Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ճափոնական պատուիրակութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ճափոնական պատուիրակութեան անդամները 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ճափոնական պատուիրակութեան մը անդամներ

Սրբազան Պապը յոյս յայտնեց յառաջիկայ տարի Ճափոն այցելելու:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 12-ին, առաւօտեան, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութենէն առաջ Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի «Պօղոս Զ փոքրիկ դահլիճ» անուան սրահէն ներս ընդունեց Ճափոնական Tensho Kenoh Shisetsu Kenshoukai ընկերակցութեան 11 անդամներ:

Յայտնենք թէ յիշեալ ճափոնական ընկերակցութիւնը հիմնուած է 1585-ին , ի յիշատակ Եւրոպա ժամանած առաջին ճափոնական պատուիրակութեան մը բաղկացած չորս անդամներէ, որոնք Հռոմ եկած էին Գրիգոր ԺԳ Պապին այցելելու: Ճամբորդութիւնը կազմակերպուած էր Ճափոն գտնուող Յիսուսեան վարդապետներու կողմէ ,զոր տեւեց 8 տարի:

Յիշեալ ընկերակցութիւնը կը զբաղի մշակութային եւ բարեսիրական գործունէութիւններ մշակելով:

Ֆրանչիսկոս Պապ այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ ողջունելով ներկաները յիշեց չորս հարիւր տարի առաջ ճափոնական պատուիրակութեան Հռոմ քաղաք այցելութիւնը, ապա նկատել տուաւ որ որ Կրօնք, մշակոյթ եւ տնտեսական աշխարհը կրնան միասնաբար խաղաղօրէն գործակցիլ՝ աւելի մարդկային աշխարհի մը կառուցման ի խնդիր, բնորոշուած համապարփակ բնապահպանութենէն:

Ան ապա իր կամքը յայտնեց յառաջիկայ տարի Ճափոն այցելելու, յոյս յայտնելով՝ զայն իրականացնել:

Նորին Սրբութիւն խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով ճափոնական Պատուիրակութեան այցելութեան համար խնդրելով ներկաներէն, որ իրենց նախորդ երիտասարդներուն նման իրենց հրաշալի ժողովուրդի փոխանցեն՝ Հռոմի Պապին բարեկամութիւնը եւ համայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ համակրանքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2018, 08:55