Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Յարգէ քու հայրդ ու մայրդ» Հրապարակային ունկնդրութիւն. Պատուիրանները։

«Պատուել ուրեմն կը նշանակէ ընդունիլ ու ճանչնալ այդ արժէքը՝ ծնողներու արժէքը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Զաւակնե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ծնողներուն՝ Տէրոջմով, որովհետեւ ա՛յդ է իրաւացին:Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ, (որ առաջին պատուիրանն է խոստումով,) որպէսզի բարիք ըլլայ քեզի, ու երկար ապրիս երկրի վրայ: Եւ դո՛ւք, հայրե՛ր, մի՛ բարկացնէք ձեր զաւակները, հապա մեծցուցէ՛ք զանոնք Տէրոջ կրթութեամբ ու խրատով  (Եփեսացիներուն 6, 2-3)

«Սիրելի Եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս,  տասը պատուիրաններու մեր ճանապարհորդութեան ծիրէն ներս, այսօր կը խօսինք հայրերու եւ մայրերու հայող պատուիրանի մասին։ Կը խօսուի ծնողները պատուելու մասին»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ 19 սեպտեմբեր 2018-ին, սկիզբ տուաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան, հարց ուղղելով  «Ի՞նչ է այդ պատիւը» ու պատասխանելով թէ Հրեաներու մօտ պատիւ բառը կը նշանակէ փառք, արժէք, ծանրութիւն, իրականութեան մը տոկունութիւնը։

«Պատուել ուրեմն կը նշանակէ ընդունիլ ու ճանչնալ այդ արժէքը» յարեց Սրբազան Պապը ու պատուել հայրն ու մայրը կը նշանակէ ընդունիլ անոնց կարեւորութիւնը, «սակայն այս ալ բաւարար չէ» աւելցուց Ան ակնարկելով պատուիրանի երկրորդ հատուածին «Պատուէ հայրդ ու մայրդ, այնպէս ինչպէս Տէրը՝ Քու Աստուածդ հրահանգեց քեզի,  որպէսզի աշխարհի վրայ երկար կեանք ունենաս եւ երջանկութիւն վայելես,  այն երկրին մէջ զոր Քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի»։

«Երջանկութիւն բառը տասը պատուիրաններու մէջ ի յայտ կու գայ միայն ծնողներուն հետ կապի մէջ» յարեց Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով թէ «մարդաբանական ուսումները  թը բացայայտեն թէ՝ հասկնալու համար զաւկի մը, մանուկի մը փորձառութիւնը, պէտք է վերադառնալ անոր մանկութեան օրերուն որոնք կը դրոշմեն անոր անձնաւորութիւնը»։

Չորրորդ պատուիրանը այլապէս ուղղուած չէ ծնողներուն այլ զաւակներուն՝ նկատի առած ծնողներու հետ անոնց յարաբերութիւնները։ Պատուիրանը զաւակներուն արարք մըն է, անկախ ծնողներու արժանիքներէն, ու կը բացայայտէ արտակարգ իրողութիւն մը. նոյնիսկ եթէ բոլոր ծնողները բարի չեն ու բոլոր մանկութիւնները ուրախ չեն, բոլոր զաւակները կարող են ապրիլ երջանիկ որովհետեւ լիակատար ու երջանիկ կեանքի ձգտումը կախեալ է այն արդար յարգանքէն՝ հանդէպ անոնց որ մեզի աշխարհ բերին։

«Բազմաթիւ սուրբեր ու աւելի մեծ թիւով քրիստոնեաները դժուար պատանեկութեան շրջան մը ունենալէ ետք ապրեցան լուսաւոր կեանք մը, որովհետեւ շնորհիւ Յիսուս Քրիստոսի՝ հաշտուեցան կեանքին հետ» ըսաւ Սրբազան Պապը մտաբերելով Սուրբ Քամիլլօ Տէ Լելլիսը որ անկարգ մանկութենէ մը ետք կառուցեց սիրոյ եւ ծառայութեան կեանք մը կամ Սրբուհի Ճուզեփփինա Պախիթան որ աճեցաւ ստրկութեան լուծին տակ եւ նոյնինքն Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բը որուն կեանքը յատկանշեցուեցաւ պատանի հասակին անոր մօր մահուան դրուագով։

«Որեւէ պատմութեան տէր մարդը այս պատուիրանին մէջ կը գտնէ ուղեցոյց մը որ զինք կը տանի դէպի Քրիստոս»։ Անոր մէջ է արդարեւ որ կը յայտնուի իսկական Հայրը որ մեզի կը շնորհէ վերէն ծնանելու պարգեւը։ Մեր կեանքին առեղծուածները կը լուսաւորուին երբ կը յայտնաբերենք թէ Աստուած ի սկզբանէ մեզի համար կը պատրաստէ կեանք մը՝ ուր ամէն մէկ արարք Անորմէ ընդունուած առաքելութիւն մը կը հանդիսանայ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ այն ժամանակ երբ մենք Աստուծոյ կը մօտենանք «Մեր վէրքերը կը սկսին դառնալ ուժականութիւն՝ երբ կը բացայայտենք թէ իսկական առեղծուածը «ինչու՞ն» չէ այլ «որո՞ւ» համար ինծի պատահեցաւ այդ մէկ բանը հարցումն է։ «Ո՞ր մէկ ծրագրին համար Աստուած զիս կաղապարեց իմ պատմութեանս ընդմէջէն» հարցումը ուղղելով, ամէն ինչ կը փոխուի ու կը դառնայ արժէքաւոր, ամէն ինչ կը դառնայ կառուցողական, եւ կը սկսինք յարգել մեր ծնողքը՝ զաւակներու ազատութեամբ ու ողորմածութեամբ ընկալելով անոնց սահմանափակումները - ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը շեշտելով ծնողները յարգելու կարեւորութիւնը ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց հաստատելով թէ «այս սքանչելի կեանքը պարգեւ մըն է՝ ոչ թէ պարտադրութիւն, Քրիստոսի մէջ վերածնիլը շնորհք մը է որ պէտք է ընկալենք ազատութեամբ, ան մեր մկրտութեան գանձն է, որուն մէջ Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ մեր հայրը կը դառնայ մէկ ու միակ՝ Երկնաւորը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2018, 10:17