ANMIL ANMIL 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը «աշխատանքէն հաշմանդամ ու խեղանդամ» Իտալական ընկերակցութեան ։

«Իւրաքանչիւր անհատ կանչուած է զօրակցութեան գործնական յանձնառումի՝ հանդէպ անոնց որոնք զոհ են աշխատանքի արկածներու»։

 Ռոպէր Աթէարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 20 սեպտեմբեր 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու, ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալացի «աշխատանքէն հաշմանդամ ու խեղանդամ ազգային ընկերակցութեան» անդամներուն։

Այս առթիւ ներկաներուն արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը գնահատեց ընկերակցութեան գործունէութիւնը զայն նկատելով «ընկերային կարեւոր ծառայութիւն» որ հոգ կը տանի աշխատանքի ընթացքին հաշմանդամ ու խեղանդամ եղած անձերուն,  որոնք՝ ըսաւ Սրբազան Պապը, կ՛ապրին յատուկ տառապանքի իրավիճակ, յատկապէս երբ հաշմանդամութիւնն անոնց չի թոյլատրէր շարունակել աշխատանքը ու հոգալ իրենց ու իրենց սիրելիներու պիտոյքներուն, այնպէս ինչպէս կ՛ընէին նախօրօք։

Ունկնդրէ լուրը

«Անոնց կը յայտնեմ իմ մօտիկութիւնս» յարեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով նաեւ թէ Աստուած կը մխիթարէ տառապողները ու թէ Ինք եւս տառապեցաւ, ապա ընդգծեց թէ «իւրաքանչիւր անհատ կանչուած է զօրակցութեան գործնական յանձնառումի՝ հանդէպ անոնց որոնք զոհ են աշխատանքի արկածներու»։  

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց հուսկ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան որ կը նախատեսէ ըսաւ Ան  «զօրակցութեան եւ օժանդակութեան միջեւ հաւասարակշռութիւնը», նկատել տալով թէ բաւարար չէ միայն զօրակցութիւնը այլ հարկ է ապահովել նաեւ օժանդակութիւն, որ կը նշանակէ մարդու արժանապատուութեան յարգանքը ու ոչ թէ անոր զոհաբերումը հարստութեան արտադատութեան սեղանի վրայ։

Մեր աշխարհը կարիքն ունի մարդկային շշուկի մը որ մեզ կը մղէ բանալու մեր աչքերը ու տեսնելու թէ մեր դիմացը գտնուողը առարկայ կամ ապրանք մը չէ՝ այլ մարդ անհատ ու մարդկութեան մէջ եղբայր» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը քաջալերելով ազգային ընկերակցութեան անդամները շարունակելու իրենց յանձնառումը՝ ըլլայ քաղաքական, ըլլայ քաղաքացիական գետնի վրայ ու յատկապէս «աշխատաւորի անվտանգութեան» ապահովման ծիրէն ներս, որով կարելի է ստեղծել աշխատանքի նոր մշակոյթ մը որ «կը համապատասխանէ աշխատաւորի կարիքներուն ու անոր առողջութեան ու անվտանգութեան պաշտպանութեան» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը  հրաւիրելով այս ծիրէն ներս կատարելագործելու օրէնսդրական ծրագիրը, որուն համար ընկերակցութիւնը կը պայքարի 75 տարիներէ ի վեր, ի միտ ունենալով ոչ միայն աշխատանքի բերումով հաշմանդամները այլեւ բոլոր քաղաքացիները՝ որոնց «իւրաքանչիւրին կեանքն ու իրաւունքը պէտք է յարգուի» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու խրախուսեց ներկաները յառաջ տանելու իրենց այս վեհանձն առաքելութիւնը որ «կը հակառակի անտարբերութեան եւ տխրութեան ու կ՛աճեցնէ եղբայրութիւնն ու ուրախութիւնը» ըսաւ Ան  իր աղօթքները վստահեցնելով բոլորին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը եզրափակեց ներկաներուն շնորհելով օրհնութիւնը ու խնդրելով որ իրենք եւս չի մոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2018, 12:21