Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 9 սեպտեմբերի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Յիսուս մարդեղացաւ որպէսզի մարդը՝ որ խուլ ու համր դարձած էր մեղքին պատճառաւ, կարողանայ ունկնդրել Աստուծոյ խօսքը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 9 սեպտեմբեր 2018-ի կէսօրին  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւնը մը, ներշնչուելով օրուան Աւետարանական հատուածէն, քաղուած Մարկոս Աւետարանիչէն (7,31-37), ուր Յիսուս  խուլ ու համր մարդ մը կը բժշկէ։

Ունկնդրէ լուրը

«Յիսուս հիւանդը մէկդի կը տանի» ըսաւ Քահանայապետը որովհետեւ Ինք ժողովրդականութիւն չէր փնտռէր, ալ կը փափաքէր միայն մարդոց բարիքը։

Այս իր վարուելակերպով Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ թէ բարիքը պէտք է կատարուի լռելեան եւ ոչ թէ թմբկահարութեամբ, յարեց Սրբազան Քահանայապետը, ապա մատնանշեց Յիսուսի հրաշքին՝ երբ մատները դրաւ համր ու խուլին ականջներուն մէջ եւ թուքով դպաւ անոր լեզուին,  ապա երկինք նայելով՝ հառաչեց ու ըսաւ «Եփփաթա», (որ ըսել է Բացուէ՛.)  Եւ իսկոյն անոր ականջները բացուեցան ու անոր լեզուին կապը քակուեցաւ եւ շիտակ կը խօսէր։  

«Յիսուս երկինք նայելով ուզեց մեզի հասկացել թէ հրաշքը կը կարարուի Աստուծոյ հետ միութեան մէջ» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը նկատել տալով թէ Յիսուս մեզի բացայայտեց հրաշքին գաղտնիքը, որ մենք եւս կարող ենք իրագործել, դառնալով այն «եփփաթային» դերակատարները, մենք եւս բացուելով մեր եղբայրներու կարիքներուն, մեր սիրտը բանալով անոնց, ու լիակատար կերպով ապրելով Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը։

Յիսուս արդարեւ մարդեղացաւ որպէսզի մարդը՝ որ խուլ ու համր դարձած էր մեղքին պատճառաւ, կարողանայ ունկնդրել Աստուծոյ խօսքը, որ սրտին խօսող  սիրոյ խօսք է, ու սորվի իր կարգին խօսիլ այդ սիրոյ լեզուն, զայն արտայայտելով վեհանձնութեան եւ անձնուիրումի արարքներով, յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզի համար ընդունի «Եփփաթայի» հրաշքը, որպէսզի ապրինք  Աստուծոյ ու մեր եղբայրներուն հետ հաղորդութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2018, 13:00