Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Անարատ յղութեան Սուրբ Մարիամի զաւակներ» միաբանութեան

Սրբազան Հայրը գնահատեց, միաբանութեան 150 ամեակի առթիւ գումարուած, համաժողովին ընթացքին, կղերականներու եւ աշխարականներու միջեւ գոյացուած համագործակցութիւնը, զայն նկատելով ժամանակակից եկեղեցւոյ կարեւոր նշաններէն մին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 20-ին, Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Անարատ յղութեան Սուրբ Մարիամի զաւակներ» միաբանութեան 150 աւելի քան անդամներ, միաբանութեան հիմնդադիր երանաշնորհ Ճուզեփփէ Ֆրասսինեթթիի մահուան 150 ամեակին առիթով:

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը գնահատեց, միաբանութեան 150 ամեակի առթիւ գումարուած, համաժողովին ընթացքին, կղերականներու եւ աշխարականներու միջեւ գոյացուած համագործակցութիւնը, զայն նկատելով ժամանակակից եկեղեցւոյ կարեւոր նշաններէն մին, ինչպէս նաեւ միաբանութեան հիմնադիրին յատկանիշներէն մէկը ու այս ուղղութեամբ յորդորեց շարունակելու այդ ուղին, ժողովրդապետութիւններն հասարակութիւնները վերածելով՝ ընտանիքի, հիւրընկալութեան, յարգանքի հոգի շնչող վայրեր:

Սրբազան Հայր ընդհանուր ակնարկ կատարեց համաժողովին բնաբանին «Ամէնքը ձեզ պիտի ճանչնան իբրեւ իմ աշակերտներս, եթէ դուք զիրար սիրէք» (Յովհ 13,35) ու քաջալերեց ներկաները ապրելու Յիսուսի աւետարանը եւ հետեւելու իրենց հիմնադիր՝ Ճուզէփփէ Ֆրասինեթթին օրինակին, որ իր կեանքին ընթացքին, հոգեւոր բարեկամութիւններ մշակեց եւ եղբայրութեան հոգին տարածեց քահանաներուն միջեւ :

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ միաբանութեան շնորհապարգեւին մասին, թուելով անոր յատկութիւններէն մին, որ է ընկերանալ հաւատացեալներուն իրենց սրբութեան կոչումին մէջ, դիտել տալով որ երանաշնորհ Ֆրասիննեթթի, սրբութեան կոչումի գաղափարը տարածած է վարելով հեզ եւ սիրալիր կեանք եւ քաջաբար հետեւելով Քրիստոսին:

«Միաբանութեան շնորհապարգեւի այլ յատկութիւններէն մին՝ կոչումի յանձնառումն է ըսաւ Սրբազան հայրը , աւելցնելով որ բոլորս քաջ գիտակից ենք, որ Աստուած է կանչողը , սակայն՝ մենք պէտք է համագործակցինք բարի հող ստեղծելու, որպէսզի սերմը արմատ գտնէ եւ ոչ թէ սպառի: ըսաւ Սրբազան Հայրը մաղթելով որ միաբանութեան անդամները իրենց գործունէութեան առաջնակարգ տեղ զետեղեն աղօթքի, քրիստոնէական վարդապետութեան եւ կոչումի կազմաւորումի յանձնառումը:

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց նաեւ երիտասարդներու նուիրուած եպիսկոպոսներուն սիւնհոդսոին, խնդրելով անոնցմէ որ հոգեպէս մասնակցին այդ ժողովին, դիտել տալով որ Հայր Ֆրասսինեթթին, իր բարեկամին՝ տօն Պոսքոյի հետ միասին, նոր սերունդները նկատեցին, ընկերութեան կարեւոր դերակատարներ: Սրբազան Հայրը պատգամը եզրափակեց յորդորելով միաբանութեան անդամները չվհատելու եւ յառաջ ընթանալու։

Ձեզ բոլորդ կ՛օրհնեմ ու ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքին աւարտին

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2018, 12:11