Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Սիկիլիոյ կղերական դասին հետ:

Քահանան Աստուծոյ մարդն է՝ 24 ժամ 24 ժամի վրայ, ու պէտք է միշտ դէմէ աղօթքին, Աստուծոյ Խօսքին ու Սուրբ Հաղորդութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Փիացցա Արմերինա եւ Փալերմօ կատարած հովուական միօրեայ այցելութեան ծիրէն ներս, շաբաթ 15 սեպտեմբեր 2018-ին, այցելելէ ետք Փիացցա Ամերինա թեմը ու Փալեմրոյի մէջ գլխաւորելէ ետք Երանելի Հայր Փինօ Փուլյիզիինահատակութեան 25-րդ տարեդարձին նուիրուած Սուրբ Զոհը Սրբազան Քահանայապետը կէսօրուան ճաշը կիսեց «Յոյսի եւ Սիրոյ Առաքելութիւն» կեդրոնի հիւրերուն հետ, որոնց շարքին նաեւ գաղթականներու  եւ բանտարկեալներու պատուիրակութիւն մը։

Սրբազան Հայրը ապա առանձնական այցելութիւն տուաւ «Սուրբ Կայեթանօ» ժողովրդապետութեան ուր այցելեց նաեւ Երանելի Հայր Փինօ Փուլյիզիի բնակարան-թանգարանը հուսկ փոխադրուեցաւ Փալերմոյի աթոռանիստ եկեղեցի՝ ուր հանդիպում ունեցաւ տեղական կղերական դասին, կրօնաւորներուն ու նորընծաներուն հետ, անոնց ուղղելով իր սրտին խօսքը որուն մէջ ակնարկելով  առաւօտեան Հայր Փուլյիզիի յիշատակին մատուցած սուրբ պատարագին ուզեց ներկաներուն հետ բաժնկեցիլ Երանելիին քահանայութեան երեք կարեւոր ու հիմնական յատկութիւններ։

«Երեք պարզ բայեր որոնք կ՛արտայայտեն Հայր Փուլյիզիին դիմագիծը որ եղաւ պարզապէս քահանայ, ուստի իսկական քահանայ» ըսաւ Քահանայապետը ու որպէս առաջին բայ առաջարկեց «մատուցելը – խորհուրդներ մատակարարելը» այս ծիրէն ներս շեշտը դնելով Սուրբ Զոհի կարեւորութեան վրայ, ուր Յիսուս մեզի կը նուիրէ իր մարմինն ու արիւնը՝ հացի եւ գինիի կերպարանքներու տակ։ «Մենք պէտք է Յիսուսին հետեւինք ու այդ խօսքերը արտասանելէ անդին ապրինք զանոնք, որովհետեւ Քահանան նուիրումի մարդ է ու Հայր Փինոն այդպէս ապրեցաւ իր կեանքը՝ ամենօրեայ մատուցած Սուրբ Զոհին տրամաբանութեամբ, որ արտայատուեցաւ իր կեանքի զոհաբերումով» յարեց Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց մեղքերու թողութեան ու խոստովանանքի մատակարարումին։ Յանուն Աստուծոյ ներում ընծայել։  Քահանան կը դառնայ ներումի մարդ ու կոչուած է մարմնացնելու այդ խօսքերը։ Քահանան ոխ չի պահեր, չարը չարով չի փոխարիներ։ Քահանան Յիսուս Քրիստոսի խաղաղութիւնը կը պարգեւէ։ Ան հաշտութիւն ու ներդաշնակութիւն կը կը սերմանէ. Ան խաղաղութիւնն ու համերաշխութիւնը կը մատակարարէ ոչ միայն խոստովանարանի մէջ այլ ամենուրէք։ Խնդրենք Աստուծմէ որ ըլլանք Աւետարանի առողջ համակիրները, կարող ներելու, կարող սիրելու թշնամիները ու աղօթելու անոնց համար որոնք մեզի չարիք հասցուցին – յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը՝ ներումի մարդ դառնալու մարզադաշտ նկատելով նախ նորընծայարանը ապա քահանայական հասարակութիւնը։«Այնտեղ է որ կը սնանի միութեան իղձը, այնտեղ կ՛ընդունինք եղբայրներն ու քորերը, այնտեղ է որ Տէրը մեզ կը կոչէ գործելու ամէն օր, յաղթահարելու համար անհասկացողութիւնը, ըլլալով մէկը միւսին նկատմամբ հանդուրժող եւ ներողամիտ, ինչպէս էր Հայր Փուլյիզին որ բոլորին նկատմամբ ունէր բաց սիրտ մը, նոյնիսկ ոճրագործներուն համար, ըսաւ Սրբազան Պապը ընդգծելով նուիրումի ու ներումի մարդ ըլլալու Քահանային  յատկութիւնը ու հաստատելով թէ Քահանան Աստուծոյ մարդն է՝ 24 ժամ 24 ժամի վրայ, ու պէտք է միշտ դէմէ աղօթքին, Աստուծոյ Խօսքին ու Սուրբ Հաղորդութեան, որտեղէն սնունդ ու քաջութիւն կ՛ընդունի։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա ժողովրդական բարեպաշտութեան որ տարածուած է Սիկիլիայի մէջ, այդ մէկը նկատելով պահպանուելիք գանձ մը, որուն դերակատարը սակայն ըլլալու է միշտ Սուրբ Հոգին զգուշացնելով  «Մաֆիայի» կողմէ այդ բարեպաշտութեան չարաշահումէն։  Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա երկրորդ բայի մը «առաջնորդել – ընկերանալ» որ է՝ ըսաւ Ան, ձեր Հովիւ ըլլալու բանալին։ Քահանաները պէտք է ըլլան մօտիկութեան կենդանի «իկոններ» որոնք աղքատ են ինչքերով բայց հարուստ հասկացողութեամբ ու յարաբերութիւններով, ինչպէս էր Տոն Փուլյիզին, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով Երանելիին ունկնդրելու յատկութեան ու յատկապէս երիտասարդներուն նկատմամբ ցուցաբերած հոգատարութեան ու ասկէ մեկնելով յորդորեց միշտ ընթանալ դէպի մարդիկը բաց սրտով,  Յիսուսին սրտով, «որովհետեւ հանդիպումի, բաժնեկցութեան եւ ունկնդրութեան ճանապարհը՝ Եկեղեցւոյ ճանապարհն է» յարեց Ան յորդորելով այս առաքելութեան մէջ ներգրաւելու բոլորը ու նաւ կրօնաւորուհիները։

