Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը «Ընտանիք եւ Պսակ» կազմաւորումի դասընթացքի հետեւողներուն հետ։

Սրբազան Քահանայապետը ընտանիքը պատկերացուց որպէս որոշիչ եւ անփոխարինելի «տնային եկեղեցի եւ կեանքի սրբավայր» մը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի անուան պազիլիքային մէջ, հինգշաբթի 27 սեպտեմբերի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Հռոմի Թեմի  եւ Սուրբ Աթոռի Վերին Ատեանի կողմէ կազմակերպուած ամուսնութեան եւ ընտանիքի մասին դասընթացքի՝ 850 մասնակցողներուն, ու այս առթիւ անոնց ուղղած ճառին մէջ յորդորեց «բաժնեկցուած ուղեւորութիւն մը» քահանաներուն, հովուական խնամակալութեամբ զբաղող անհատներուն եւ քրիստոնեայ զոյգերուն։ 

Սրբազան Հայրը մաղթեց  որ ամուսնացեալ զոյգերուն պահովուի «մշտական ընկերակցութին» ներկաները խրախուսելով նաեւ օգնութեան հասնելու տագնապի մէջ գտնուող զոյգերուն եւ ընկալելու նաեւ անոնք որոնք միասին կ՛ապրին առանց սուրբ պսակի խորհուրդին անոնց ցոյց տալով ամուսնութեան խորհուրդի գեղեցկութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը ընտանիքը պատկերացուց որպէս որոշիչ եւ անփոխարինելի  «տնային եկեղեցի եւ կեանքի սրբավայր» մը՝ ի նպաստ ժողովուրդներու հասարակաց բարիքին ու այս ծիրէն ներս խորհրդածեց անոր յատկացուելիք հովուական առաքելութեան վրայ, մեկնելով «Սիրոյ Ուրախութիւն» իր յորդորագիրէն, «որուն մէջ, ըսաւ Սրբազան Պապը, ուզեցի շեշտել թէ քրիստոնէական ամուսնութիւնը կարիքը ունի պատշաճ պատրաստութեան մը, որ պէտք չէ սահմանափակել մի քանի հանդիպումներու մէջ։ Ամուսնութիւնը արդարեւ «ընկերային» ձեռնարկ մը չէ, այլ իսկական խորհուրդ է, որուն պէտք է մօտենալ մեծ գիտակցութեամբ» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով «ընտանիքի հովուական խնամակալութեան» ու այդ ծիրէն ներս զոյգերուն եւ ընտանիքներուն յատկացուած  յատուկ առաքելական գործընթացքին, որ պէտք է նախատեսէ ուսումնաժողովներ, հոգեւոր կրթութիւն ու հանդիպումներ, ներգրաւելով նաեւ մասնագէտներ ու ընտանեկան կայուն փորձառութեամբ զոյգեր, ի միտ ունենալով որ շատ անգամ ամուսնութեան հարցերը կը ծագին նաեւ զոյգերու մէջ թաքնուած անհասունութենէն ու յաճախ նաեւ քրիստոնէական հաւատքի տկարութենէն, ինչպէս նաւ եկեղեցական առաջնորդութեան պակասէն։

«Որքան աւելիով խորացած պատրաստական շրջան մը յատկացուի այնքան աւելիով երիտասարդ զոյգերը կը սորուին համապատասխանել Աստուծոյ շնորհքին ու կը զարգացնեն «հակամարմիններ» դիմակայելու համար ամուսնական եւ ընտանեկան կեանքի դժուարութեան անխուսափելի պահերը»  ըսաւ Քահանայապետը, ապա շեշտեց թէ բաւարար չէ միայն ամուսնութենէն առաջ ընկերանալ զոյգերուն ու թէ հարկ է այդ մէկը կատարել մշտական օրէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց նաեւ այն զոյգերուն որոնք ժխտական փորձառութիւն մը կ՛ապրին, այն ուղղութեամբ յորդորելով անոնց օգնել որպէսզի կարենան վերագտնել իրենց հաւատքը եւ Պսակի խորհուրդի շնորհքը եւ որոշ պարագաներուն նաեւ սկսիլ ապահարզանի դատը, հիմնուելով ամուսնութեան դատական նոր համակարգին վրայ։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ առանց Սուրբ Պսակի խորհուրդին, իրար հետ ապրած զոյգերուն ու մաղթեց որ ընտանիքներու հովուական խնամակալութեան հորիզոնը հասնի նաեւ անոնց, որպէսզի ընկալուին եկեղեցիէն ներս ու անոնց վկայուի ամուսնութեան խորհուրդի գեղեցկութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2018, 08:00