Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Իտալիոյ ոստիականութեան. միշտ նեցուկ կանգնիլ վերջիններուն:

Իւրաքանչիւր անարդարութեան արարք , նախ եւ առաջ կը հարուածէ աղքատները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Իտալիոյ ոստիկանութեան պաշտպան սուրբի՝ Գաբրէէլ հրեշտակապետին տօնին առիթով, շաբաթ, սեպտեմբեր 29-ին,Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց Իտալիոյ ազգային ոտիկանական ընկերակցութեան անդամները:

Այս առթիւ անոնց ուղղած իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ոստիկանութեան յանձնարարեց յատուկէն նեցուկ գտնուիլ տկարներուն եւ խոցելիներուն դիտել տալով, անոնք պաշտպանուելու եւ գոյատեւելու քիչ միջոցներ ունենալու պատճառով է որ, ենթարկուած են կործանումին, աւելցնելով որ իւրաքանչիւր անարդարութեան արարք , նախ եւ առաջ կը հարուածէ աղքատները եւ բոլոր անոնք որոնք զանազան պատճառներով իրենք զիրենք վերջիններ կը համարեն. պատերազշի, թշուառութեան պատճառաւ իրենց օճախները ձգող մարդիկ, որոնք ստիպուած՝ զեռոյէն կը վերսկսին, ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա ընդգծեց, թէ իտէալներն ու սկզբունքներն են, որ ոստիկանութիւնը կը վերածեն մեծ ընտանիքի, բաց՝ բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք յանձնառու են հասարակաց բարիքին՝ ընկալելու համար իւրաքանչիւր քաղաքացի եւ պաշտպանելու՝ արդարութեան, յարգանքի եւ ապահովութեան մշակոյթը:

Սրբազան Հայրը յիշեցնելով Քրիստոնէութեան արժէքները՝ եղբայրսիրութիւնը, կիներու նկատմամբ յարգանքը, հիւանդներու ու մանուկներու հանդէպ յարգանքը, որոնցմէ յառաջ կու գայ մշակութային իսկական փոփոխութիւն մը,  նկատել տուաւ որ զօրակցութեան եւ խաղաղութեան արժէքներն են որ կը փոխեն աշխարհը,  որովհետեւ անոնք կը վերանորոգեն միջանձնային եւ ընկերային յարաբերութիւնները : Եղբայրսիրութիւնն է որ կը փոխէ աշխարհն ու պատմութիւնը նոյնիսկ եթէ շատ շուտ չենք անդրադառնար անոր հետեւանքներուն: ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով սա մեր նպատակը եւ սա է ձեր ազգային ոստիկանական ընկերակցութեան սատարած նպաստը, ամէն անգամ որ Սուրբ Գաբրիէլ հրեշտակապետին օրինակին հետեւով կը հակառակիք մարդը վիրաւորող եւ կործանող իրողութիւններուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2018, 14:54