Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին սեպտեմբեր մէկի գործունէութիւնը՝ Գործատէրերու հետ հանդիպում ։

Քահանայապետը հրաւիրեց ձեռնարկատէրերը հետեւելու Սուրբ Ֆրանչիսկոսի օրինակին, «խնամելով այն ինչ որ աւելի տկար է ու գործելով ի նպաստ համապարփակ բնապահպանութեան»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ մէկ սեպտեմբեր 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, իր աշխատանքային օրակարգը սկսաւ իր գրասենեկային մէջ ընդունելով Ֆիլիփինեան կղզեխումբի Սուրբ Աթոռի մօտ նոր նշանակուած դեսպան Տիկին  Կրէյս Ռելուչօ Փրինչեսան, հաւատարմագրերու յանձնման առթիւ։  Սրբազան Հայրը ապա ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը կարդինալ Մարք Ուելլէն, որմէ ետք յաջորդաբար ընդուեց Պուլկարիայի մօտ առաքելական նուիրակ՝ գերապայծառ Անսելմօ Կուիտօ Փեքորարի եւ Քուպայի մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Ճորճօ Լինկուա, մինչ ժամը 12-ին Սրբազան Հայրը առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց 100 ձեռնարկատէրերու, որոնք Հռոմի մէջ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այսօր յիշատակուող արարչագործութեան խնամակալութեան աղօթքի օրուան նուիրուած հանդիպումի մը։

Ունկնդրէ լուրը

Ձեռնարկատէրերուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը  բարի գալուստ մաղթելով անոնց գնահատեց անոնց գործունէութիւնն ու յանձնառումը կայունութեան օգտին։   Ան ապա հրաւիրեց ներկաները հետեւելու Սուրբ Ֆրանչիսկոսի օրինակին, «խնամելով այն ինչ որ աւելի  տկար է ու գործելով ի նպաստ համապարփակ բնապահպանութեան»։  

«Սուրբ Ֆրանչիսկոսի համար մարդոց ու իրերու հետ շփումը կը դառնայ Արարիչին հետ հանդիպում եւ այս իր Աստուծոյ վրայ ունեցած հաւատքէն է որ յառաջ եկած է անոր առաքելութիւնը ի նպաստ արդարութեան, խաղաղութեան եւ արարչագործութեան յարգանքին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով թէ «մեզմէ իւրաքանչիւրը եւս յատուկ պատասխանատուութիւն ունի մեր մոլորակի ապագայի նկատմամբ» ու այս ծիրէն ներս շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ որ «տնտեսութիւնը պէտք է դրուի մարդուն ծառայութեան տակ» ու շնորհիւ արուեստագիտութեան մեզի տրամադրած հնարաւորութիւններուն «հարկաւոր է օգնել նաեւ աղքատ երկիները որպէսզի անոնք եւս կարողանան ձգտիլ կայուն եւ համապարփակ զարգացումին» - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը  որ խօսքի աւարտին մաղթեց որ ժամանակակից մարդիկ եւ կիներ միշտ աւելիով աշխատին ու գործեն՝ որպէսզի «բոլորը կարողանան կիսել երկրին թանկագին կենսամիջոցները» հուսկ քաջալերեց ներկաները իրենց սատարը տալու այդ ծիրէն ներս անոնց վրայ հայցելով Տիրոջ Օրհնութիւնները ու ինչպէս միշտ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2018, 12:30