Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Կարդինալ Ուելլէ՝ եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Կարդինալ Ուելլէ՝ եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ 

Քահանայապետը ընդունեց Հոգեւոր կրթութեան մասնակցող եպիսկոպոսները։

Սոյն հոգեւոր կրթութիւնները վերապահուած է այն եպիսկոպոսներուն որոնք հինգ կամ վեց տարիէ ի վեր կը վարեն իրենց եպիսկոպոսական պաշտօնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 3 սեպտեմբեր 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի իր բնակարանին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց 40 եպիսկոպոսներու որոնք այս օրերուն Հռոմի մէջ մասնակցեցան՝ Եպիսկոպոսներու Ժողովի կողմէ կազմակերպուած  հոգեւոր կրթութիւններուն։

Սոյն հոգեւոր կրթութիւնները կազմակերպուած են Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքով ու վերապահուած է այն եպիսկոպոսներուն որոնք հինգ կամ վեց տարիէ ի վեր կը վարեն իրենց եպիսկոպոսական պաշտօնը։ Այս տարի Հռոմի մէջ համախմբուեցան  2012-2013 տարեշրջանին եպիսկոպոսական օծում ստացած եպիսկոպոսներ, որոնք միասնաբար կիսեցին իրենց առաքելութեան փորձառութիւնները, ուրախութիւններն ու դժուարութիւնները ինչպէս նաեւ դիմագրաւելիք մարտահրաւէրները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2018, 08:00