Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը 

Ժոզէֆ Ռացինկեր-Պենետիկտոս ԺԶ» հիմնարկի 2018-ի ձեռնարկներու ներկայացում։

Այս առթիւ ունեցած ելոյթին մէջ Հիմնարկի նախագահ Հայր Լոմպարտի նշեց թէ Ռացինկեր հիմնարկը ստեղծուած է 2010ին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 20 սեպտեմբեր 2018-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուեցան «Ժոզէֆ Ռացինկեր-Պենետիկտոս ԺԶ» հիմնարկի ձեռնարկները որոնց շարքին «Բաց պատճառաբանութիւ» մրցանակի տուչութեան երկրորդ փուլը որ տեղի պիտի ունենայ 24 սեպտեմբեր 2018-ին Վատիկանի Գիտութեան կաճարի մէջ եւ որ կազմակերպուած է Մատրիտի «Universidad Francisco de Vitoria» համալսարանի համագործակցութեամբ, ապա «Ռացինկեր ութերորդ մրցանակի» տուչութիւնը որ նախատեսուած է Վատիկանի մէջ՝ 17 նոյեմբեր 2018-ին, հուսկ «Հիմնական իրաւունքներ ու իրաւունքներու միջեւ բախում» բնաբանով միջազգային ուսումնաժողովը որ  կազմակերպուած է Հռոմի «Libera Università Maria Santissima Assunta» համալսարանի համագործակցութեամբ եւ որ տեղի պիտի ունենայ 15 եւ 16  նոյեմբերին Հռոմի մէջ։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ ունեցան Վատիկանի Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազի՝ որ է նաեւ Ռացինկեր հիմնարկի գիտական կոմիտէի անդամ, Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի Հիմնարկի նախագահ եւ Փրօֆ Ճուզեփփէ Տալլա Թորրէ, «Libera Università Maria Santissima Assunta» համալսարանի երբեմնի Բեկտոր հուսկ Տօքթ. Մաքս Պոնիլլա «Universidad Francisco de Vitoria» համալսարանի արտաքին յարաբերութիւններու վարիչ։

Այս առթիւ ունեցած ելոյթին մէջ Հիմնարկի նախագահ Հայր Լոմպարտի նշեց թէ Ռացինկեր հիմնարկը ստեղծուած է 2010ին նպատակ ունենալով խթանել, հրապարակել ե տարածել ուսումնասիրութիւններ՝ հայող Ժոզէֆ Ռացիկներ – Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի մտքին ու անոր գործունէութեան ։

Ակնարկելով «Բաց պատճառաբանութիւն» մրցանակին Հայր Լոմպարտի յայտնեց թէ ուսումնասիրութեան ոլորտէն ներս մրցանակակիրներն են. Ժավիէ Սանչէս Քանիզարէսը Սպանիայի Նավարրա համալսարանէն, եւ Խուան Արանան՝ Սպանիայի Սիվիլիայի համալսարանէն,  մինչ  դաստիարակչական ոլորտէն ներս մրցանակիններու շարքին են Սպանացի Կոնզալօ Ճենովան եւ Մարիա Տէլ Ռոզարիօ Կոնզալէսը ինչպէս նաեւ Միացեալ նահանգներէն՝ Ժոն Քավատանի, Ժէղմ Մարթին, Փաթրիսիսա Պելլմ ու Քրիստոֆըր Պակլօ դասատուները։

Խօսելով Ռացինկեր մրցանակի մասին Հայր Լոմպարտի յայտնեց թէ այս տարուայ մրցանակակիրն են Կաթողիկէ աստուածաբան՝ գերմանացի Մարիան Շոլսերը եւ միջազգային հեղինակութիւն ունեցող Զուիցերացի  ճարտարապետ Մարիօ Պոթթան։ 

Մինչ երրորդ ձեռնարկի մասին արտայայտուելով Հայր Լոմպարտի նշեց թէ «միջազգային 8-րդ այս ուսումնաժողովը» կ՛ուզէ մեծարել երկու կարեւոր թուականներ «ՄԱԿ-ի կողմէ որդեգրուած մարդու իրաւունքներու հռչակագիրի 70 ամեակը» եւ «Ժոզէֆ Ռացինկեր Քահանայապետին» ԼՈԻՄՍԱ համալսարանի կողմէ շնորհուած «համալսարանական պատուոյ վկայականի» տուչութեան 20 ամեակը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2018, 11:42