Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ «Ground Zero» ի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ «Ground Zero» ի մէջ 

Քահանայապետերն ու 11 սեպտեմբերը՝ «սէրը աւելի հզօր է ատելութենէն»։

Այսօր կը յիշատակուի Ամերիկայի Նիւ Եորքի խորհրդանիշ «երկուորեակ աշտարակներու» դէմ գործադրուած ահաբեկչական արարքին 17-րդ տարեդարձը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր կը յիշատակուի Ամերիկայի Նիւ Եորքի խորհրդանիշ «երկուորեակ աշտարակներու» դէմ գործադրուած ահաբեկչական արարքին 17-րդ տարեդարձը։ Արարք մը որ ամբողջութեամբ փոխեց մարդկութեան կեանքն ու անոր առօրեան։

Ահաբեկչութեան բարբարոսութեան դիմաց՝ Հռոմի Եկեղեցւոյ երեք վերջին քահանայապետերը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, Պենետիկտոս ԺԶ եւ Ֆրանչիսկոս Պապ, կոչ ուղղեցին մարդկութեան՝ զգուշանալու ատելութեան ալիքէն ու քալելու սիրոյ ճանապարհին վրայ, որ միակն է որ կարող է յաղթահարել ատելութեան ու բռնութեան բոլոր իրականութիւնները։

11 սեպտեմբեր 2011-ին յաջորդող օրը՝ չորեքշաբթի մըն է։ Աւանդութեան համաձայն երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ  գլխաւորեց Հրապարակային ունկնդրութիւնը։ Այնտեղ համախմբուած հաւատացեալներուն մտքին ու հայեացքներուն մէջ տակաւին թարմ էին մէկ օր առաջ պատահած ահռելի արարքին պատկերները, պատկերներ որոնց ականատես եղաւ նաեւ Յովհանէս Պօղոս Բ Քահանայապետը, ու չի կարողանալով կապի մէջ մտնել Միացեալ Նահանգներու այն ժամանակուայ նախագահ՝ Ժորժ Պուշին հետ, հեռագիր մը յղեց որուն մէջ ապահովեցուց իր աղօթքները, խօսելով  «սարսափի» եւ «անմարդկային յարձակումի» մասին։ Ունկնդրութեան ընթացքին, խօսնակը հաւատացեալներուն հաղորդեց  թէ «Սրբազան Հայրը կը խնդրէ որ ծափահարութիւններ չի կատարուին» ու աւելի ուշ՝ երբ Վոյթիլա Քահանայապետը անդրադարձաւ 11 սեպտեմբերի իրողութեան յարեց՝ թէ «այդ եղաւ մարդկութեան պատմութեան համար սեւ օր մը», ու «մարդկային արժանապատուութեան  դէմ սարսափելի յարձակում»։ «Սակայն, դիտել տուաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը, հաւատացեալին սիրտը, նոյնիսկ ամենէ խաւար պահերու ընթացքին, գիտէ թէ մահն ու չարը չեն կարող ունենալ վերջին խօսքը» այսուհետեւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած «որպէսզի ատելութեան ու բռնութեան պարոյրը չի գերակայէն» ու Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ  բոլորին մէջ ծնունդ առնեն «իմաստութեան միտքեր ու խաղաղութեան դիտաւորութիւններ»։

Մի քանի օրեր ետք Ղազախստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Վոյթիլա Քահանայապետը կոչ ուղղեց քրիստոնեաներուն ու այլ կրօններու պատկան հաւատացեալներուն  միասին գործելու՝ կառուցելու համար «բռնութենէ զերծ աշխարհ մը, աշխարհ մը որ կը սիրէ կեանքը եւ կը ծաւալի արդարութեան եւ զօրակցութեան հոգիով»։ «Կրօնը պէտք չէ երբեք օգտագործուի որպէս հակամարտութեան պատճառ» աւելցուց Ան, հրաւիրելով քրիստոնեաներն ու մահմետականները թախանձագին «աղօթելու Միակ Ամենակալ Աստուծոյ, որպէսզի աշխարհին մէջ տիրէ խաղաղութեան հիմնական բարիքը»։

11 սեպտեմբերի արարքներն 7 տարիներ ետք՝ 20 ապրիլ 2008-ին,  Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ յաջորդ՝ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը կ՛այցելէ ահաբեկչութեան արարքին վայրը «Ground Zero»ն, ուր հանդիպում կ՛ունենայ ահաբեկչութեան զոհերու ընտանիքներուն հետ ու այնտեղ կը վարէ մոմ մը ի յիշատակ բոլոր զոհերուն, ապա լռելեան կ՛աղօթէ անոնց համար հայցելով «սիրոյ, կարեկցութեան ու հաշտութեան Աստուծմէ՝ խաղաղութիւն մեր բռնութեամբ լի աշխարհին համար»։ Եօթը տարիներ աւելի ուշ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետն է որ այս անգամ կ՛այցելէ  « Ground Zero»ի յուշահամալիրը ուր կոչ կ՛ուղղէ որպէսզի բոլոր կրօնները միասին աշխատին խաղաղութեան համար, հակազդելու Աստուծոյ անունին շահագործումը։ Այն օր այնտեղ համախմբուած էին այլ կրօններու ներկայացուցիչներ որոնք միասին աղօթեցին ահաբեկչութեան ու պատերազմի դէմ, մինչ Սրբազան Պապը յորդորեց մէկդի դնել ատելութեան, ոխի ու վրէժխնդրութեան զգացումները, որպէսի կարենանք Երկնքէն հայցել պարգեւը՝ «յանձնառու ըլլալու խաղաղութեան դատին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2018, 10:23