Ֆրանչիսկոս Պապ Փիացցա Արմերինայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Փիացցա Արմերինայի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը Սիկիլիոյ՝ Փիացցա Արմերինա թեմի հաւատացեալներուն։

Այսօր կը յիշատակուի Երանելի Հայր Փինօ Փուլիյիզիի մահուան 25-րդ տարեդարձը

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Շաբաթ 15 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը միօրեայ հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ  Իտալիոյ  Սիկիլիա կղզի՝ ուր նախ այցելեց «Փիացցա Արմերինա» թեմը հուսկ Փալերմօ թեմը՝ յիշատակելու համար Երանելի Հայր Փինօ Փուլյիզիի  մահուան 25-րդ տարեդարձը։

Սրբազան Քահանայապետը Փիացցա Արմերինայի Սան Իփփոլիթօ մարզադաշտ  ժամանեց ինքնաթիռով ուր դիմաւորուեցաւ տեղական քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ, ապա փոխադրուեցաւ քաղաքի «Եւրոպայի» անուան հրապարակ, ուր ժամը 9-ին հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն հաւատացեալներուն հետ, անոնց ուղղելով իր սրտին խօսքը որուն մէջ նախ ուրախութիւնը յայտնեց իրենց միջեւ գտնուելուն համար ապա մատնանշեց  հասարակութեան ու շրջանի ապրած դժուարութիւններուն ու հարցերուն, որոնց շարքին նշեց հասարակական ու մշակութային թերազարգացումը, աշխատաւորներու շահագործումը, երիտասարդութեան արժանավայել աշխատանք երաշխաւորելու  պակասը, ընտանիքներու արտագաղթը, մոլախաղը ու այլ հակումներ ինչպէս նաեւ ընտանեկան կառոյցի քայքայումը։

Ունկնդրէ լուրը

«Այսքան տառապանքի դիմաց եկեղեցական հասարակութիւնը յաճախ կարող է կորսուած ու յոգնած թուիլ ու այլ անգամ՝ Աստուծոյ օգնութեամբ, կարող է ըլլալ աշխոյժ ու մարգարէական, երբ կը փնտռէ աւետարանութեան նոր ուղիներ եւ ուղիներ՝ նուիրելու ողորմութիւնը, յատկապէս հաւատքի տագնապ ապրող եղբայրներուն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խրախուսելով տեղական եկեղեցին յանձնառու ըլլալու նոր աւետարանութեան ուղիին վրայ, յատկապէս առաջարկելով Սիւնհոդոսական ու Աստուծոյ Խօսքի Եկեղեցւոյ մը դիմագիծը, միսիոներական սիրոյ Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Հաղորդութեան հասարակութեան Եկեղեցւոյ մը դիմագիծը։

Անդրադառնալով վերոնշեալ եկեղեցւոյ յատկութիւններուն Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց թէ Սիւնհոդոսական ու Աստուծոյ Խօսքի մը եկեղեցի մը կը պահանջէ իրարու մտիկ ընելու քաջութիւնը ու յատկապէս քաջութիւնը ունկնդրելու Տիրոջ Խօսքը։ «Աստուծոյ խօսքէն զատ ուրիշ բան մի ընտրէք ձեր հասարակութեան կեդրոն» ըսաւ Սրբազան Հայրը յորդորելով հաւատարիմ մնալ միշտ Աւետարանին ու բաց ըլլալ՝ հիւրընկալելու բոլոր անոնք որոնք յուսալքումի մէջ են։ «Այս առաքելութիւնը կատարելու համար հարկաւոր է միշտ ոգեւորուած ըլլալ առաջին քրիստոնեաներու հոգիով՝ որոնք Պենտեկոստէի կրակով քաջութեամբ վկայեցին Յարուցեալը» յարեց  Սրբազան Պապը ու ակնարկեց Միսիոներական Սիրոյ Եկեղեցւոյ մը դիմագիծին քաջալերելով բոլորը՝ կղեր ու հաւատացեալներ, դառնալու ողորմութեան առաքեալներ, ամենուրէք տանելով այն աւետիսը որ տակաւին կարելի է արդար համակեցութիւն մը ու թէ կեանքը միայն անէծք մը չէ այլ վստահութիւն է Աստուծոյ սիրոյն վրայ ու եղբայրներու եղբայրսիրութեան վրայ։

