Ֆրանչիկսոս Պապ հանդիպեցաւ խումբ մը եպիսկոպոսներու հետ Ֆրանչիկսոս Պապ հանդիպեցաւ խումբ մը եպիսկոպոսներու հետ  

Ֆրանչիկսոս Պապ հանդիպեցաւ խումբ մը եպիսկոպոսներու հետ «Ո՞վ է եպիսկոպոսը»։

Եպիսկոպոսը առաքեալներուն յաջորդն է եւ անոնց նման Յիսուսէն կոչուած է Իր հետ մնալու։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 8 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի կողմէ կազմակերպուած «կազմաւորումի գիտաժողովի» մը մասնակցող աշխարհի առաքելական վայրերուն մէջ ծառայող 100 եպիսկոպոսներ եւ այս առթիւ անոնց ուղղած պատգամին մէջ  ուզեց շեշտը դնել Եպիսկոպոսի դերին վրայ հրաւիրելով ներկաները հարց տալու «Ո՞վ է եպիսկոպոսը» ու այդ հարցումին որպէս պատասխան ներկայացուց Եպիսկոպոսի երեք հիմնական յատկութիւններ. «Եպիսկոպոսը՝ աղօթքի մարդ, Աւետարանումի մարդ եւ հաղորդութեան մարդ»։

Ունկնդրէ լուրը

Եպիսկոպոսը առաքեալներուն յաջորդն է եւ անոնց նման Յիսուսէն կոչուած է Իր հետ մնալու։ Յիսուսի մէջ է որ եպիսկոպոսը կը գտնէ ուժ եւ վստահութիւն, եւ Տապանակին առջեւ է որ կը սորվի վստահիլ Տիրոջ։  Աղօթքը եպիսկոպոսին համար ջերմեռանդութիւն չէ՝ այլ պահանջ, ան «բարեխօսութեան անհրաժեշտ առաքելութիւն» է, Եպիսկոպոսը  ամէն օր Աստուծոյ պիտի ներկայացնէ մարդիկը ու անոնց իրավիճակը։ Աղօթող Հովիւն է Ան, որ քաջութիւնը ունի Աստուծոյ հետ քննարկելու իր հօտին ճակատագիրը ու աղօթքին մէջ է որ կը կիսէ իր Տիրոջ՝ Խաչին չարչարանքը ու չարչարանքին միջոցաւ Յիսուսին նման կը դառնայ  իր ժողովուրդի փրկութեան խորան։ «Դիւրին է  մեր վիզէն կրել խաչը, սակայն Տէրը մեզմէ կը պահանջէ աւելի ծանր խաչ մը կրել ուսերու ու սրտին վրայ, Ան մեզմէ կը պահանջէ իր խաչին ծանրութիւնը բաժնեկցիլ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու ակնարկեց երկրորդ յատկութեան «Աւետարանումի մարդ» մատնանշելով Յիսուսի աշակերտներուն թողած առաքելական հրահանգին. «Գացէք եւ հռչակեցէք Աւետարանը»։ «Գացէք՝ որովհետեւ Աւետարանը նստած չի քարոզուիր այլ ճանապարհորդութեան ընթացքին. Եպիսկոպոսը  գրասենեակի մը մէջ ապրող մարդ չէ, ան ընկերութեան մը մատակարարը չէ, այլ պէտք է գտնուի մարդոց միջեւ, Յիսուսի նման։ Իր Տէրը տանելով այնտեղ ուր տակաւին չէ ճանչցուած, ուր հալածուած է ու խեղաթիւրուած է։ Ան հանգստաւէտ կեանքը չի սիրեր այլ կը նուիրուի միշտ ուրիշներուն, որովհետեւ երբ ան  աշխարհի ապահովութիւնները փնտռէ կը դադրի Աւետարանի իսկական աշակերտ ըլլալ» հաստատեց Սրբազան Պապը ակնարկելով ապա «աւետարանելու ոճին» որ պէտք է կատարուի, ըսաւ Ան, հեզութեամբ վկայելով Աստուծոյ սէրը, նոյնիսկ մինչեւ նուաստացում եւ զգուշանալով առանց խաչուած ու յարութիւն առած Յիսուս Քրիստոս մը քարոզելու վտանգէն։ Եպիսկոպոսը կոչուած է ըլլալու Տիրոջ կենդանի յիշատակը, Եկեղեցիին յիշեցնելու համար թէ աւետարանել կը նշանակէ կեանքը նուիրել, առանց վերապահութեան, մինչեւ զոհաբերում»։

