Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը աղօթելու Չինաստանի կաթողիկէ եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար:

Նորին Սրբութեան կոչը ի տես Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան միջեւ ստորագրուած ժամանակաւոր համաձայնագիրին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 26-ին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց աղօթքով ընկերանալու Չինաստանի մեր եղբայյներուն եւ քոյրերուն:

Կոչին սկիզբը Սրբազան Հայրը անդրադառնալով անցեալ սեպտեմբեր 22-ին, Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան միջեւ ստորագրուած ժամանակաւոր համաձայնագիրին՝ հայող Չինաստանի մէջ եպիսկոպոսներուն անուանումին, յայտնեց թէ սոյն համաձայնութիւնը պտուղն է երկար երկխօսութեան մը ուղեւորութեան, որուն նպատակն է դրական օրէն նպաստել Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի իշխանութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը , Չինաստանի մէջ կաթողիկէ հասարակութեան բարիքին համար ինչպէս նաեւ համայն ընկերութեան համերաշխութեան ի սպաս:

Սրբազան Հայրը ապա յայտնեց թէ այսօր լոյս պիտի տեսնէ, Չինաստանի կաթողիկէներուն եւ համայն տիեզերական եկեղցւոյ ուղղուած իր եղբայրական քաջալերանքի պատգամը, որուն միջոցաւ ինք մաղթանք կը յայտնէ որ Չինաստանի մէջ բացուի նոր հանգրուան մը, որ օժանդակէ անցեալի վէրքերը ամոքելու եւ վերահաստատելու Չինաստանի մէջ համայն կաթողիկէներուն միջեւ հաղորդութիւնը:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ըսաւ Սրբազան Հայրը կարեւոր պարտականութիւն ունինք կատարելիք. կանչուած ենք աղօթքի միջոցաւ ընկերանալու Չինաստանի մէջ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն: Անոնք քաջ գիտեն որ մինակ չեն: Համայն եկեղեցին անոնց հետ ու անոնց համար կ՝աղօթեն: ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա հրաւիրեց, Սուրբ Կոյս Մարիամէն Յոյսի եւ Քրիստոնեաներուն օգնութեան մայրէն հայցել, որ օրհնէ ու պահպանէ Չինաստանի մէջ բոլոր կաթողիկէները եւ համայն Չինաստանի ժողովուրդին համար Աստուծոյ խաղաղութեան եւ բարգաւաճութեան պարգեւները:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2018, 11:51