Սուրիոյ մէջ գաղթականներու լուսանկար Սուրիոյ մէջ գաղթականներու լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի մէջ մարդկայնական տագնապի իրավիճակը քննարկող ժողովի մասնակիցները

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց , որ միջազգային հասարակութիւնը չմոռնայ միջին արեւելքի զոհերուն կարիքները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 14-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Վատիկանի «Քոնչիսդորօ» անուան դահլիճին մէջ ընդունեց Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի մէջ գործող կաթողիկէ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն պատասխանատուները, որոնք Վատիկանի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ մարդկայնական տագնապի իրավիճակը քննարկող ժողովին:

Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոնի եւ Վատիկանի մարդկային համապարփակ խթանման ժողովին, որ Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան ինչպէս նաեւ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին համագործակցութեամբ կազմակերպեցին սոյն ժողովը:

Ան ապա իր մտահոգութիւնը յայտնեց Սուրիոյ եւ Իրաքի ժողովուրդներուն նկատմամբ, որ տակաւին կը շարունակեն տառապիլ պատերազմներու պատճառած  արիւնահոսութեան համար, հայցելով Աստուծմէ որ հոգայ այդ սիրելի երկիրներուն, եկեղեցիներուն ժողովուրդներու կարիքները ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք կը փութան օգնութեան հասնիլ տառապող ժողովուրդին :

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց կաթողիկէ կազմակերպութիւններուն կատարած աշխատանքներուն համար, որոնք մեծապէս նպաստեցին, աւելի լաւ հասկնալու տառապող ժողովուրդներուն կարիքները եւ լաւագոյն ձեւով համադրելու օժանդակութեան ծրագիրները, ըսաւ Ան դիտել տալով թէ, Ինք բազմիցս յիշեցուցած է, որ միջին արեւելքի մէջ՝ ուրկէ լոյս աշխարհ եկած է Աւետարանի ճրագը, վտանգուած է Քրիստոնեայ հասարակութիւններու ներկայութիւնը, նշելով որ քոյր եկեղեցիներուն հետ գործակցութեամբ, Սուրբ Աթոռը անխոնջ աշխատանք կը տանի քրիստոնեայ հասարակութիւններու ապագան երաշխաւորելու համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ համայն եկեղեցին կը դիտէ այս մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ աղօթքի միութեամբ ու շօշափելի բարեսիրական գործունէութիւններու միջոցաւ կը քաջալերեն զանոնք չհամակերպելու բռնութեան խաւարին, միշտ վառ պահելով յոյսի ճրագը:

Ան ապա յայտնեց, որ Կաթողիկէ կազմակերպութիւններուն բարեսիրական գործունէութիւնները, իրեն յիշել կու տան Սուրբ Ֆրանչիսկոսի այսպէս կոչուած հետեւեալ «պարզ աղօթքը».  ուր ատելութիւն կայ, թող որ ես սէր փոխանցեմ, ուր յուսալքում կը տիրէ թող որ ես յոյս ներշնչեմ, ուր տխրութիւն կայ, թող որ ես ուրախութիւն սփռեմ:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ ապա թուեց կաթողիկէ կազմակերպութիւններուն նախաձեռնած կարգ մը բարեսիրական ծրագիրները ինչպէս,  Իրաքի Նինւէ քաղաք քրիստոնեայ հասարակութիւններու տուն վերադարձին զօրակցութեան ձեռնարկը, Սուրիոյ մէջ հիւանդներու եւ աղքատներուն մատակարարած խնամակալական ծառայութիւնները՝ «բացօթեայ հիւանդանոցներ» ծրագրին միջոցաւ: Ան ապա քաջալերեց շարունակելու մանուկներուն ի սպաս դաստիարակչական ծրագիրները, օգնել երիտասարդներուն անոնց աշխատանք հայթաթելով , նեցուկ կանգնիլ տարեցներուն, վերջապէս ամոքել հոգեբանական վէրքերը, առանց մոռնալու այն սիրտերը, որոնց համար եկեղեցին կանչուած է ամոքելու:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խնդրեց , որ միջազգային հասարակութիւնը չմոռնայ միջին արեւելքի զոհերուն կարիքները, շրջանցելով անձնական շահերու տրամաբանութիւնը եւ տրամադրուելով խաղաղութեան ծառայութեան ի սպաս՝ վերջ դնելու համար հակամարտութիւնները, յարելով, որ չենք կրնար մեր աչքերը խփել, միլիոնաւոր անձերուն՝ իրենց երկիներիը թողելու պատճառներուն ներքեւ: Ան ապա իր գնահատանքը յայտնեց զանազան պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, որոնք սատարեցին գաղթականներուն իրենց տուները վերադարձին:

Ֆրանչիսկոս Պապ իր խօսքը եզրափակեց կատարելով փոքրիկ աղօթք մը.

«Ով Տէր, այնպէս մը ըրէ, որ ես խաղաղութեան գործիք դառնամ: Այնպէս մը ըրէ, որ ուր խաւար կը տիրէ թող ես լոյս սփռեմ»:

Պատգամին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարի կամք ունեցող այր մարդոց ու կիներուն,  մաղթելով բոլորին որ խաղաղութեան եւ ճրագի գործիքներ դառնան  ապա  շնորհեց Տիրոջ Օրհնութիւնները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2018, 09:25