Եպիսկոպոսներ Եպիսկոպոսներ 

«Անչափահասներու պաշտպանութիւն». Եպիսկոպոսներու արտակարգ ժողով 2019-ի Փետրուարին

Ֆրանչիսկոս Պապ ժողովի կանչեց եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահները, անոնց հետ քննարկելու համար «անչափահասներու պաշտպանութեան» հարցը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Չորեքշաբթի 12 սեպտեմբեր 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի խորհրդատու Ինը Կարդինալներու խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ հաստատեց թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, համաձայնութեամբ Կարդինալական Խորհուրդին, որոշեց ժողովի կանչել աշխարհի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահները, անոնց հետ քննարկելու համար «անչափահասներու պաշտպանութեան» հարցը։  Ժողովը տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ 21 -24 փետրուար 2019-ին։

Քահանայապետի Խորհրդատու կարդինալներու 26-րդ հաւաքին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 10-12 սեպտեմբերին, Կարդինալական Խորհուրդի անդամները Սրբազան Քահանայապետին հետ միասին խորհրդակցեցան մանկապղծութեան հարցին շուրջ, որուն մասին ապա  հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը որ տարածուեցաւ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին միջոցաւ։

Խորհուրդը ապա յառաջ ընթանալով Հռոմ Քուրիայի բարեփոխումներու աշխատանքին մէջ, աւարտեց այդ առումով պատրաստուած թղթածրարներու ընթերցանութիւնը, ինչպէս նաեւ յատուկ ուշադրութեան ենթարկեց Հռոմի Քուրիայի մէջ աշխատող անձնակազմի հովուական խնամակալութիւնը» ։

Նշենք թէ վերոնշեալ Կարդինալական Խորհուրդի 26- ժողովի նիստերը նուիրուեցան Հռոմի Քուրիայի առաքելական նոր սահմանադրութեան նախագիծի ուսումնասիրութեան։

Կարդինալներու խորհուրդը իր յառաջիկայ ժողովը պիտի գումարէ՝ 10,11 եւ 12 դեկտեմբեր 2018-ին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2018, 14:10