Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վատիկանի Թանգարանի հոգաբարձուները։

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց յիշեալ ընկերակցութեան անդամներուն, Վատիկանի թանգարանի արուեստական գանձերու վերանորոգման սատարած նպաստին համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 28-ին,Վատիկանի Քոնչիսթորօ անուան դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ ընդունեց «Patrons of the Arts in the Vatican Museums» հոգաբարձուները, ընկերակցութեան հիմնադրութեան 35-րդ ամեակին առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրի շնորհակալութիւն յայտնեց յիշեալ ընկերակցութեան անդամներուն, Վատիկանի թանգարանի արուեստական գանձերու վերանորոգման սատարած նպաստին համար, նկատելով զայն աւանդութիւն մը, որուն շարունակութեամբ ընկերակցութեան անդամները կը նմանին բոլոր անոնց որոնք արուեստի միջոցաւ մուտք գործեցին եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ ինչպէս Միքելանճելօ, Պերնինի, Քանովա արուեստագէտները:

Սրբազան Հայրը ապա արուեստը նկատեց հաւատքի մօտենալու գլխաւոր ուղիներէն մին, հաստատելով որ հաւատքը կը կիսէ արուեստի միեւնոյն արահետը, որ է գեղեցկութիւնը. աւելցնելով, որ արուեստը կը բարելաւէ կեանքը եւ հաղորդութիւն կը ստեղծէ: Նորին Սրբութիւն ապա յիշեալ ընկերակցութեան հիմնադրութեան տարեդարձի նշումը առիթ նկատեց յիշելու եւ խոկալու մարդը բարելաւող գեղեցկութեան պահպանումի առաքելութեան մասին, որ է հաւատքի արտայայտութիւնը որ մեզ կ՝օգնէ վերագտնելու այն ինչ որ կեանքին մէջ կենսական է, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ անդրադառնալով Քրիստոէնական արուեստին ընդգծեց որ ան մեզ կը տանի այն սիրոյ որ մեզ ստեղծած է եւ կը տանի մեզ փրկող ողորմածութեան, ինչպէս նաեւ մեզ սպասող յոյսին: Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակեց նշելով որ արուեստը, աւելի քան երբեք տիեզերական կարիք է եւ ներդաշնակութեան եւ խաղաղութեան ակնաղբիւր: Ապա դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով ընկերակցութեան անդամներուն կատարած գործերուն համար,շնորհեց բոլորին ու անոնց ընտանիքներուն իր հայրապետական օրհնութիւնները խնդրելով ինչպէս միշտ որ չմոռնան աղօթել իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2018, 12:04