Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց որ ըլլանք ողորմածներ՝ նման Յիսուսին ու չդատապարտենք ուրիշները

Ողորմութեան բառը շատ անգամ մոռցուած բառ մըն է նամանաւանդ ուրիշին մասին չարախօսելու ժամանակ:

«Խնդրենք Յիսուսէն, որ իր անհուն ողորմութեամբ ու ներումով միշտ պահպանէ մեր եկեղեցին որ նման է սուրբ մօր մը, սակայն լի է մեզ նման մեղաւոր զաւակներով» այս եղաւ Ֆրանչիսկոս պապին հինգշաբթի 20 սեպտեմբեր 2018-ին Տումուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին աղօթքը։

Մեկնաբանելով օրուան գրային ընթերցումները Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ երեք փոքրիկ խմբակներու. Յիսուս եւ առաքեալները, Սուրբ Պօղոս եւ մեղաւոր կինը եւ օրէնսգէտները:

Սրբազան Հայրը յորդորեց չմոռնալ, որ Յիսուս միշտ կը ներէ, որովհետեւ ողորմած է դիտել տալով, որ ողորմութեան բառը շատ անգամ մոռցուած բառ մըն է նամանաւանդ ուրիշին մասին չարախօսելու ժամանակ:

Ան հրաւիրեց ողորմածներ ըլլալու նման Յիսուսին, որ ներեց՝ ըլլայ սուրբ Պօղոսին, որ հալածիչ էր ըլլայ մեղաւոր կնոջ, որ ընդունեց իր մեղաւորի իրավիճակը։

Քահանայապետը դիտել տուաւ թէ մեղաւոր կինը սէր ցուցաբերեց Յիսուսին ու նոյնը ըրաւ նաեւ Սուրբ Պօղոսը։ Երկուքն ալ Աստուած կը փնտռէին՝ «սիրով» կը փնտռէին Զայն բայց այդ սէրը կիսատ էր։ Պօղոսը կը կարծէր, թէ սէրը օրէնք մըն է ու փակ սիրտ մը ունէր Յիսուսի Քրիստոսի յայտնութեան դիմաց մինչ կինը կը փնտռէր մանր սէրը անցողակի սէրը։ Սակայն Յիսուս տեսնելով այդ սիրոյ ու բարի կամքի փոքր արարքը, ողորմութենէն մղուած կը ներէ որովհետեւ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը Յիսուս միշտ պատրաստ է ընկալելու։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ ակնարկէց փարիսեցիներու կեղծաւորութեան, որոնք միշտ պատրաստ են քննադատելու ըսաւ, Ան դիտել տալով թէ Եկեղեցին եւս պատմութեան հոլովոյթին հալածուած է կեղծաւորներէ։ Սատանան արդարեւ ապաշխարած մեղաւորներու հետ գործ ունի, որովհետեւ անոնք կը դիմեն Աստուծոյ, սակայն ան ինքզինք զօրաւոր կը զգայ կեղծաւորներուն հետ ու զանոնք կ՛օգտագործէ կործանելու համար. Կործանելու մարդիկը, ընկերութիւնը ու նոյնիսկ Եկեղեցին։ Սատանան ինքզինք ցոյց կու տայ որպէս գեղեցիկ հեղինակաւոր իշխան, սակայն կը մնայ ոճրագործ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրլելով չմոռնալ թէ Յիսուս միշտ կը ներէ ու խրախուսելով մենք եւս ըլլալու նման Յիսուսին, ողորմած եւ ընտրելու Յիսուսը որպէս կեանքի կեդրոն։

«Յիսուս ներեց կնոջ ու Պօղոսին, որոնք հանդիպեցան իսկական սիրոյ, որ նոյնինքն Յիսուսն է, մինչ կեղծաւորները անկարող են հանդիպելու սիրոյն որովհետեւ անոնց սիրտը փակ է ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով Քարոզը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2018, 12:13