Եպիսկոպոսը ապա հաղորդութեան մարդ է ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, անոր պարտականութիւնն է միութիւն պահելը։ Եկեղեցին  պէտք ունի միութեան։ Հովիւը կը համախմբէ, չի փնտռեր աշխարհի հաւանութիւնը,  անձնական փառքը, թերթերու մէջ ցուցամոլութիւնը եւ իր  համբաւին պաշտպանութիւնը. Ան կը սիրէ  հաղորդութիւն մշակել, հեռու փառքի փնտռտուքէն։ Չի յոգնիր ուրիշները ունկնդրելէ ու չի բաւարարուիր պատրաստ ծրագիրներով այլ կը հայցէ Սուրբ Հոգիին ձայնը որ կը խօսի պարզերու հաւատքի ընդմէջէն։ Եպիսկոպոսը մէկ կը դառնայ իրեն յանձնած հաւատացեալներուն հետ, իր հետ ծառայող կղերին հետ, որոնց հետ միշտ տրամադիր է ու զանոնք կը քաջալերէ։ Իր օրինակով՝ աւելի քան խօսքերով, ցոյց կու տայ թէ Հովիւը՝ հովիւ է հօտին համար եւ ոչ թէ անձնական փառքի կամ իշխանութեան համար։

«Հեռու մնացէք կղերապաշտութիւնէն» կոչ ուղղեց ապա Սրբազան Քահանայապետը կղերապաշտութիւնը նկատելով «Եկեղեցւոյ իշխանութեան սխալ ըմբռնում» որ «բաժանում կը յառաջացնէ» որ իր կարգին կը սատարէ դատապարտելի չարիքներ գործելու։ «Ոչ ըսել չարաշահումին  կը նշանակէ ոչ ըսել կղերապաշտութեան որեւէ ձեւի» յարեց ապա Սրբազան Պապը յորդորելով եպիսկոպոսներուն ըլլալու Հայրեր եւ ոչ թէ իշխանութեան տէր անձեր իրենց հօտին նկատմամբ։ «Եղէք ինչքերով  աղքատ մարդիկ ու հարուստ յարաբերութիւններով, հլու, համբերատար, հաւատարիմ, պարզ ու բաց» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ որ ճառին վերջին մասին մէջ շեշտը դրաւ  եպիսկոպոսներու առաքելութեան մաս կազմող կարեւոր իրականութիւններուն վրայ, որոնցմէ առաջինը եղաւ ընտանիքը։ Ընտանիքը որ կը կազմէ ընկերութեան առաջին բջիջը ու տնային եկեղեցի է, որ այսօր կ՛ապրի «ժամանակաւորի տրամաբանութեան» ու «անձնական իրաւունքի» մշակոյթի տագնապը։  Այս ծիրէն ներս Սրբազան Հայրը թելադրեց Ամուսնութեան պատրաստութեան համար յատուկ կազմաւորումի դասընթացքներ կազմակերպել ու նոյնը կատարել նաեւ ընտանիքներուն աջակցելու համար, պաշտպանելով կեանքը՝ սաղմէն մինչեւ մահ ու թիկունք կանգնելով ծնողներուն իրենց առաքելութեան մէջ։

Երկրորդ կարեւոր իրականութիւնը նորընծայարանն է, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետ, ուր կը պատրաստուի եկեղեցւոյ ապագան։ Ուշադրութեամբ  ստուգեցէք որ դաստիարակներն ու կազմաւորողները ըլլան Աստուծմէ առաջնորդուած անձինք, որոնք երաշխաւոր ըլլան  առողջ դաստիարակութեան մը։ «Առաջնահերթութիւն տուէք կոչումի զատորոշումին, երիտասարդներուն օգնելով ճանչնալ Աստուծոյ ձայնը՝ բազմաթիւ այն ձայներու միջեւ որոնք այսօր կ՛արձագանգեն սրտերու եւ ականջներու մէջ»  յորդորեց ապա Սրբազան Պապը ակնարկելով  երիտասարդներուն նուիրուած յառաջիկայ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին ու դիտել տալով թէ պէտք է ունկնդրել երիտասարդներուն ձայնը, ընկալել անոնց իղձերը, անոնց քննադատութիւններն ու ապրած տագնապները։ Անոնք  Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան ապագան են  եւ աւելի լաւ աշխարհի մը կառուցումը կախեալ է անոնցմէ - նկատել տուաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով նաեւ աղքատներուն ու հաստատելով թէ «Սիրել աղքատները  կը նշանակէ պայքարիլ բոլոր աղքատութիւններուն դէմ, ըլլան անոնք նիւթական կամ հոգեկան»։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց զգուշացնելով եպիսկոպոսները «գաղջութենէն՝ որ կը տանի միջակութեան, հանգստաւէտութենէն որ կը մերժէ զոհաբերումը, հովուական շտապումէն որ կը տանի անհանդուրժողականութեան ապա ինչքերու հարստութենէն որ կը խեղաթիւրէ Աւետարանը» Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն անոնց տալով իր օրհնութիւնը ու խնդրելով՝ ինչպէս միշտ,  իրեն համար աղօթքներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2018, 12:00