Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Րաբունապետ Տի Սենյի Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Րաբունապետ Տի Սենյի  

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Հռոմի Հրեայ հասարակութեան՝ «Ռոշ Հա Շանայի« տօնին առթիւ։

Քահանայապետը կը մաղթէ նաեւ որ «Ամենակալ Աստուած՝ իր անհուն բարութեամբ ամպանմանէ բարեկամութեան կապերը ու բոլորին բարիքին ի նպաստ երկխօսութեան իղձը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Բարձրեալը մեզ օրհնէ խաղաղութեան պարգեւով ու մեր մէջ յարուցէ աւելի մեծ յանձնառում՝ աւելիով խթանելու համար այդ խաղաղութիւնը» Ասոնք եղան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին բարեմաղթութիւնները ուղղուած Հռոմի Հրեայ հասարակութեան Ռաբբունապետ Ռիքարտօ Տի Սենյիյին եւ Հրեայ հասարակութեան՝ Հրեաներու նոր տարուան  Ռոշ Հա Շանայի, Եմ Քիփուր եւ Սուքքոթի» տօներուն առթիւ։

Անոնց յղած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը մաղթանք կը յայտնէ որ այդ տօնակատարութիւնները ըլլան առիթ՝ վերարծարծեցնելու Բարձրեալէն ընկալուած պարգեւները եւ աշխարհի համայն հրեայ հասարակութեան համար հանդիսանան աղբիւր՝ այլ հոգեւոր պարգեւներու եւ շնորհքներու։

Սրբազան Քահանայապետը կը մաղթէ նաեւ որ «Ամենակալ Աստուած՝ իր անհուն բարութեամբ ամպանմանէ բարեկամութեան կապերը ու բոլորին բարիքին ի նպաստ երկխօսութեան իղձը» հուսկ պատգամը կ՛եզրափակէ «Շալոմ Ալեհեմ» բարերով։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2018, 13:22