Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը շարժանիւի ընկերակցութեան մէկ պատուիրակութեան։

«Եկեղեցին մարզական գործունէութիւնը կը նկատէ դաստիարակչական պատշաճ գործիք, յատկապէս նոր սերունդներուն համար»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 5 սեպտեմբեր 2018-ին, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութենէն առաջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, հանդիպում ունեցաւ շարժանիւի ընկերակցութեան մէկ պատուիրակութեան հետ, ի տես  Սան Մարինոյի եւ Ռիմինիի յառաջիկայ շարժանիւի մրցումին։

Սրբազան Հայրը հակիրճ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով ներկաներուն ընդգծեց մարզանքի կարեւորութիւնը՝ հաստատելով թէ «Եկեղեցին մարզական գործունէութիւնը կը նկատէ դաստիարակչական պատշաճ գործիք, յատկապէս նոր սերունդներուն համար»։

Ունկնդրէ լուրը

«Մարզանքի երեւոյթը  փաստօրէն կը խթանէ սեփական եսասիրութեան յաղթահարումը, կը պատրաստէ զոհաբերումի հոգիին ու եթէ լաւապէս կատարուած ըլլայ կը հրահրէ միջանձնական յարաբերութիւններու միջեւ հաւատարմութիւնը, բարեկամութիւնը եւ կանոններու յարգանքը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ հարկաւոր է առ այդ որ բոլոր անոնք որոնք մարզանքով կը զբաղին, խթանեն մարդկային եւ քրիստոնէական արժէքները, որոնք հիմը կը կազմեն աւելի արդար ու զօրակից ընկերութեան մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ քաջալերեց ներկաները տարածելու մարզանքի արժէքները, սատարելու համար աւելի արդար ու զօրակից ընկերութեան մը կերտումին, ապա շեշտը դրաւ երկու բառերու վրայ «կորով-եռանդ» եւ «կենաքի ախոյեան»։

«Շատ անգամ երբ կը կարդամ լուրեր հայող երիտասարդներու որոնք անձնասպան եղան կը մտածեմ թէ այդ կեանքին մէջ կը պակսէր եռանդը՝ կորովը», ըսաւ Քահանայապետը որովհետեւ այդ կեանքին մէջ ոչ մէկը կարողեցաւ եռանդ սերմանել։ Այս աշխարհը կարիքը ունի եռանդի՝ կորովի։ «Ապրիլ եռանդով եւ ոչ թէ կեանքը նկատել ծանրութիւն մը։ Եռանդ յառաջ երթալու», յարեց Սրբազան Պապը ու մատնանշելով երկրորդ բառին՝ «Կեանքի ախոյեան»՝ հաստատեց թէ ան որ «եռանդով կարող է ապրիլ ան կեանքի ախոյան է» որովհետեւ ան կեանքը կ՛ապրի լիութեամբ։

«Ահա այս մաղթանքներով է որ ձեզի եւ ձեր ընտանիքներուն կ՛ապահովեցնեմ իմ աղօթքներս ու ձեր վրայ կը հայցեմ Տիրոջ օրհնութիւնները», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2018, 09:30