Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը կրօնուսոյցներուն։

Կրօնուսոյցներու միջազգային Բ համաժողով «կրօնուսոյցը՝ խորհուրդի վկայ»

Ռոպէր Աթթարեեան - Վատիկան

Պալթեան երկիրներ չի մեկնած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը արձանագրեց Պօղոս Զ դահլիճին մէջ համախմբուած՝ 48 երկիրներէ ժամանած 1500 կրօնուսոյցներուն, որոնք 20-23 սեպտեմբերին  կը մասնակցին կրօնուսոյցներու միջազգային Բ համաժողովին, որուն բնաբանն է «կրօնուսոյցը՝  խորհուրդի վկայ» եւ որ կազմակերպուած է Նոր Աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի կողմէ։։

Պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը յորդորեց երբեք «օրէնքը չի գերադասել Աստուծոյ սիրոյ եւ ողորմութեան շօշափելի վկայութեան», ապա նշեց թէ անոնց խօսքը առաջին աւետիսն է որ կը հասնի ուկը  դպչի բազմաթիւ անձերու սրտին ու մտքին, որոնք սպասումի մէջ են Քրիստոսին հանդիպելու։

«Կրօնուսոյցը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը պատգամին մէջ. կոչում մըն է, աշխատանք մը չէ»։ Կրօնուսոյցը  ան է որ ինքզինք դրաւ Աստուծոյ խօսի ծառայութեան տակ, որպէսզի հաւատալի օրէն  զայն փոխանցէ ուրիշներուն։ Այս ծիրէն ներս Սրբազան Հայրը նշեց նաեւ թէ «կրօնուսոյցը լոկ դաստիարակ մը չէ ու կրօնի ուսուցումը միայն դաս մը չէ, այլ հաւատքի փորձառութեան ու վկայութեան հաղորդումն է, հաւատք մը որ կը վարէ սրտերը եւ որոնց մէջ կը սերմանէ իղձը հանդիպելու Քրիստոսին».

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա կրօնուսոյցներուն դիմաց կայացած մարտահրաւէրներուն ու այդ մարտահրաւէրները յաղթահարելու ու դիմագրաւելու ուղիին, որուն արմատները կը գտնուին եկեղեցւոյ Խորհուրդներու մէջ, ըսաւ Ան, եւ որուն գագաթնակէտը Սուրբ հաղորդութիւնն է՝ ուր Յիսուս մեզի աւելի մօտիկ կը դառնայ, մեզի թոյլ տալով ապրիլ ու փորձարկել Հօր Աստուծոյ հետ հաղորդութեան խորհուրդի գեղեցկութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2018, 10:00