Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը. Պալթեան երկիրներու առաքելական ճամբորդութիւնը:

Նորին Սրբութեան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան նիւթը եղաւ Պալթեան երկիրներու առաքելական ճամորդութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր, 26-ին, առաւօտեան, Պալթեան երկիրներուն առաքելական այցելութեան յաջորդ օրը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ գլխաւորեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, ներկայութեամբ հազարաւոր ուխտաւորներուն՝ ժամանած Իտալիայէն եւ աշխարհի զանազան վայրերէն:

Այսօրուան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան նիւթը եղաւ Պալթեան երկիրներու հովուական առաքելական այցելութիւնը։

Արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ այդ երկիրներու ժողովուրդները հարիւր տարի ամբողջ ապրեցան նախ Նացիական ապա Սովետական տիրապետութեան տակ, ազգեր որոնք շատ տառապեցան եւ այս պատճառաւ է որ Տէրը անոնց նախասիրութեամբ նայեցաւ:

Սրբազան Հայրը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց վերոնշեալ երեք երկիրներուն նախագահներուն, քաղաքացիական իշխանութիւններուն իրեն վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար: Շնորհակալութիւն յայտնեց Եպիսկոպոսներուն եւ բոլոր անոնց որոնք համագործակցեցան պատրաստելու եւ իրականացնելու առաքելական սոյն ճամբորդութիւնը:

Նորին Սրբութիւն անդրադարձաւ Պալթեան երեք երկիներուն մէջ գտած մթնոլորտին, դիտել տալով, որ շատ փոխուած է այդ երկիրներուն մթնոլորտը ՝բաղդատմամբ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին այցելութեան եւ հետեւաբար Իր առաքելութիւնը եղաւ, դարձեալ հռչակել աւետարանի ուրախութիւնը այդ ժողովուրդներուն ինչպէս նաեւ ողորմածութեան, քնքշութեան յեղափոխութիւնը, դիտել տալով որ բաւ չէ կեանքի իմաստը լիացնել, առանց սիրոյ՝ Աստուծմէ բխած սէրը, ընդծծելով որ Աւետարանը կեանքի աղն է, որ համ կու տայ առօրեայ կեանքին, զանց ընելով զայն կաշառակերութենէն, անձնասիրութենէն եւ կեղծաւորութենէն:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ վերոնշեալ Պալթեան երկիրներու քրիստոնեայ համայնքներուն, յայտնելով որ Լիթուանիոյ մէջ կաթողիկէները ,ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կը կազմըն, մինչ Լաթւիոյ եւ Էսթոնիայի մէջ Լուտերականներուն եւ օրթոտոքսներուն թիւը աւելի բարձր է , ընդգծելով որ այդ երկիրներուն մէջ շատեր հեռացած են կրօնական կեանքէն եւ այս ուղղութեամբ յորդորած է ամրապնդել բոլոր քրիստոնեաներուն միջեւ հաղորդութիւնը, որ արդէն զարգացած է՝ դաժան հալածանքներուն ժամանակամիջոցին, դիտելով տալով նաեւ որ պալթեան երկիրներու ճամբորդութիւնը բնորոշուած է համամիութենական ծաւալով, որ իր գագաթնակէտին հասաւ Ռիկայի մայր տաճարի մէջ համամիութենական աղօթքի արարողութեան մէջ եւ Թալլին մայրաքաղաքին մէջ երիտասարդներուն հանդիպումի ընթացքին:

Սրբազան Հայր ապա նկատել տուաւ, որ ինք իր այցելած երկիրներու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին քաջալերած է խթանել երկխօսութիւնը՝ երիտասարդ եւ տարեց սերունդներուն միջեւ, որպէսզի արմատներու զօրաւոր կապով , երիտասարդները կարենան շարունակել բեղուն դարձնել ներկան եւ ապագան:

Սրբազան Հայր ակնարկեց երիտասարդներուն եւ տարեցներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն յարելով թէ այս ուղղութեամբ երկու յատուկ հանդիպումներ ունեցած է առաջինը Վիլնիուս Քաղաքի մէջ երիտասարդներուն հետ երկրորդ Ռիկա քաղաքին մէջ տարեցներուն հետ:

Անդրադառնալով Վիլնիւս Քաղաքին մէջ ունեցած երիտասարդներու հանդիպումին Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց թէ հրապարակը լի էր երիտասարդներով եւ երիտասարդուհիներով ուր զգալի էր Լիթուայի առաքելական ճամբորդութեան բնաբանը «Յիսուս Քրիստոսը մեր յոյսը»:

Մինչ՝Լիթուայի մէջ տարեցներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին ընդգծած է յոյսի եւ համբերութեան միջեւ սերտ կապակցութիւնը, դիտել տալով որ բոլոր անոնք որոնք ապրած են դաժան ժամանակներուն անոնք ժողովուրդի արմատներն են:

Սրբազան Հայրդ անդրադարձաւ Լիթուայի մէջ Քահանաներու, կրօնաւորներուն եւ նորընծաներու հետ ունեցած հանդիպումի նկատել տալով որ այդ հանդիպումի ընթացքին ի յայտ եկած է յոյսի ի սպաս՝ յարատեւութեան ծաւալը, կեդրոնանալով Աստուծոյ վրայ եւ հաստատօրէն արմատանալով Անոր Սիրոյ մէջ:

Սրբազան Հայր դիտել տուաւ, որ այդ կրօնաւորները մեծ վկայութիւններ տուին զրպարտութեան պատճառաւ տառապողներու,բանտարկեալներու եւ բռնի տեղահաններուն մասին, սակայն անոնք հաստատ մնացին իրենց հաւատքին մէջ:

Սրբազան Հայր ապա յարեց թէ Վիլնիոսւ քաղաքին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Լիթուանիոյ մէջ հրէաներու ցեղասպանութեան զոհերուն, ճիշդ 75 տարի ետք Հրէաներուն թաղամասին փակումին որ անցեալին մէջ եղած է տասնեակ հազարաւոր հրէաներու սպանութեան վայրը: Միեւնոյն ժամանակ ըսաւ Սրբազան Հայրը այցելեց բռնատիրութեան թանգարանը եւ հոն աղօթեց բանտարկեալներու եւ այդ ժամանակուան համակարգի ընդդիմադիրներու դէմ կատարուած խոշտանգումի եւ մահուան սենեակները :

Սրբազան Հայր դիտել տուաւ բռնատիրութեան տարիները կ՝անցնին ՝սակայն Վիլնիւսի «Աւրորա» դուռը, Ողորմածութեան Մայրը կը շարունակէ հսկել իր ժողովուրդի վրայ որպէս մխիթարանքի ապահովութեան եւ յոյսի նշան

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց հրապարակային ունկնդրութիւնը դիտել տալով որ Քաունաս, Ակլոնա եւ Թալլին երեք մայրաքաղաքներուն մէջ մատուած Սուրբ Պատարագի արարողութեան մէջ այդ քաղաքներու մէջ ընթացող ժողովուրդները իրենց այոն վերանորոգեցին Քրիստոսին, որ է յոյսը, վերանորոգեցին այոն ՝Տիրամօր որ միշտ կը յայտնուի որպէս մայր իր զաւակներուն, յատուկէն տառապողներուն եւ Անոնք իրենց այոն վերանորոգեցին որպէս ընտրեալ ժողովուրդ, քահանայական եւ Սուրբ Ժողովուրդ, որոնց սիրտին մէջ Աստուած կը վերազարթնէ Մկրտութեան շնորհքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2018, 11:11