Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «ցեղապաշտութեան ու այլատեացութեան» մասին գիտաժողովի մասնակիցները։ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «ցեղապաշտութեան ու այլատեացութեան» մասին գիտաժողովի մասնակիցները։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «ցեղապաշտութեան ու այլատեացութեան» մասին գիտաժողովի մասնակիցները։

«Ի տես ապա այլատեացութեան ու ցեղապաշտութեան տարածումին կրօնապետերը եւս ունին կարեւոր առաքելութիւն» նշեց Սրբազան Պապը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 20 սեպտեմբեր 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց «համաշխարհային գաղթականութեան ոլորտէն ներս, այլատեացութիւնը, ցեղապաշտութիւնը, ժողովրդապաշտ ազգայնութիւնը» նիւթով գիտաժողովի մասնակիցներուն որոնց շարքին էին ՄԱԿ-ի, Եւրոխորհուրդի ու քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։

Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով ներկաները նշեց թէ ինք գրաւոր ճառ մը պատրաստած էր սակայն կը նախընտրէ անպատրաստից  ի սրտէ խօսք մը ուղղել անոնց ապա զանոնք ողջունել մի առ մի։

Ունկնդրէ լուրը

Գրաւոր ճառին մէջ Սրբազան Պապը անդրադարձաւ ժամանակակից իրականութեան ուր՝ ըսաւ Ան, դարձեալ սկսան տարածուիլ կասկածի, վախի, անարգանքի ու նոյնիսկ ատելութեան զգացումներ, հանդէպ անձերու որոնք «տարբեր» կը համարուին ու կամ անարժան մասնակցելու հասարակական կեանքին։

«Այս զգացումները կը ներշնչեն անհանդուրժողականութեան, խտրականութեան ու բացառումի արարքներ որոնք ծանրապէս վնաս կը հասցնեն մարդ անհատի արժանապատուութեան ու անոր հիմնական իրաւունքներուն» գրեց Սրբազան Քահանայապետը պատգամին մէջ դիտել տալով նաեւ թէ «Դժբախտաբար քաղաքական աշխարհի մէջ եւս շատ անգամ այդ վախերն ու դժուարակրութիւնը կը շահագործուին ի նպաստ ընտրական շահերուն»։ «Սոյն երեւոյթներու ծանրութիւնը չի կրնար մեզ պահել անտարբեր» նկատել տուաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով թէ «Ամէնքս կոչուած ենք նպաստելու իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութեան յարգանքի խթանման, սկսեալ ընտանիքէն, վայր ուր կը դաստիարակուին բաժնեկցութեան, ընկալումի, եղբայրութեան ու զօրակցութեան արժէքները, ինչպէս նաեւ ընկերութեան այլ ոլորտներէն ներս»։

Այս ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց կազմաւորողներու ու դաստիարակներու պատասխանատուութեան, ըլլայ դպրոցական, ըլլայ համալսարանական եւ ըլլայ կազմաւորման շրջանակներէն  ներս ու անոնց կից դասեց նաեւ «հաղորդամիջոցներու» աշխարհը ու լրագրողները որոնք, նշեց Քահանայապետը, պարտականութիւնն ունին իրենք զիրենք դնելու ճշմարտութեան ծառայութեան ի սպաս ու տարածելու տեղեկատուութիւնը ի միտ ունենալով խթանել հանդիպումի ու դէպի միւսի բացուածքի մշակոյթը, ինչպէս նաեւ տարբերութիւններու փոխադարձ յարգանքը։

Նորին Սրբութիւնը քննադատեց անոնք որոնք օտարականի շահագործումի բերումով կը ձգտին  տնտեսական շահոյթներու, նոյնիսկ այդ անհատները ենթարկելով ստրկութեան, ապա հրաւիրեց աղդ անձերը խղճի քննութիւն մը կատարել, այն գիտակցութեամբ թէ օր մը հաշիւ պիտի տան Աստուծոյ առջեւ։

«Ի տես ապա այլատեացութեան ու ցեղապաշտութեան տարածումին կրօնապետերը եւս ունին կարեւոր առաքելութիւն» նշեց Սրբազան Պապը, դիտել տալով թէ անոնց առաքելութիւնը կը կայանայ ներշնչելու ու սատարելու այնպիսի ընկերութեան մը կառուցումին որ հիմնուած ըլլայ մարդու կեանքի սրբութեան սկզբունքի ու ամէն մէկ մարդ անհատի արժանապատուութեան յարգանքի վրայ, ինչպէս նաեւ սիրոյ, եղբայրութեան ու զօրակցութեան վրայ։

«Բոլոր մարդկանց արժանապատուութիւնը, մարդկային ցեղի հիմնարար միութիւնը ու կոչումը ապրելու եղբայրաբար իրենց ամրապնդումը  կը գտնեն այն չափանիշով որով կ՛ընկալուի Բարի Լուրը որ կը հաստատէ թէ բոլորն ալ հաւասարապէս փրկուած են ու միացած Քրիստոսի մէջ» գրեց ապա Սրբազան Պապը պատգամին մէջ դիտել տալով թէ «Այս հեռանկարով միւսը կը դառնայ պարզապէս յարգուելիք էակ մը իր ամբողջ արժանապատուութեամբ, ու կը դառնայ յատկապէս եղբայր կամ քոյր մը որ պէտք է սիրենք»։  

Քրիստոսի մէջ անհանդուրժողականութիւնը կը փոխակերպուի եղբայրական սիրոյ, քնքշութեան ու գործնական զօրակցութեան։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց Յիսուսի տասներկու աշակերտներուն տուած յանձնարարումին որպէսզի խուսափին բաժանումներէն ու ըլլան միացած եւ այս ուղղութեամբ նշեց թէ «քրիստոնեայ ըլլալը կոչում մըն է՝ ընթանալու հակահոսանք, ճանչնալու,. ընկալելու ու ծառայելու բացառուած եղբայրներու մէջ գտնուող Քրիստոսին։

Մաղթանք յայտնելով որ գիտաժողովը առիթ ըլլայ համագործակցաբար ծրագրելու ձեռնարկներ որոնք կը սատարեն միասին կառուցելու աւելի արդար ու զօրակից ընկերութիւններ Սրբազան Քահանայապետը առաքելական օրհնութիւնը շնորհեց բոլոր ներկաներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2018, 10:44