Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը Ամերիկայի սպանախօս հաւատացեալներուն ազգային 5-րդ հանդիպումի առթիւ:

Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ պատկերասփռուած պատգամ մը ուղղեց Միացեալ Նահանգներուն մէջ սպանացիներուն ազգային 5-րդ հաւաքի մասնակիցներուն, որուն մէջ Ան ազգային հաւաքը նկատեց, յոյս ներշնչող մշակոյթի հանդիպումի առիթ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

20-էն-23 սեպտեմբեր 2018-ին, Միացեալ Նահանգներու Թեքսաս քաղաքին մէջ տեղի կ՝ունենայ Սպանախօս կաթողիկէ հաւատացեալներուն, ազգային 5-րդ հանդիպումը, «միսիոներական առաքեալներ, Աստուծոյ վկաներ» բնաբանով:

Ձեռնարկին նուիրուած յատուկ կայքէջին համաձայն, հաւաքին այս տարուան նպատակն է զատորոշել, թէ ինչպէս եկեղեցին Ամերիկիոյ մէջ կը պատասխանէ, սպանացիներու եւ լատին ամերիկացիներուն ներկայութեան, ամրապնդելով անոնց ներգրաւուածութիւնը, եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, որպէս միսիոնար առաքեալները:

Այս առթիւ, սեպտեմբեր 21-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ պատկերասփռուած պատգամ մը ուղղեց Միացեալ Նահանգներուն մէջ սպանացիներուն ազգային 5-րդ հաւաքի մասնակիցներուն, որուն մէջ Ան ազգային հաւաքը նկատեց, յոյս ներշնչող մշակոյթի հանդիպումի առիթ, ուր տարբեր ապրելակերպեր, տարբեր մշակոյթներ եւ տարբեր մտածումները իրարու կը հանդիպին ՝յոյսի մէջ միասնաբար ընթանալու համար:

Սրբազան հայրը ազգային 5-րդ հաւաքը նկատեց, Միացեալ Նահանգներու մէջ եկեղեցւոյ շօշափելի արարք, համապատասխանելու համար որեւէ արմատականութեան ու հանգստաւէտութեան ձեւերէ՝ դուրս գալու մարտահրաւէրին ու փոխակերպուելու՝ հաղորդութեան թթխմորի, բոլոր անոնց հետ որոնք յոյսի ապագան կը որոնեն , յատուկէն արուարձաններուն մէջ ապրող երիտասարդներուն եւ ընտանիքներուն հետ:

Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց այն առումով, որ ազգային 5-րդ հաւաքը, շարունակութիւնն է նախորդ հաւաքներուն որ կը ճանչնայ եւ կ՝արժէքաւորէ կաթողիկէ սպանացիներուն յատուկ պարգեւները:

Ան դիտել տուաւ որ այս հանդիպումի փորձառութիւնը մաս կը կազմէ ՝ նորոգումի, միսիոներական սլացքին, աւելի վսեմ գործընթացին, որուն կանչուած են բոլոր տեղական եկեղեցիները, մշակութային եւ մարդկային հարուստ բազմազանութեամբ:

Ֆրանչիսկոս պապ յայտնեց, թէ ինք քաջ գիտակից,որ այս հանդիպումի գործընթացը, սփոփանք պատճառած է, վախի եւ անկայուն վիճակի մէջ ապրող բազմաթիւ գաղթականներուն, պարգեւելով անոնց , հասարակութեան իմաստին, բարեկամութեան եւ աջակցութեան մասին աւելի մեծ գիտակցութիւն:

Ան յարեց, որ հաւաքը, շնորհքի գործիք հանդիսացած է, որ դարձի բերած է բազմաթիւ անձերու սիրտերը։ Ֆրանչիսկոս Պապ յոյս յայտնեց որ այս 5-րդ հանդիպումը շարունակէ պտղաբեր ըլլալ։ Յոյս յայտնեց, որ տեղական եկեղեցիները մտածեն թէ ինչ ձեւով կարելի է արձագանգել սպանացի հաւատացեալներուն աճող ներկայութեան, Երիտասարդներուն եւ ընտանիքներուն պարգեւներուն ու անոնց կարողութեան :

Ան ապա իր աղօթքը ապահովեցուց, որպէսզի այս 5-րդ հանդիպումը շարունակէ նպաստել ընկերութեան վերանորոգումի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ եկեղեցւոյ առաքելութեան:

Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած ճառը աւարտեց իր երախտագիտութիւնը յայտնելով բոլոր անոնց որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս հաւաքին եւ պիտի մասնակցին յաջորդ հաւաքներուն, ապահովեցնելով իր մօտիկութիւնը ու աղօթքը այս ձեռնակը կազմակերպող եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին:

Ձեզ բոլորդ կը յանձնեմ Կուատալուփէի Տիրամօր հովանիին, խնդրելով Աստուածամայրէն որ իր հայեացքին տակ առնէ ձեզ բոլորդ, ըսաւ Քահանայապետը ու Տիրոջ օրհնութիւնը հայցելով իւրաքանչիւրին հ վրայ,խնդրեց որ չի մոռնան աղօթել իրենց համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2018, 09:12