«Վերջին բայը որ պէտք է ըլլայ նաեւ առաջնահերթ՝ վկայութիւնն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անգամ մը եւս ակնարկելով Հայր Փուլյիզիի օրինակին որ ապրեցաւ պարզութեան մէջ։ «Կեանքի ապրելակերպը աւելի խօսուն է քան բառերը» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու «վկայութիւնը վարակիչ է» աւելցուց Ան հրաւիրելով խնդրել շնորհքը Աւետարանը ապրելու Տոն Փինոյի նման, ժողովուրդին մէջ ու հարուստ միային Աստուծոյ սիրով։ Աւետարանը արդարեւ մեզմէ կը խնդրէ ՝այսօր աւելի քան երբեք, միակ մէկ բան «ծառայել պարզութեան մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հաստատելով թէ «Եկեղեցին աշխարհէն վեր չէ այլ աշխարհին մէջ է, առաքելութիւն ունենալով թթխմորի նման զայն խմորելու։ Ասոր համար պէտք է արմատախիլ ընել նաեւ ամէն տեսակ կղերապաշտութիւն յարեց Քահանայապետը զգուշացնելով նաեւ քահանայական կեանքի սպառնացնող այլ վտանգներէ, ինչպէս իշխանութեան ձգտումը, երկակի կեանքն ու բարոյականութիւնը… Իսկական վկան այն է որ առանց բառերու խաղի, այլ ժպիտով եւ վստահելի պարզութեամբ, գիտէ քաջալերել ու մխիթարել, որովհետեւ կը բացայայտէ Յարուցեալ ու կենդանի Յիսուս Քրիստոսի ներկայութիւնը։

Քահանայապետը խօսքը աւարեց մաղթելով որ ներկաները ըլլան յոյսի վկաներ, նման Հայր Փուլյիզիին ու կ՛ըսէր  «ուղեւորութիւնը  կորսնցուցած անձին՝ յոյսի վկան ցոյց չի տար թէ ի՞նչ է յոյսը այլ ո՞վ է յոյսը՝ եւ յոյսը Քրիստոսն է»։  Շնորհակալ եմ ու ձեզի կը մաղթեմ ուրախութիւնը՝ զոհ մատուցելու, ընկերանալու ու վկայելու այն մեծ պարգեւը՝ որ Աստուած զետեղեց ձեր սրտերուն մէջ։ Աղօթեցէք ինծի համար - ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2018, 16:00