Արարչագործութեան  խնամքի Աղօթքի համաշխարհային օր Արարչագործութեան խնամքի Աղօթքի համաշխարհային օր 

2018-ի Արարչագործութեան խնամքի Աղօթքի համաշխարհային օրուան պատգամը։

«Ջուրին յարգանքը որպէս թանկարժէք միջոց ու ջուրին մատչելիութիւնը որպէս մարդկային իրաւունք»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ սեպտեմբեր մէկին կը յիշատակուի Արարչագործութեան  խնամքի աղօթքի համաշխարհային չորրորդ օրը։  Օրը հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ, 10 օգոստոս 2015-ին, եւ ունի Էքումենիք - համամիութենական- բնոյթ­, տրուած ըլլալով որ ան կը յիշատակուի օրթոտոքս եկեղեցւոյ հետ միասին։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս աղօթքի օրուան առթիւ կ՛ուզեմ գոհութիւն մատուցել Տիրոջ, հասարակաց տան պարգեւին համար ու բոլոր այն բարի կամք ունեցող մարդոց համար որոնք յանձնառումով կը գործեն այդ հասարակաց տունը  պահպանելու»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը սկսի Արարչութեան պահպանումին աղօթքի նուիրուած միջազգային օրուան առիթով, շաբաթ 1 սեպտեմբեր 2018-ին հրապարակած իր պատգամը, որուն բնաբանն է «Ջուրը իր երկու երեւոյթներով, ջուրին յարգանքը՝ որպէս թանկարժէք միջոց ու ջուրին մատչելիութիւնը, որպէս մարդկային իրաւունք»։

Սրբազան Հայրը նկատել կու տայ թէ ընդունելու ենք որ չի կարողացանք պատասխանատուութեամբ պահպանել  արարչագործութիւնը, ակնարկելով բնապահպանութեան  իրավիճակին որ «կարելի չէ գոհացուցիչ նկատել» կը գրէ Ան,  շեշտելով մարդկութեան ու արարչութեան միջեւ վերանորոգուած եւ առողջ յարաբերութեան անհրաժեշտութիւնը։

«Արարչութեան պահպանումի աղօթքի համաշխարհային օրուան առթիւ,  զոր կաթողիկէ Եկեղեցին կը յիշատակէ   օրթոտոքս քոյր եկեղեցւոյ  հետ միասին, կ՛ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել ջուրի հարցին վրայ, որ է պարզ եւ թանկագին տարր մը եւ որ սակայն մատչելի չէ շատերուն, թէեւ ըմպելի ջուրին մատչելիութիւնը՝ մարդկային հիմնական ու տիեզերական իրաւունք մըն է, որովհետեւ կը հայի մարդկային  կեանքի գոյատեւման» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ  պատգամին մէջ նշելով թէ «աշխարհը ընկերային մեծ պարտք մը ունի այն աղքատներուն նկատմամբ որոնք խմելիք ջուր չունին», ուստի անոնց ժխտուած է նաեւ կեանքի իրաւունքը՝ արմատացած անոնց անքակտելի արժանապատուութեան մէջ։

«Ջուրը մեզ կը հրաւիրէ խորհրդածելու մեր ծագումի մասին։ Մարդկային մարմինը կազմուած է մեծամասնութեամբ ջուրէ եւ բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններ, պատմութեան հոլովոյթին, ծնունդ առին ջուրի հոսքերու մօտ որոնք դրոշմեցին նաեւ անոնք ինքնութիւնը» կը նշէ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ«հրամայական է խնամք տանիլ ջրային աղբիւրներուն ու աւազաններուն, որոնց համար անհրաժեշտ են  բաժնեկցուած ծրագիրներ ու շօշափելի արարքներ», հաշուի առնելով որ անընդունելի է մարդու իրաւունքը խախտող ջուրի որեւէ սեփականացումը։

«Քրիստոնեաներուս համար ջուրը կեանքի եւ բիւրեղացումի հիմնական տարր կը ներկայացնէ, ինչպէս Մկրտութեան խորհուրդին մէջ որ կը յատկանշէ մեր վերածնունդը…Յիսուս եւս իր առաքելութեան ընթացքին խոստացաւ այնպէսի ջուր մը՝ որ կարող է յագեցնել մարդուն ծարաւը. «Եթէ մէկը ծարաւի է թող ինծի գայ եւ թող խմէ»։ Ան ապա խաչին վրայ աղաղակեց «Ծարաւի եմ» ու ահա այսօր եւս մեզմէ կը խնդրէ որ ջուր տանք Իրեն,  այսօրուան բազմաթիւ ծարաւներուն միջոցաւ. «Ծարաւի էի եւ ջուր տուիք ինծի» կը թելադրէ Սրբազան Քահանայապետը որ յատուկ անդրադարձ կը կատարէ նաեւ Ովկիանոսներու եւ ծովերու հարցին մասին, դիտել տալով թէ «այդ անգնահատելի արժէք ունեցող բարիքը պահպանելը, անխուսափելի պատասխանատուութիւն մըն է» եւ է նաեւ «իսկական մահահրաւէր մը»  որուն համար հարկաւոր է բարի կամք ունեցող մարդոց միջեւ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ արդիւնաւէտ վերահսկումի կարգաւորումը։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ հրաւէր կ՛ուղղէ աղօթելու որպէսզի ջուրերը չ՛ըլլան ժողովուրդներու միջեւ բաժանումի նշան, այլ մարդկային հասարակութեան համար հանդիպում։

«Աղօթենք որպէսզի ան որ իր կեանքը կը վտանգէ ալիքներուն վրայ փրկութիւն ընդունի։ Հայցենք Տիրոջմէ ու անոնցմէ որոնք քաղաքականութեան վսեմ ծառայութիւնը կը մատուցեն, որպէսզի մեր դարաշրջանի զգայուն հարցերը՝ ինչպէս են գաղթականութիւնը, կլիմայական փոփոխութիւններն ու կենսական միջոցներու իրաւունքի բոլորին մատչելիութիւնը, դիմագրաւուին ամենայն պատասխանատուութեամբ,ապագայի հեռատեսութեամբ եւ համագործակցութեան հոգիով» կը գրէ  Սրբազան Հայրը պատգամին մէջ որուն աւարտին կը մատնանշէ նոր ու երիտասարդ սերունդներուն, հրաւիրելով աղօթել նաեւ անոնց համար, որպէսզի աճին հասարակաց տան ճանաչումի ու անոր յարգանքի մէջ, իղձ ունենալով խնամք տանիլ նաեւ ջուրին, ի յօգուտ բոլորի բարիքին։

«Մաղթանքս է որ քրիստոնեայ հասարակութիւնները միշտ աւելիով ու գործնականապէս իրենց սատարը բերեն որպէսզի բոլորը կարենան օգտուիլ այդ անհրաժեշտ կենսամիջոցէն, յարգալիր կերպով պահպանելով Արարիչէն ընդունած պարգեւները, յատկապէս ծովերու եւ ովկիանոսներու ջուրի հոսքերը» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով պատգամը։

 

Տուեալ ի Վատիկան 1 սեպտեմբեր 2018 ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2018, 12:00