Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը նոր անուանուած եպիսկոպոսներուն հետ։

«Ձեզմէ իւրաքանչիւրը հարց թող տայ թէ ինչ կարող է ընել աւելի Սուրբ դարձնելու համար Եկեղեցւոյ դիմագիծը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 13 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական պալատի Քոնչիսթորօ սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց նոր նշանակուած եպիսկոպոսներուն, որոնք այս օրերուն Հռոմի մէջ կը մասնակցին՝ Եպիսկոպոսներու Ժողովի եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կողմէ կազմակերպուած կազմաւորումի դասընթացքին։

Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան  Քահանայապետը ողջունելով ներկաները յիշել տուաւ թէ եպիսկոպոսութիւնը կը նմանի կեանքի գանձի մը որ յայտնաբերուած է պատահաբար արտի մը մէջ որուն համար կ՛արժէ ամէն ինչ ծախել ու ձեռք բերել արտն ու այդ անսպառ հանգը՝ Քրիստոսի Աւետարանը, խրախուսելով ներկաները ձգտելու իրենց Հովիւի ամենակարեւոր պարտականութեան՝ որ է սրբութիւնը։

«Դուք ընտրուեցաք Հօրմէն որ գիտէ սրտերու գաղտնիքը, Անոր ծառայելու համար տիւ եւ գիշեր» յարեց Սրբազան Պապը, հրաւիրելով զանոնք արթուն մնալ երբ լոյսը կ՛անհետանայ եւ կամ երբ Աստուած կը թուի պահուըտիլ խաւարին մէջ, ու չարը խաբէութեամբ կը թելադրէ թէ արշալոյսը այլեւս պիտի չի ծագի։ «Ճիշդ այդ պահուին ծունկի գալով մտիկ ըրէք Աստուծոյ ձայնին որ կը նորոգէ իր հաւատարիմ խոստումը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով ներկաները իրենց առաքելութեան ընթացքին Աստուած մօտեցնելու ժողովուրդին ինչպէս նաեւ Աստուած ընտրելու որպէս իրենց կեանքի կեդրոն, որովհետեւ՝ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, «Ան մեզմէ ամէն ինչ կը պահանջէ բայց անոր փոխարէն մեզի կը պարգեւէ կեանքը՝ լիութեամբ»։ 

«Եկեղեցին, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, մերը չէ, Աստուծոյ կը պատկանի, Ան մեզմէ առաջ էր ու մեզմէ ետք պիտի մնայ, Եկեղեցւոյ ճակատագիրը յաղթական կերպով կը գտնուի Աստուծոյ Որդոյն Խաչին մէջ, ու մեր անունները դրոշմուած են Անոր սրտին մէջ, մինչ մեր ապագան անոր ձեռքերուն մէջ կը գտնուի»։

Ասոր համար ժամանակ եւ ուժ մի կորսնցնէք ունայն բաներու համար, թող որ Քրիստոս ըլլայ ձեր ուրախութիւնը եւ Աւետարանը ձեր սնունդը։ Ձեր հայեացքը կեդրոնացուցէք միայն մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի վրայ, վարժ դառնալով Անոր լոյսին, ու զայն փնտռեցէք միշտ եւ ամենուրէք» յարեց ապա Սրբազան Պապը յորդորելով այդ լոյսը փնտռել «իրենց հասարակութիւններու ընտանիքներուն մէջ, ուր կեանքի պարգեւը սնունդ կ՛առնէ եւ կ՛օրօրուի. Այնտեղ ուր սրտերուն մէջ կայ այն անյաղթելի վստահութիւնը թէ ճշմարտութիւնը միշտ կը յաղթէ, թէ սէրը ապարդիւն չէ, թէ ներումը իշխանութիւն ունի փոխելու եւ հաշտեցնելու եւ թէ միութիւնը աւելի հզօր է բաժանումէն ապա մենք մեզ ուրիշներու համար մոռնալու քաջութիւնը՝ աւելի գոհացուցիչ է քան «ես»ի նիւթական գերակայութենէն։ Այնտեղ ուր Աստուծոյ օծեալներ անձնական նուիրումի մէջ կը շարունակեն ապրիլ այն համոզումով թէ բարին յաճախ անաղմուկ է եւ չի յայտնուիր թերթերու առաջին էջերուն վրայ։ Անոնք կը շարունակեն քաջութեամբ քարոզել շնորհքի եւ ողորմութեան Աւետարանը՝ այն մարդոց որոնք ծարաւն ունին կեանքի՝ յուսալու եւ սիրելու համար»։

Գիտեմ, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, միլիոնաւոր մարդիկ, կիներ, մանուկներ ու երիտասարդներ կորսուած են այնպիսի իրականութեան մը մէջ որ մթագնեց անոնց ուղենիշերը, ու հաստատեց թէ «մեզի կ՛իյնայ  հոգ տանիլ Քրիստոսի մարմնին վէրքերուն՝  որոնք մեր հոգատարութեան յանձնուեցան» Ան ապա դարձեալ հրաւէր ուղղեց ներկաներուն ձգտելու սրբութեան, դիմելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան, ապա հսկելու՝ որպէսզի իրենց եկեղեցիներու արտերուն մէջ ինկած սերմը ոտնակոխ չ՛ըլլայ վայրի խոզերէն, ինչպէս կ՛ըսէ սաղմոսերգուն։

Նորին Սրբութիւնը եպիսկոպոսներուն յանձնարարեց հոգ տանիլ նաեւ իրենց գործակից քահանաներուն ու նորընծաներուն, այս ծիրէն ներս ընդգծելով թեկնածուներու կազմաւորումի ու անոնց ընտրութեան գործընթացքի կարեւորութիւնը յատկապէս ի տես այսօր ապրուած մարտահրաւէրներուն ու գայթակղութիւններուն։

«Ձեզմէ իւրաքանչիւրը հարց թող տայ թէ ինչ կարող է ընել աւելի Սուրբ դարձնելու համար Եկեղեցւոյ դիմագիծը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը շեշտելով թէ հարկաւոր է միասին աշխատիլ հաղորդութեան մէջ եւ ոչ թէ մէկը միւսը քննադատելով։

«Յառաջ ընթացէք ուրախ, մխիթարուած եւ ունենալով այն գառնուկներու սիրտը որ  նոյնիսկ եթէ շրջապատուած են գայլերով, գիտեն թէ կրնան վստահիլ Հովիւի պաշտպանութեան» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը բոլոր ներկաները յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի Հովանիին ու անոնց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2018, 11:41