Որոնել

Եպիսկոպոսական սիւնհոդոս Եպիսկոպոսական սիւնհոդոս 

«Եպիսկոպոսական հաղորդութիւն» առաքելական սահմանադրութեան ներկայացում։

Յառաջիկայ Սիւնհոդոսին գումարումէն մէկ ամիս առաջ լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին «Episcopalis communio» առաքելական սահմանադրութիւնը, հայող Սիւնհոդոսի կառոյցին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 18 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուեցաւ Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի կառոյցին հայող՝ Ֆրանչիսկոս Պապին «Episcopalis Communio – Եպիսկոպոսական հաղորդութիւն» առաքելական սահմանադրութիւնը։

Ներկայացումը կատարեցին  Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար՝ Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսերի, Սիւնհոդոսի ենթաքարտուղար գերապայծառ Ֆապիօ Պապենէ եւ Փրոֆ Տարիօ Վիթալի՝ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի խորհրդատու։

Վերոնշեալ սահմանադրական թղթածրարը կազմուած է ընդհանուր 27 յօդուածներէ ու բաժնուած է 5 գլուխներու «Սիւնհոդոսական հաւաքը», «Սիւնհոդոսական հաւաքի նախապատրաստական փուլ», «Սիւնհոդոսական հաւաքի ընթացքը», «Սիւնհոդոսի որոշումներուն իրականացման փուլը», ապա «Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութիւնը»։

Սահմանադրութիւնը կը սկսի նախաբանով մը որուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշեցնէ թէ  Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի կառոյցը հաստատուած էր Պօղոս Զ Քահանայապետի որոշումով՝ 15 սեպտեմբեր 1965-ին ու թէ այդ մէկը Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի ամենէթանկագին ժառանգութիւններէն մին է, յատկապէս  եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին Քահանայապետին հետ «արդիւնաւէտ համագործակցութեան» ուղիով, եկեղեցւոյ հայող կարեւոր հարցերուն շուրջ։

«Այս պատմական ժամանակահատուածի ընթացքին ուր Եկեղեցին կ՛ապրի աւետարանութեան նոր փուլ մը, Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը կանչուած է միշտ աւելիով դառնալ «պատշաճ խողուակ» ժամանակակից աշխարհի աւետարանութեան համար» գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով նաեւ թէ Սիւնհոդոսը նոյնիսկ եթէ եպիսկոպոսներու համախմբում է հաւատացեալներէն բաժնուած չի կրնար ըլլալ, այսուհետեւ ան գործիք մը կը դառնայ, եպիսկոպոսներու միջոցաւ ձայն տալու համար համայն Աստուծոյ Ժողովուրդին»։

Սահմանադրական փաստաթուղթը ապա  կ՛աւարտի «եզրափակիչ կարգաւորութիւններ» հատուածով մը, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը հաստատէ թէ սոյն առաքելական սահմանադրութիւնը ի զօրու կը դառնայ այն օրէն երբ կը հրատարակուի «Օսսերվաթորէ Ռոմանօ» Վատիկանեան օրաթերթին մէջ եւ «Acta Apostolicae Sedis» Սուրբ Աթոռի պաշտօնական փաստաթուղթերու հրատարակութեան մէջ։

Նշենք թէ սոյն նոր սահմանադրութիւնը աւելիով կ՛ամրապնդէ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութեան դերակատարութիւնը, յատկապէս սիւնհոդոսական կառոյցի կառավարման ու սիւնհոդոսական որոշումները ի գործ դնելու գործընթացի ծիրէն ներս։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յոյս կը յայտնէ որ Սիւնհոդոսի գործունէութիւնը սատարէ բոլոր քրիստոնեաներու միջեւ միութեան հաստատումին՝ Տիրոջ կամքին համաձայն, եւ օգնէ կաթողիկէ եկեղեցիին, գտնելու Քահանայապետի առաջնութեան ու նախապատուութեան ձեւ մը, որ նոր իրավիճակ մը ստեղծէ, առանց սակայն հրաժարելու անոր տրուած առաքելութեան կարեւորութենէն։

Բոլորը կը հրաւիրեմ անկեղծ հոգիով եւ պատրաստակամ տրամադրութեամբ ընկալելու սոյն առաքելական սահմանադրութիւնը, Առաքեալներու թագուհի եւ Եկեղեցւոյ Մայր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի օգնութեամբ։ Գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական սահմանադրական փաստաթուղթի աւարտին  որ կը կրէ 15 սեպտեմբեր 2018-ի թուականը՝ Քահանայապետութեան վեցերորդ տարի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2018, 11:00