Ֆրանչիսկոս Պապ Փալերմոյի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Փալերմոյի մէջ 

«Ապագան ձեր ձեռքերուն մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ Սիկիլիայի երիտասարդներուն։

«Տէրը կը փնտռուի արկածախնդրութեամբ, վեհանձն երազներու ձգտելով, ուրիշին ծառայելով» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ «քրիստոնեայ մը որ զօրակցութիւնը չի ճանչնար՝ քրիստոնեայ չէ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ շաբաթ 15 սեպտեմբերին, Փիացցա Արմերինա եւ Փալերմօ թեմերուն կատարած միօրեայ այցելութիւնը աւարտեց Սիկիլիացի երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումով։ Նորին Սրբութիւնը Փալերմոյի Փիացցա Փիլիթէամայի մէջ համախմբուած 5 հազարէ աւելի  երիտասարդները հրաւիրեց երազել յոյսի, ուրախութեան եւ հիւրընկալութեան մշակոյթ մը եւ զի հպատակիլ ճակատագրապաշտութեան, այլ քալել, փնտռել, երազել ու ծառայել, նպատակ ունենալով հանդիպիլ Տիրոջ։

«Եղէք ապագան կառուցողներ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դնելով հիւրընկալութեան եւ ուրիշի հանդէպ ցուցաբերուած զօրակցութեան վրայ ապա խրախուսեց ունկնդրել Տիրոջ ձայնը դիտել տալով թէ այդ մէկը կարելի է երբ ուղեւորութեան մէջ ենք ու ոչ նստած բազկաթոռի վրայ։ «Փնտռտուքի մարդը միշտ ուղեւորութեան մէջ է» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, Յիսուս եւս հրաւէր ուղղած է «փնտռեցէք եւ պիտի գտնէք», սակայն ու՞ր փնտռել հարց տուաւ Նորին Սրբութիւնը, հեռախօսի՞ մէջ. Այնտեղ Յիսուսին հեռաձայնները չեն հասնիր։ Եւ ոչ իսկ հեռատեսիլի մէջ՝ Տէրը ոչ մէկ կայան ունի եւ ոչ իսկ աղմկարար ու թնդացող երաժշտութեան միջոցաւ, այնտեղ երկնքի հետ գիծերը ընդհատուած են։ Տէրը այլապէս չի փնտռուիր հայելիին մէջ, ուր սպառնալիք կայ որ միակ մնալով կը մնաք նաեւ յուսախաբ։

«Տէրը կը փնտռուի արկածախնդրութեամբ, վեհանձն երազներու ձգտելով, ուրիշին ծառայելով» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ «քրիստոնեայ մը որ զօրակցութիւնը չի ճանչնար՝ քրիստոնեայ չէ»։

Քրիստոնեան հանդիպումի մարդ է, նա մանաւանդ այսօրուայ աշխարհին մէջ որ յատկանշուած է պատերազմներով ու հակամարտութիւններով։ Առ այդ կարեւոր է ապրիլ հիւրընկալութեան եւ ներառումի մշակոյթը, յարգել ուրիշին արժանապատուութիւնը, ապա կառուցել ապագան։ Դուք պէտք է ըլլաք ապագայի կառուցողները, ապագան ձեր ձեռքերուն մէջ է։ Ապագան հեռախօսով կարելի չէ կերտել։ Դուն ես որ կը կերտես զայն, քու ձեռքերովդ, քու սրտովդ, քու սիրովդ, քու կորովովդ եւ քու երազներովդ։ Ուրիշներու հետ միասին ըլլալով հիւրընկալ եւ ուրիշներու ծառայող ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ կարիքը ունինք իսկական մարդոց եւ կիներու, որոնք կը մերժեն չարաշահումները, յարեց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով երիտասարդները վախ չունենալու եւ պայքարելու չարաշահումներուն դէմ, ապա խրախուսեց զանոնք ըլլալու յոյսի արշալոյսները։ «Յոյսը պիտի ծնի Փալերմոյէն , Սիկիլիայէն, Իտալիայէն, ու Եկեղեցւոյ մէջ ձեզմով» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորելով զանոնք միշտ կառչած մնալու նաեւ իրենց արմատներուն ու դիտել տալով թէ այդ արմատները կարելի է գտնել մշակոյթի եւ ուրիշներու հետ երկխօսութեան մէջ ու յատկապէս տարեցներու հետ զրոյցի մէջ։ Անոնք են որ ձեզի կը փոխանցեն արմատները եւ կարելի չէ յոյս ստեղծել առանց արմատներու, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ հրաւէր ուղղելով երազել ու ապրիլ յոյսի մշակոյթը ուրախութեան մշակոյթը, ժողովուրդի մը ու ընտանիքի մը պատկանելիութեան մշակոյթը, մշակոյթ մը որ կը սնանի իր արմատներէն որպէսզի ծաղկի ու պտուղ պարգեւէ, նշեց Նորին Սրբութիւնը որ նախ քան հրաժեշտ առնելը երիտասարդներէն, աղօթք բարձրացուց առ Հայր Աստուած խնդրելով որ նայի երիտասարդներուն, ու այնպէս ընէ որ անոնք ըլլան բարիին եւ երջանկութեան որոնողները, ըլլան ուրիշներու հետ հանդիպումի դերակատարները, ըլլան՝ արի ծառայութեան մէջ, խոնարհ ու հեզ իրենց արմատներու որոնման մէջ, որպէսզի կարենան պտուղ պարգեւել։

«Տէր ընկերացիր ուղեւորութեան մէջ բոլոր այս երիտասարդներուն եւ օրհնէ բոլորը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2018, 21:00