Ֆրանչիսկոս Պապ ու աշխատաւոր մը Ֆրանչիսկոս Պապ ու աշխատաւոր մը 

Ֆրանչիսկոս Պապին «Il Sole 24 Ore» օրաթերթին տուած հարցազրոյցը։

Այսօր տնտեսութիւնը դարձած է «սպաննող» տնտեսութիւն մը, որուն կեդրոնը մարդ անհատը չէ՝ այլ դրամը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Տնտեսութեան եւ ելեւմուտքի մատակարարութիւնը, նոր աշխատանքի ստեղծումը, բնութեան նկատմամբ յարգանքը, գաղթականներուն հիւրընկալութիւնը, բոլորն ալ «անհատի բարեկամ» բարոյականութիւններ են ու «զօրեղ խթան»՝ դարձի մը որուն մեծապէս կը կարօտինք»։ Սոյն նիւթերը պարունակուած են Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին իտալական «Il Sole 24 Ore» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ, որ լոյս տեսաւ այսօր՝ 7 սեպտեմբեր 2018-ին։

«Կը պակսի միասնական ծագումի իրազեկութիւնը, մարդկային միասնական արմատի մը պատկանելիութիւնը ու պատկանելիութիւնը ապագայի մը՝ որ պէտք է միասին կառուցենք։ Այս իրազեկութիւնը թոյլ կու տայ զարգացնել նոր հաւատալիքներ, նոր մօտեցումները ու ապրելակերպ»։

Դրամ կոչուած կուռքը

«Այսօր մարդ անհատը այլեւս կեդրոն չի կազմեր եւ տնտեսութիւնը դարձած է սպաննող տնտեսութիւն մը որ կը հնազանդի միայն դրամին ու դրամ դիզելը դարձած է առաջին եւ միակ նպատակը» ըսաւ Քահանայապետը, խօսելով տնտեսութեան ու դրամի մասին ու դիտել տալով թէ վերոնշեալ վարուելակերպը կը կառուցէ «աղքատութեան, ստրկութեան եւ մնացորդացի կառոյցներ»։

«Մարդիկ կը կարծեն թէ դրամը կը դիզուի դրամով, մինչ իսկական դրամը կարելի է շահիլ աշխատանքով, այն աշխատանքը որ մարդուն կը պարգեւէ արժանապատուութիւն, մինչ այսօր կը գտնուինք անգործութեան իրողութեան դիմաց ու այս մէկը հետեւանքն է տնտեսական համակարգի մը՝ որ այլեւս կարող չէ աշխատանք ստեղծել որովհետեւ որպէս կեդրոն ընտրած է կուռք մը որուն անունը դրամ է» դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը  մատնանշելով  նաեւ «ստեղծագործ» ձեռնարկատէրերուն ու դիտել տալով թէ աշխատանքը պէտք է ստեղծէ նոր աշխատանք, որպէսզի անորմով ստեղծուի «նոր յոյս մը՝ ապագայ սերունդներուն համար»։ Այս ծիրէն ներս Սրբազան Հայրը կարեւոր կը նկատէ միասնական աշխատանքը ի նպաստ հասարակաց բարիքին ու աշխատանքի նոր մարդկայնութեան մը, որ կը խթանէ մարդուն արժանապատուութիւնը յարգող աշխատանք,  որ չի նայիր միայն շահին եւ արդիւնաւէտութեան պահանջներուն, այլ կը նպատսէ արժանավայել կեանքի մը զարգացումին, այն գիտակցութեամբ թէ մարդու եւ գործակալութեան  բարիքը կը քալեն հաւասար քայլերով։

Տնտեսական նոր համակարգ

Այս ուղղութեամբ Սրբազան Պապը կը յորդորէ զարգացնել զօրակցութիւնը եւ իրականացնել տնտեսական նոր համակարգ մը որ ուշադրութիւն դարձնէ նաեւ աղքատներուն ու կասեցնէ անհաւասարութիւնը, արտադրուած հարստութիւնը բաժնելով հաւասար կերպով, մէկ խօսքով ձգտիլ համապարփակ զարգացումի մը։

Արժէքներու հայող կազմաւորում

Սրբազան Քահանայապետը ապա կը թելադրէ արժէքներու հայող կազմաւորում, որ կ՛ընդգրկէ զօրակցութիւնը, բարոյականութիւնը, արդարութիւնն ու արժանապատուութիւնը, ի նպաստ նաեւ բնապահպանութեան պահպանումին։ Քահանայապետը կ՛ակնարկէ ապա աղքատներու ճիչին ու բարեկեցութեան մէջ ապրող ժողովուրդներուն մէջ այդ աղքատներուն  յարուցած վախին։ «Չկայ խաղաղ ապագայ մը մարդկութեան համար եթէ չի դիմենք տարբերութիւններու յարգանքին եւ  զօրակցութեան ու չի մտածենք մարդկութեան՝ որպէս մէկ ընտանիք - յարեց Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղելով ընդառաջելու անոնց որոնք մեր քաղաքները կը ժամանեն, հասկնալու համար անոնց սիրտը, անոնց մշակոյթը, անոնց լեզուն- ըլլալով բաց եւ ներառնող... «Եկեղեցի մը որ Մայր է եւ որ կը ողջագուրէ բոլորը, բաժնեկցելով միասնական ճանապարհորդութիւն մը»։

Ներդումներ ու ներառում

Միւս կողմէ Սրբազան Հարը  քաջալերեց գործակալները իրենց սատարը տալու գաղթականութեան երեւութի ծիրէն ներս, առաջարկելով այդ գաղթականներու երկիրներուն մէջ ներդրումներ իրագործել ու աշխատանք եւ զարգացում ստեղծել։ Քահանայապետը ապա աւելցուց որ գաղթականները եւս պէտք է յարգեն զիրենք հիւրընկալող երկրին օրէնքները ու աս ծիրէն ներս վստահեցաւ Պետութիւններու զգայնութեան ու սոյն հարցի ծիրէն ներս անոնց ուսումնասիրած եւ ուսումնասիրելիք «ներառումի» քաղաքականութիւններուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2018, 08:26