Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Խուլերու միջազգային օրուան առթիւ։

Մենք կանչուած ենք միասին ընթանալու հակահոսանք, պայքարելով նախ եւ առաջ որպէսզի պաշտպանուի իւրաքանչիւր մարդու ու կնոջ արժանապատուութիւնը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

28 սեպտեմբերին կը նշուի Խուլերուն յատկացուած միջազգային  օրը, որուն առթիւ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց պատգամ մը,  ուղղուած Խուլերու միջազգային ընկերակցութեան, անոր հիմնադրութեան 60 ամեակին առթիւ, անոնց յայտնելով իր մօտիկութիւնը, ու գնահատելով անոնց տարած աշխատանքը ի նպաստ խուլերուն ու բացառումի մշակոյթին դէմ, արժեւորելով մարդ անհատի ու կեանքի արժանապատուութիւնը։

Քահանայապետը ակնարկեց ապա ընկերակցութեան պատմութեան որ է «զօրակցութեան ու բաժնեկցութեան» պատմութիւն, գրեց Ան, ընկերակցութեան գործունէութիւնը նկատելով «մարդկային անգնահատելի հարստութիւն»։

«Մենք կանչուած ենք միասին ընթանալու հակահոսանք, պայքարելով նախ եւ առաջ որպէսզի իւրաքանչիւր մարդու ու կնոջ արժանապատուութիւնը պաշտպանուի», գրեց Սրբազան Քահանայապետը պատգամին մէջ ընդգծելով նաեւ թէ «մարտահրաւէրը այն է որ ներառումը դառնայ մտածելակերպ եւ մշակոյթ» եւ «իրաւունքներու շարքին չի պակսի իրաւունքը՝ դաստիարակութեան, աշխատանքի, բնակարանի, ու հաղորդակցութեան»։

Սրբազան Քահանայապետը ապա խրախուսեց տապալել բոլոր խոչնդոտները՝ ըլլայ ճարտարապետական ըլլայ  հանդիպումի ու յարաբերութեան, հասնելու համար ներառումի գործնական մշակոյթի մը հաստատումին։ Ան մատնանշեց ապա ընկերակցութեան անդամներէն շատերուն աշխատանքի ասպարէզէն ներս ձեռք բերած դիրքերուն, հակառակ անոնց խուլութեան, գնահատելով անոնց ժրաջան աշխատանքը ու խրախուսելով զանոնք այդ ջանքերը դնել նաեւ ի սպաս աւետարանութեան, ապա նշեց թէ «ներառումի առաջին վայրը ընտանիքն է» ու թէ խուլ անդամներով ընտրանքները դերակատարներ են կեանքի ապրելակերպի նորոգումին, հուսկ պատգամը աւարտեց մաղթելով որ աւելի մեծ աշխատանք տարուի ի նպաստ խուլ անդամներով ընտանիքներու ներառումին, եւ բոլորին ապահովեցուց իր աղօթքները ու խնդրեց որ իրենց կարգին աղօթեն իրեն ու համայն եկեղեցւոյ համար, «որպէսզի  միշտ աւելիով դառնայ եղբայրական եւ հիւրընկալ հասարակութիւն մը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2018, 12:53