Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Ֆրանչիսկոս Պապին քնքշութեան Աստուածաբանութիւն» բնաբանով համագուամարի մասնակիցները Սրբազան Պապին մօտ

«Աստուծոյ սէրը վերացական ընդհանուր սկզբունք մը չէ այլ՝ անհատական , շօշափելի իրողութիւն է, որ Սուրբ Հոգին կը հաղորդէ մարդու սիրտին , կերպարանափոխելով մարդու զգացումներն ու մտածումները»:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 13-ին, Վատիկանի «Քլեմենթինա» դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց «Ֆրանչիսկոս Պապին քնքշութեան Աստուածաբանութիւն» բնաբանով համագումարի մասնակիցները:

Այս առթիւ ներկայացուցած պատգամին մէջ Սրբազան հայրը անդրադառնալով համագումարի նիւթին,շեշտը դրաւ «քնքշութեան Աստուածաբանութիւն»եզրի վրայ նկատել տալով, որ «Աստուածաբանութիւնը վերացական իրողութիւն մը չէ որովհետեւ ան կը ծնի գոյութենական ճանաչողութիւն, Բանին՝ մարմինին հետ հանդիպումէն»: Մինչ «Քնքշութիւնը, Քրիստոսի՝ մեզի հանդէպ ունեցած սէրն է» - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց թէ «Աստուծոյ սէրը վերացական ընդհանուր սկզբունք մը չէ այլ՝ անհատական , շօշափելի իրողութիւն է. որ Սուրբ Հոգին կը հաղորդէ մարդու սիրտին , կերպարանափոխելով մարդու զգացումներն ու մտածումները»:

Սրբազան Պապը ապա ակնարկեց Քնքշութեան Աստուածաբանութեան պարունակութեան յորդորելով որ ան պէտքէ բովանդակէ երկու տեսակէտեր:

Առաջին, Աստուծոյ կողմէ սիրուած ըլլալու գեղեցկութիւնը, երկրորդ՝ գեղեցկութիւնը այն իրողութեան, որ Աստուծոյ անունով կը սիրենք:

«Մենք մեզ սիրուած զգալ» ըսաւ Սրբազան Հայրը «պատգամ մըն է, որ մեզի հասած է Յիսուսի Սուրբ Սիրտէն, Ողորմած Յիսուսէն: Մինչ՝ քնքշութիւնը մեզի կը բացայայտէ , Հայրական դիմագիծէն զատ Աստուծոյ մայրական դիմագիծը. Աստուած որ սիրահարուած է մարդուն»: 

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ խաչը Աստուածային քնքշութեան կնիքն է , ներշնչուած Տիրոջ վէրքերէն, որոնց տեսանելի վէրքերը պատուհան մըն են , որուն ընդմէջէն կը տեսնենք Աստուծոյ անտեսանելի սէրը: Քրիստոսի խաչելութիւնը մեզի համար հրաւէր է մեր քարացած սիրտերը փոխակերպելու՝ միսէ սիրտի՝ Աստուծոյ սիրահարուելու համար – յարեց Սրբազան Հայրը ու հաստատեց «երբ մարդ մը ինքզինք կը զգայ, որ իսկապէս սիրուած է այն ժամանակ կը մղուի ուրիշը սիրելու: Աստուծոյ քնքշութիւնը մեզ կ՝առաջնորդէ հասկնալու որ սէրը կեանքի իմաստն է - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով որ բոլորս կանչուած ենք աշխարհը լեցնելու Տիրոջ կողմէ ստացած սիրով՝ եկեղեցւոյ, ընտանիքի, ընկերութեան մէջ, ծառայութեան եւ անձնուիրումի հոգիով եւ այս բոլորը կը կատարենք, ոչ որպէս պարտականութիւն, այլ այն սիրոյն համար՝ որով քնքուշաբար սիրուած ենք:

Սրբազան Հայրը իր պատգամը եզրափակեց հաստատելով, որ շատ աշխատանք կայ կատարելիք քնքշութեան աստուածաբանութեան եւ անոր առաքելութեան համար. մարմնանցնել Աստուծոյ խօսքը, երրորդ հազարամեակի եկեղեցւոյ եւ մարդու համար – նշեց Ան ու բոլոր ներկաները յանձնելով Աստուածամօր մայրական քնքշութեան օրհնեց բոլորը ու անոնց հասարակութիւնները խնդրելով որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2018, 11:38