Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Փալերմօ կատարաելիք հովուական այցը Ֆրանչիսկոս Պապին Փալերմօ կատարաելիք հովուական այցը 

Ֆրանչիսկոս Պապ 15 սեպտեմբերին կ՛այցելէ Փալերմօ քաղաքը։

7 սեպտեմբերի առաւօտեան Սրբազան Հայրը հադիպեցաւ գերապայծառ Լորեֆիչէին հետ՝ Փալերմօ քաղաքի արքեպիսկոպոսը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 7 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեկային մէջ ընդունեց Փալերմօ քաղաքի արքեպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Քորրատօ Լորեֆիչէն, որուն հետ քննարկեց յառաջիկայ 15 սեպտեմբերին, Երանելի Փինօ Փուլյիզիի մահուան 25րդ տարեդարձին առթիւ, Փալերմօ Կատարելիք հովուական ճամբորդութեան մանրամասնութիւնը։

Նշենք թէ նոյն օր Սրբազան Քահանայապետը Փալերմօ քաղաք չի ժամանած այցելութիւն կը կատարէ նաեւ Փիացցա Արմերինա Թեմին, ուր պիտի հանդիպի թեմին հաւատացեալներուն հետ։ Մինչ Փալերմոյի մէջ Սրբազան Հայրը պիտի գլխաւորէ Երանելի Հայր Փինօ Փուլյիզիի ծիսական տօնին Սուրբ պատարագը ապա պիտի այցելէ բարեգործական  կեդրոն մը, հուսկ պիտի հանդիպի տեղական երերական դասին հետ ու հովուական այցը պիտի եզրափակէ երիտասարդութեան հետ ունեցած հանդիպումով։ Այն նոյն երիտասարդները որոնք շատ սիրելի էին Երանելի Փուլյիզիին որ իր քահանայական առաքելութիւնը նուիրեց անոնց ծառայութեան ու աճումին, զանոնք հեռու պահելու համար չար օրինակներէն ու «Մաֆիայի» ցանցէն։ 

Երանելի Փուլյիզի արդարեւ որպէս  Փալերմօ թեմի քահանայ, քաջատեղեակ էր քաղաքի մէջ տիրող վախի ու սպառնալիքի  իրավիճակին, մաֆիային կողմէ գործադրուած ոճրային արարքներուն պատճառաւ, եւ ասոր համար վճռած է ծառայել քաղաքին ամենէն վտանգաւոր վայրերուն մէջ,  յատուկէն  իր այս ծառայութիւնը նուիրելով երիտասարդներուն, ջանալով զանոնք ներգրաւել ժողովրդապետութեան գործունէութեան մէջ:

Ան բացայայտօրէն պայքարեցաւ Մաֆիայի դէմ եւ անոր օրինակելի գործունէութիւնը ու քաջութեան համբաւը պատճառ դարձան որ այս վերջինիս անդամները զինք սպանեն՝ 15 սեպտեմբեր 1993-ին, անոր 56-րդ տարեդարձին օրը։

Անոր մահուընէ 20 տարիներ ետք՝ 25 մայիս 2013-ին, Փալերմոյի «Ֆորօ Իթալիքօ» այգիին տարածքին տեղի ունեցաւ Հայր Փուլյիզիի երանացման արարողութիւնը, 100 հազարէ աւելի հաւատացեալներու ներկայութեամբ։  Ան նկատուած է Մաֆիայէն սպաննուած եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2018, 11:26