Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Վիլնիուս Քաղաք

Ֆրանչիսկոս Պապ սկիզբ տուաւ Միջազգային 25-րդ առաքելական ճամբորդութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սեպտեմբեր 22-ին, առաւօտեան ժամը 7,37-ին, սկիզբ առաւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին Պալթեան երկիրներ՝ Լիթուա, Լաթուիա եւ Էսթոնիա, կատարելիք 25-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը որուն առաջին հանգրուանը կը հանդիսանայ Լիթուան ու անոր մայրաքաղաք՝ Վիլինուսը։

Նորին Սրբութիւնը ու իր հետ ճամբորդող պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը Վիլնիուս քաղաքի միջազգային օդակայան ժամանեց տեղական ժամով 11,30ին, (Իտալիոյ ժամով 10,30ին):

Աւանդութեան համաձայն, Սրբազան Պապը, հեռագիրեր յղեց այն երկիրներու նախագահներուն որոնց օդային տարածքէն սաւառնեցաւ եւ որոնցմէ առաջինը եղաւ՝ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահը՝ Տիար Սերճօ Մաթթարելլան։ Սրբազան Հայրը անոր յղած հեռագիրին մէջ խաղաղութեան ու անդորրութեան իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց նախագահին ու Իտալիոյ համայն ժողովուրդին:

Ողջունելով իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամներն ու լրագրողները, Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ծառայութեան ու ճամբորդութեան բերած օժանդակութեան համար, ինչպէս նաեւ ճամբորդութեան հետեւողներուն տեղեկութիւններ փոխանցելնուն համար:

Ան ապ նշեց, որ Լիթուան, Լաթուիան եւ Էսթոնիան, իրար նմանող երկիրներ են սակայն իրարմէ տարբեր: Շնորհիւ լրագրողներուն ուշադիր ու լաւ աշխատանքին, պիտի նշմարուին այդ երկիրներուն նմանութիւններն ու տարբերութիւնները, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ այդ երկիրները ունին իրենց միջեւ հասարակաց ու տարբեր պատմութիւններ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2018, 11:45