Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը «Ո՞րն է իսկական ազատութիւնը»

«Իսկական սէրը՝ իսկական ազատութիւն է։ Սէրը ազատ կը դարձնէ մեզ նոյնիսկ բանտին մէջ, նոյնիսկ երբ տկար ու սահմանափակ ուժեր ունինք»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Հանգստութեան օրը զգուշութիւն ըրէ որ սուրբ պահես, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց։ Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործերդ ընես.  Բայց եօթներորդ օրը Տէրոջը քու Աստուծոյդ հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ո՛չ դուն, ո՛չ քու որդիդ, ո՛չ քու աղջիկդ, ո՛չ քու ծառադ ու աղախինդ, ո՛չ քու եզդ ու էշդ, ո՛չ քու անասունդ, ո՛չ ալ քու տանդ մէջ եղած օտարականը, որպէս զի քու ծառադ ու աղախինդ ալ քեզի պէս հանգստանան։  Միտքդ բեր թէ դուն Եգիպտոսի երկրին մէջ ծառայ էիր ու քու Տէր Աստուածդ զօրաւոր ձեռքով ու բարձր բազուկով քեզ անկէ հանեց. անոր համար քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց որ հանգստութեան օրը պահես»։

Հին կտակարանի երկրորդ օրինաց գիրգէն քաղուած սոյն հատուածին վրայ հիմնուելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ 12 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, ներկայացուց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը, որուն առթիւ շարունակեց խօսիլ տասը պատուիրաններու մասին։

Ունկնդրէ լուրը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօրուան  խորհրդածութեան ընթացքին դարձեալ կը խօսինք երրորդ պատուիրանի մասին, հայող հանգստեան օրուան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով Օրինաց Գիրգին ուր հանգստեան օրը ներկայացուած է որպէս «ստրկութեան շրջանի աւարտ» եւ ասոր համար  ծառան ու տանտէրը հանգիստ պիտի ընեն՝ յիշատակելու համար ազատագրումի Զատիկը։

«Ընդհանրապէս ստրուկները հանգիստ չեն ընէր, սակայն կան ստրկութեան բազմաթիւ ձեւեր,  ըլլայ ներքին ըլլայ արտաքին»  դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով մարդուն մտատանջութիւններուն ու բռնութեամբ ապրուած իրականութիւններուն ու հարց տալով եթէ արդեօք բանտարկուած մարդ մը կարող է ինքզինք ազատ զգալ ու թէ ներքին դժուարութիւններով տանջուած մարդ մը կարող է ազատ ըլլալ, ու նշեց թէ կան մարդիկ որոնք նոյնիսկ բանտերու մէջ կ՛ապրին ազատ հոգիով, որպէս օրինակ բերելով Սուրբ Մասսիմիլիան Քոլպէն ու Կարդինալ Վան Թուանը, որոնք՝ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, «խաւարի բռնատիրութեան վայրերը դարձուցին լոյսի վայրեր»։

«Ի՞նչ է ուրեմն իսկական ազատութիւնը» հարց տուաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով եսասիրութեան ստրկութեան որ կարող է դառնալ մարդուն դահիճը, անոր վրայ բանեցնելով խոր ճնշում։ Այս մէկը կը կոչուի «մեղք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատուելով թէ այդ կը նշանակէ «կեանքի գոյութեան ձախողութիւն» ու ստրկութեան իրավիճակ։

«Որկրամոլը, ագահը, դրամասէրը, զայրացողը, նախանձը, ծոյլը, հպարտը, ստրուկ են  իրենց մոլութիւններուն, որոնք զիրենք կը չարչարեն։ Չկայ հանգիստ որկրամոլին համար որ կ՛ապրի ինքնահաճոյքի համար, մինչ ունենալու ձգտումը կը կործանէ ագահը եւ զայրոյթի կրակը ու նախանձի ցեցը կը քանդեն յարաբերութիւնները ու ծուլութիւնը կեանքը անհանդուրժելի կը դարձնէ մինչ հպարտութիւնը խոր փոս մը կը բանայ մեր եւ ուրիշներուն միջեւ» դիտել տուաւ Քահանայապետը ապա հաստատեց «Իսկական ստրուկը՝ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ան է որ սիրելու կարողուին չունի»։

Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ այս երրորդ պատուիրանը մեզ կը հրաւիրէ ապրելու հանգիստը՝ որպէս ազատագրում մեղքէն,  որ մեզի քրիստոնեաներուս համար Յիսուս Քրիստոսի մարգարէութիւն է, որ կոտրեց մեղքի կապանքները ու մարդը դարձուց կարող սիրելու։ Սրբազան Պապը հուսկ  հաստատեց թէ «Իսկական սէրը՝ իսկական ազատութիւն է», ան մեզ հեռու կը պահէ ստացուածքներու կապէն, կը կառուցէ յարաբերութիւններ ու գիտէ ընկալել ու արժեւորել մերձաւորը, ամէն մէկ յոգնութիւն կը դարձնէ պարգեւ ու մեզ կարող կը դարձնէ հաղորդութեան։

«Սէրը ազատ կը դարձնէ մեզ նոյնիսկ բանտին մէջ, նոյնիսկ երբ տկար ու սահմանափակ ուժեր ունինք» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը շեշտելով թէ «այս է ազատութիւնը որ մենք կ՛ընդունինք մեր Փրկիչէն, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսէն, որ գիտէ յաղթահարել մեր սրտին ստրկութիւնը՝ իր սիրով եւ իր փրկութեամբ։ Ան որ մեզ սիրեց երբ քամուած էր խաչին վրայ ու մեր առաջեւ բացաւ մեր վախերը յաղթահարելու կարելիութիւնը, մեզի պարգեւելով իսկական ազատութիւնը։ Անոր մէջ ամէն մէկ մարդ կրնայ հանգիստ գտնել՝ մեզ ազատ դարձնող  ողորմութեան եւ ճշմարտութեան հանգիստը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2018, 10:05