Այս ծիրէն ներս Սրբազան Պապը ընդգծեց ժողովրդապետութիւններու ու եկեղեցական հասարակութիւններու մէջ եղբայրական կեանքի կարեւորութիւնը, յորդորելով ի միտ ունենալ որ քրիստոնէական սէրը չի բաւարարուիր միայն կարեկցութիւն ցուցաբերելով, այլ կ՛ուզէ հասկնալ անհանգստութեան պատճառները ու կարելիին համաձայն զանոնք վերացնել։

Նորին Սրբութիւնը միսիոներական սիրոյ կարեւոր երեւոյթներէն մին նկատեց նաեւ երիտասարդներուն յատկացուած ուշադրութիւնը ու խօսքը ուղղելով այնտեղ համախմբուած բազմաթիւ երիտասարդներուն քաջալերեց զանոնք ըլլալու իրենց ճակատագրին արուեստագէտները։ «Գիտցէք թէ Յիսուս ձեզ կը սիրէ, Ան հաւատամ եւ անկեղծ բարեկամ մըն է ու ձեզ երբեք պիտի չի լքէ։ Դուք կրնաք Անոր վստահիլ ձեր կեանքի բոլոր պահերուն» ըսաւ Սրբազան Պապը ու թելադրեց վստահիլ նաեւ Եկեղեցւոյ, հակառակ եկեղեցականներու մարդկային տկարութիւններուն։ Մօտեցէք անոնց եւ անկեղծօրէն խօսեցէք անոնց հետ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաւատացեալներուն ու եկեղեցականներէն խնդրեց որ ըլլան համբերատար եւ ունկնդրող։

Խօսելով ապա Եկեղեցւոյ մը դիմագիծի մասին որպէս Սուրբ Հաղորդութեան հասարակութիւն Սրբազան Պապը հաստատեց թէ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ է որ մենք կը գտնենք Քրիստոսին սէրը որպէսզի ապա մեր կարգին զայն տանինք աշխարհի ճանապարհներուն վրայ, հուսկ խրախուսեց ներկաները ապրելու Աւետարանական երանութիւնները, իսկ քահանաներուն խրատեց մօտիկ ըլլալ իրենց եպիսկոպոսին, իրար սիրել եղբայրական սիրով, հաւատացեալներուն համար ըլլալով բարի օրինակներ, ըլլան մխիթարողներ որոնք արցունքներ կը սրբեն, վէրքերը կը դարմանեն ու գիտեն վերակառուցել խորտակուած կեանքեր։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց յիշելով որ այսօր կը յիշատակուի Հայր Փուլյիզիի նահատակութեան 25-րդ տարեդարձը։ Ան 25 տարիներ առաջ իր սպանութենէն մի քանի օրեր առաջ այցելած էր Փիացցա Արմերինան։ «Այս այցելութիւնը ձեզի թողուած կտակ մըն է ՝ Յիսուսի սիրոյն համար ծառայել եղբայրներուն մինչեւ մահ» ըսաւ Քահանայապետը  բոլոր ներկաները յանձնելով Աստուածամօր հովանինն որպէսի անոնց թիկունք կանգնի իրենց հոգեւոր պայքարի ընթացքին ու զանոնք ուղղէ դէպի վերջնական յաղթանակ՝ որ է Յարութեան յաղթանակը։

«Ձեզ բոլորդ կ՛օրհնեմ սրտանց ու կը խնդրեմ որ չի մոռնաք աղօթել ինծի համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խօսքը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2018, 09:00