Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Օծեալ այրիներու» նուիրուած միջազգային գիտաժողովի մասնակիցները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։

Տիրոջ հետ սրտէ սիրտ խօսելու մէջ է որ մենք կը գտնենք քաջութիւնը մենք մեզ նուիրելու ուրիշներուն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 6 սեպտեմբեր 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ի շարս պաշտօնական այլ հանդիպումներու, Վատիկանի Քոանչիսթիրօ դահլիճին մէջ ընդունեց «Օծեալ այրիներու» նուիրուած միջազգային գիտաժողովի մասնակիցները։

Ունկնդրէ լուրը

«Ուրախութեամբ ձեզ կ՛ընկալեմ ձեր այս Հռոմ կատարած ուխտագնացութեան առթիւ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով ներկաները ապա ակնարկեց «այրիութեան» դժուարութիւններուն ու ներկաներուն յատուկ կոչումին՝ իրենց ամուսնոյն մահէն ետք, իրենք զիրենք նուիրելով Տիրոջ ու Անոր սիրոյն։

«Ձեր այս նուիրեալ կեանքով դուք կը փաստէք թէ՝ Աստուծոյ շնորհքով ու Եկեղեցւոյ այլ անդամներու առաջնորդութեամբ, կարելի է ապրիլ աւետարանական թելադրանքները, շարունակելով ստանձնել ընտանիքի, մասնագիտական եւ ընկերային պատասխանատուութիւններ»։  «Ձեր այրիութեան մէջ նուիրումը պարգեւ մըն է որ Տէրը ըրաւ եկեղեցւոյ» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով ներկաները միշտ իրենց հայեացքը կեդրոնացնելու Յիսուս Քրիստոսի վրայ ու խթանելու այդ յատուկ կապը որ զիրենք կը կապէ Անոր հետ։ «Որովհետեւ, ըսաւ Քահանայապետը, Տիրոջ հետ սրտէ սիրտ խօսելու մէջ է որ մենք կը գտնենք քաջութիւնը ու յարատեւութիւնը, մենք մեզ նուիրելու մարմնով ու հոգւով» ապա մաղթեց որ ներկաները եւս՝ իրենց նուիրական կեանքով «վկայեն Աստուծոյ ամէն մէկ մարդուն վերապահած անհուն սէրը»։

«Յիսուս Քրիստոսին միացած,  այս աշխարհին համար եղէք թթխմոր եւ լոյս անոնց որոնք կ՛ապրին խաւարի ու մահուան ստուերին տակ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ թելադրելով նաեւ որ իրենց եղբայրական կեանքի որակով ու հասարակական կեանքի փորձառութենէն մղուած, կարեկից ըլլան տկարին եւ աղքատին, անոնց բացայայտելով Աստուծոյ քնքշութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը քաջալերեց ապա Օծեալ Արիները դիմելու միշտ Սուրբ Հոգւոյն ու հայցելով Անոր պարգեւները որպէսզի օգնէ անոնց  Եկեղեցւոյ եւ աշխարհին նուիրելու իրենց վկայութիւնը, ապա խօսքը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը ու բոլոր ներկաները յանձնեց Տիրոջ անոնց շնորհելով   իր առաքելական օրհնութիւնը ու խօսքը աւարտեց խնդրելով որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար, «այնպէս ինչպէս ես պիտի աղօթեմ ձեզի համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։  

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2018, 12:48