Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներուն ծիսական ժամանակացոյցը։

3 Հոկտեմբերին բացում Եպիսկոպոսական 15-րդ սովորական սիւնհոդոսին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 4 սեպտեմբերին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներուն գլխաւորելիք ծիսական արարողութիւններուն օրակարգը,  որուն ծիրէն ներս կը նշուի թէ Նորին Սրբութիւնը՝  շաբաթ 15 սեպտեմբերին հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Փալերմօ քաղաքին, Երանելի Հայր Ճուզեփփէ Փուլյիզիի նահատակութեան 25-րդ տարեդարձին առթիւ, ապա 22 սեպտեմբերին Ան չորս օր տեւող 25-րդ առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս կ՛այցելէ Լիթուանիան, Լեթթոնիան եւ Էսթոնիան։

Հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին Քահանայապետին գլխաւորելիք արարողութիւնները սկիզբ կ՛առնեն չորեքշաբթի 3 Հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ գլխաւորած Սուրբ Պատարագով, որով  բացումը կը կատարուի Եպիսկոպոսական 15-րդ սովորական սիւնհոդոսին, որուն նիւթը պիտի ըլլայ «երիտասարդները, հաւատքը ու կոչումի զատորոշումը»։

14 հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած Սրբադասումի Սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Եկեղեցւոյ Սուրբերու շարքին պիտի դասէ  հետեւեալ Երանելիները. Պօղոս Զ Պապը, գերապայծառ Օսքար Արնուլֆօ Ռոմերօ Կալտամեսը, Երանելի Ֆրանչեքսօ Սփինելլին, Երանելի Վինչենցօ Ռոմանոն, Երանուհի Մարիա Քաթերինա Քասփերը, Երանհուի Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի Նացարիա Ինիացիան եւ երանելի Նունցիօ Սուլփրիցիոն։

Ապա կիրակի  28 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի կեդրոնական խորանին վրայ մատուցած Սուրբ պատարագով, փակումը կը կատարէ Եպիսկոպոսներու 15-րդ  սիւնհոդոսի աշխատանքներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2018, 13:00