«Vespa» տիպի շարժանիւ մը նուիրուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին։ «Vespa» տիպի շարժանիւ մը նուիրուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին։ 

«Vespa» տիպի շարժանիւ մը նուիրուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին։

Շարժանիւը նուէրն է Իտալական "Club Vespa nel Tempo" ընկերակցութեան

Կիրակի 2 սեպտեմբեր 2018-ին, Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն առաջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սանթա Մարթայի իր նստավայրի մուտքին ընդունեց յատուկ նուէր մը՝  «Vespa» տիպի  շարժանիւ մը որ նուէրն է Իտալական "Club Vespa nel Tempo" ընկերակցութեան եւ որուն  վրայ զետեղուած էր Վատիկանի զինանշանը ու որպէս համար կը կրէ BF362918 թիւը (Պերկոլիօ – Ֆրանչեսքօ – ծննդեան տարին 1936- ապա 2 սեպտեմբեր 2018 թուականը)։

Նուիրատուներու փոքրիկ պատուիրակութեան կ՛ընկերանար նաեւ կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին, Քահանայապետական ողորմաբաշխութեան գրասենեսկի վարիչը որ ապա ստանձնեց նուէրը, որ հաւանաբար  վաճառքի դրուի որպէսզի այդ վաճառքի հասոյթը յատկացուի՝ ինչպէս միշտ, աղքատներուն։

Վերոնշեալ ընկերակցութեան 600 անդամները, որոնք այս առթիւ ժամանած էին Հռոմ իրենց «Vespa» տիպի  շարժանիւներով, իրենց մասնակցութիւնը բերին Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց անոնց՝ բարի գալուստ մաղթելով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2018, 08:00