Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Փալերմօ քաղաքին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին

Հաւատքի յաղթութիւնը կը ծնի առօրեայ անձնուիրումի կեանք է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 15 սեպտեմբերին,Փալերմօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկսոս Սրբազան Պապը Սուրբ Պատարագ մատուցեց քաղաքին «Ֆօրօ Իթալիքօ» այգիի տարածքին մէջ հազարաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ:

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Գրային ընթերցումներուն վրայ ըսելով «Այսօր Աստուած մեզի կը խօսի յաղթութեան եւ պարտութեան մասին:» Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչը օրուան ընթերցուածին մէջ հաւատքը կը ներկայացնէ, որպէս յաղթութիւն, որ նուաճեց աշխարհը, մինչ Աւետարանի ընթերցուացը կը մէջբերէ Յիսուսի խօսքը «իր կեանքը սիրողը կը կորսնցնէ զայն» (Յովհ 12, 25) ըսաւ Սրբազան Հայրը հասատելով «այս է պարտութիւնը, ով որ իր կեանքը կը սիրէ կը կորսնցնէ զայն: Ով որ իր շահերը կը բազմապատկէ, իր կարիքները լիուլի կը յագեցնէ, աշխարհին աչքերուն կը թուի որպէս յաղթող, սակայն , Յիսուսին համար, ով որ իր անձին համար կ՝ապրի ոչ միայն բան մը կը կորսնցմէ այլ իր ամբողջ կեանքը կը կորսնցնէ, մինչ ով որ իր կեանքը կը նուիրէ, կեանքին իմաստը կը գտնէ եւ յաղթական է: ըսաւ Սրբազան Հայրը:

Ան ապա անդրադարձաւ սիրոյ եւ անձնասիրութեան մասին:

Անձնասէրը ըսաւ Նորին Սրբութիւնը կը մտածէ խնամք տանիլ իր կեանքին ան կապուած է դրամին, իշխանութեան, հաճոյքին: Անձնասէրը կարծել կու տայ, որ ամէն ինչ լաւ կ՝ընթանայ, սակայն իր սիրտը կարծրացած կը մնայ ըսաւ Ան աւեցնելով որ այս ուղիին աւարտը գէշ է եւ կը նմանի Աւետարանի հատիկին որ ինքնիր մէջ փակ մնալով արդիւնք չի տար։

Նորին Սրբութիւնը ապա զգուշացուց մտածելէ, որ անձնուիրումը եւ Աստուծոյ եւ ուրիշներուն համար ապրիլը ապարդիւն յոգնութիւն է :

Զգուշացուց մտածելէ, որ կեանքին մէջ յառաջ ընթանալու համար կարիքը կայ դրամի եւ իշխանութեան , դիտել տալով որ այս բոլորը մեծ խաբկանք է , որովհետեւ ոչ արծաթը ոչ իշխանութիւնը մարդը կ՝ազատագրեն, ընդհակառակը զայն կը ստրկացնեն: ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ Աստուած չ՝օգտագործեց իր զօրութիւնը՝ աշխարի չարիքները լուծելու համար: Աստուծոյ ուղին միշտ հեզ սիրոյ ուղին է եւ լոկ սէրն է որ կ՝ազատագրէ՝ եւ կը պարգեւէ խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն :

Աստուծոյ իշխանութիւնը, ծառայութիւն է ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծեց որ ամէնէն զօրեղ ձայնը, գոռացողին ձայնը չէ այլ աղօթքն է. ամէնէն մեծ յաջողութիւնը մեր համբաւը չէ այլ վկայութիւնը յարեց Սրբազան Հայրը նկատել տալով որ լոկ անձնուիրումի կեանքով է որ կրնանք յաղթել չարին : Ան օրինակ բերաւ Հայր Փինօ Փուլիզէն որ իր կեանքը ապրեցաւ ոչ թէ ինքզինք ցուցադրելու համար ,ոչ թէ Մաֆիային դէմ կոչեր ուղղելու համար, այլ բարիք սերմանելու:

Հայր Փինոյին ժպիտը- Աստուծոյ զօրութիւնը կը ներշնչէր ըսաւ Ան աւելցնելով Հայր Փինոյին լոյսը, կուրցնող ճրագ չէր այլ սիրոյ, ծառայութեան հեզութեան լոյս էր ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտելով որ յոյժ կարիքը ունինք ժպտուն վարդապետներուն, ժպտուն քրիստոնեաներուն, որովհետեւ ժպտուն մարդիկը լի են լոկ Աստուծոյ ուրախութեամբ, որովհետեւ անոնք կը հաւատան սիրոյ եւ կապրին ծառայելու համար :

Ան ապա յորդորեց երիտասարդները, բարիք ընել առանց բան մը ակնկալելու ուրիշներէն, իրենց կեանքը ապրելու հեռու հանգստաւէտ կեանքէն, եւ չի գոհանալ փոքր բաներով, հայցելով Աստուծմէ որ մեզի շնորհէ բարիք ընելու իղձը, մեզի շնորհէ, ընտրել զոհողութիւնը եւ ոչ թէ ծուլութիւնը, սէրը եւ ոչ ոխակալութիւնը, ներումը եւ ոչ վրէժխնդրութիւնը:

Ան յարեց որ չէ կարելի Աստուծոյ հաւատալ եւ միեւնոյն ժամանակ ատել եղբայրը: չէ կարելի Աստուծոյ հաւատալ եւ միեւնոյն ժամանակ մաֆիայի կազմակերպութեան անդամ ըլլալ :Այսօր՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը կարիք ունինք ոչ թէ իշխանութեան ձգտող մարդոց այլ անոնց որ գիտեն սիրել

Ան ապա կոչ ուղղեց Մաֆիայի անդամներուն, իրենց կեանքը փոխելու, ապաշխարելու, զգուշացնելով՝ հակառակ պարագային անոնք պիտի կորսնցնեն իրենց կեանքը, եւ այս մէկը ամենէն վատ պարտութիւնը պիտի ըլլայ:

Սրբազան Հայրը հրաւիրեց Յիսուսին հետեւելու՝ անձնուիրումի կեանքով: Յորդորեց մեր կեանքին մէջ առաջին քայլը կատարել՝ առանց ակնկալելու բան մը ընկերութէնն կամ եկեղեցիէն: հրաւիրեց հրաժարիլ մենք մեզի մտածելէ եւ պատասխանատուութենէն խուսափելէն ընդգծելով որ այսօր յոյժ կ կարիքը կայ ժողովուրդին ձայնը լսելու, եւ լոկ իսկական ժողովրդապաշտութիւնը , քրիստոնեայ ժողովրդապաշտութիւնն է այսքինք լսել եւ ծառայել ժողովուրդին առանց աղմուկ բարձրացնելու:

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը եզրափակեց անդրադառնալով Հայր Փինոյին կեանքին: Հայր Փինոն աղքատ կեանքը ապրեցաւ իր գիւղին աղքատներուն հետ: Ան իր կեանքը չ՝ապրեցաւ նստած իր բազկաթոռին վրայ այլ՝ ուղեւորութեան մէջ՝ սիրելու համար: Այս է յաղթանակի մտայնութիւնը: Այս է հաւատքի յաղթանակը, որ կը ծնի առօրեայ անձնուիրումի կեանքէ: Այս է հաւատքի յաղթանակը, որ Աստուծոյ ժպիտը կը փոխանցէ աշխարհի ուղիներուն: ըսաւ Սրբազան Հայրը աւարտելով իր խօսքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2018, 13:05