Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ Քահանայապետի ունկնդրութիւնը Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ Քահանայապետի ունկնդրութիւնը  

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը «Իտալացի Ծնողներու» ընկերակցութեան անդամներուն հետ։

Ընտանիքներուն պէտք է ճանչցուի «կրթութեան» առաջնահերթ դերակատարութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 7 սեպտեմբեր 2018-ի կէսօրին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց այս տարի իրենց հիմնադրութեան 50 ամեակը բոլորող Իտալացի ծնողներու ազգային ընկերակցութեան 1400 անդամներուն։

Սովորութեան համաձայն այս առթիւ անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց ներկաները 50-րդ տարեդարձի յոբելենականն առիթը նկատել «ընտանիքին ու դաստիարակութեան ի նպաստ անոնց յանձնառումին վերանորոգում»։ «Յանձնառում որ յառաջ կը տանիք քրիստոնէական բարոյականութեան հիման վրայ, որպէսզի ընտանիքը միշտ աւելիով ճանչցուի որպէս դերակատար ենթակայ մը ընկերութեան կեանքին մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ակնարկելով նաեւ ընկերակցութեան անդամներուն այլ ընտանիքներու ու ծնողներու ցուցաբերած աջակցութեան՝ դաստիարակչական մարզէն ներս, ինչպէս նաեւ դպրոցներու հետ համագործակցութեան, այս ծիրէն ներս ընդգծելով «ընտանիք-դպրոց» դաստիարակչական դաշինքի կարեւորութիւնը ու մատնանշելով այդ դաշինքին դիմագրաւած ժամանակակից դժուարութիւններուն։

Ունկնդրէ լուրը

«Ծնողք եւ ուսուցիչներ իրարու հասարակորդ չեն ու պէտք է միասին համագործակցին» նկատել տուաւ Քահանայապետը ու հարիւրեց ներկաները աշխատելու այդ ուղղութեամբ ու դպրոցի եւ ուսուցիչներուն նկատմամբ խթանելու վստահութիւն, որովհետեւ «ուսուցիչները եւս յանձնառու են «զաւակներու» դաստիարակութեան ու կազմաւորումի գործընթացին մէջ», յարեց Սրբազան Քահանայապետը խրախուսուելով ներկաները, որ իրենց պատասխանատու ներկայութեամբ, սատարեն բաժանումներու եւ անհասկացողութիւններու վերացումին ու այնպէս ընեն որ ընտանիքներուն եւս ճանչցուի «կրթութեան» առաջնահերթ դերակատարութիւնը, տրուած ըլլալով որ ծնողները պէտք ունին ուսուցիչներուն ու դպրոցը պէտք ունի ծնողներուն, որպէսզի միասնաբար իրականացնեն իրենց նպատակները, կառուցողական երկխօսութեան միջոցաւ։ 

«Դպրոցը արդարեւ չի փոխարիներ ծնողքը այլ անոնց ամբողջացուցիչ իրականութիւն մըն է» ըսաւ ապա Քահանայապետը մէջբերելով Ափրիկեան մէկ ասացուած մը որ կ՛ըսէ թէ «մէկ մանուկի մը դաստիարակութեան համար հարկաւոր մէկ գիւղ» ու  այս ծիրէն ներս նշելով կրթական համակարգի ընտանիքի բոլոր անդամներուն միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

«Առանց հաղորդակցութեան եւ առանց իրարու նկատմամբ վստահութեան հասարակութիւն չի կառուցուիր եւ առանց հասարակութեան կարելի չէ դաստիարակել»  հաստատեց ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ դաստիարակութեան ծիրէն ներս Եկեղեցւոյ դերին ու անոր առաքելութեան։

Խօսքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ զաւակները ծնողներուն ընկալած ամենարժէքաւոր պարգեւն են։ «Գիտցէք պաշտպանել զանոնք վեհանձն յանձնառութեամբ, անոնց թողելով ազատութիւնը՝ աճելու եւ հասուննալու որպէս կարող անձեր, որպէսզի իրենց կարգին բացուին կեանքին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց «որպէս ընկերակցութիւն՝ հսկեցէք այն վտանգներուն վրայ որոնք կը սպառնան փոքրիկներուն, ձեր զաւակներուն համար ընտրելով մարդկային, քաղաքացիական ու քրիստոնէական  աճումին լաւագոյն առիթները»։

Սրբազան Պապը խօսքը եզրափակեց բոլոր ներկաներուն ու ընկերակցութեան անդամներուն շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով, ինչպէս միշտ, որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2018, 12:36