Որոնել

Աստուածմօր եւ վարդարանի սրբապատկեր Աստուածմօր եւ վարդարանի սրբապատկեր 

Ֆրանչիսկոս Պապ կը խնդրէ որ հոկտեմբեր ամսոյն յաւելեալ աշխուժութեամբ աղօթենք վարդարանը:

Սրբազան Պապը կը խնդրէ որ յատուկէն աղօթենք եկեղեցւոյ համար :

Ֆրանչիսկոս Պապ համաշխարհային աղօթքի իր ցանցէն խնդրած է որ հաւատացեալներուն օգնեն, որպէսզի հոկտեմբեր ամսոյն անհատական եւ հասարակաց աղօթքները կատարուին յաւելեալ աշխուժութեամբ:

Այս վերջին տարիներուն ու ամիսներուն, եկեղեցւոյ մէջ ապրուեցան շատ դժուար պահեր, որոնց շարքին կղերականներու կողմէ գործադրուած սեռային եւ իշխանութեան չարաշահումները ինչպէս նաեւ ներքին բաժանումները, որոնք անպայման պտուղն են չար ոգիին, որ մահացու թշնամին է մեր մարդկային բնութեան։ Չարը արդարեւ կը յայտնուի տարբեր ձեւերով եւ Եկեղեցւոյ աւետարանումի առաքելութիւնը կը դառնայ միշտ աւելի դժուար։

Ասկէ մղուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հոկտեմբեր ամսուայ համարը կը խնդրէ յաւելեալ աղօթքի յանձնառում՝ ըլլայ անձնական ըլլայ հասարակական գետնի վրայ, հրաւիրելով ամէն օր աղօթել «վարդարանը», որպէսզի Սուրբ Կոյս Մարիամը օգնէ Եկեղեցին այս տագնապի օրերուն ընթացքին եւ աղօթենք նաեւ Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետին, որպէսզի պաշտպանէ եկեղեցին՝ սատանային յարձակումներէն:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը կը հրաւիրէ նաեւ որ վարդարանի աղօթքը եզրափակենք, Աստուածամօր եւ Գաբրիէլ հրեշտակապետի նուիրուած հետեւեալ աղօթքներով.

Ով Սրբուհի Մայր Աստուծոյ, քու հովանիիդ տակ՝ ապաստան կը փնտռենք,

Մի անտեսեր մեր աղերսները, մենք որ տառապանքի մէջ կը գտնուինք:

Այլ փրկէ մեզ բոլոր փորձութիւններէն, ով Փառաւորեալ Եւ Օրհնեալ Սուրբ Կոյս Մարիամ:

Գաբրիէլ Հրեշտակապետին նուիրուած աղօթքը ՝

Ով Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետ, պատերազմի մէջ պահապան կանգնէ մեզի, դուն եղիր մեր ուժը՝ ոխերմութեան եւ սատանայի փորձութիւններուն դէմ, եւ թող, որ Աստուած իր ուժը բանեցնէ անոր վրայ: Եւ դուն ով երկնային բանակի իշխան, Աստուածային զօրութեամբ, Սատանան եւ քէշ հոգիները վտարէ դէպի դժոխք, որոնք հոգիները կորսնցնելու համար աշխարհը խաբէութեան կը մատնեն: Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2018, 14:01