոգին :

Ֆրանչիսոկս Պապ ապա անդրադարձաւ եկեղեցական նոր զանազան շարժումներուն, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ ունեցած դժուարին յարաբերութիւններուն յայտնելով, որ շատ անգամ այդ նոր հասարակասիրութիւններու հիմնադիրներուն քարոզչութեան սկզբունքները հակասական կը թուին կաթողիկէ եկեղեցւոյ սկզբունքներուն, սակայն ասոնք ըսաւ Սրբազան Հայր առիթ կը նկատուի անհատական խղճի քննութեան եւ հովուական վերանորոգումի:

Սրբազան Հայր նկատել տուաւ նաեւ , որ կան անթիւ հասարակութիւններ որոնք ներշնչուած սոյն շարժումներէ, կ՝ապրին քրիստոնէական հարազատ կեանք անսալով Աստուծոյ խօսքին եւ հլու գտնուելով Սուրբ Հոգիին, որ բոլորս կ՝առաջնորդէ դէպի սիրելու եւ ծառայելու վկայութեան, յորդորելով որ կաթողիկէները ընկալեն այս բոլոր հարստութիւնները, որոնք՝ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ կը նպաստեն Աւետարանը հռչակելու առաքելութեան՝ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ:

Ան խօսքը եզրափակեց հաստատելով Սուրբ Հոգին է, որ կը ստեղծէ եւ կը վերաստեղծէ քրիստոնէական կեանքի նորութիւնը եւ միեւնոյն Սուրբ Հոգին է որ կը տանի իսկական միութեան որ միակերպութիւն չէ:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով խորհուրդի անդամներուն նուիրուածութեան համար շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2018, 12:10