Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Յիսուս միշտ ներկայ է մեր կեանքի խաչմերուկներուն վրայ։

Յիսուս մեզի երկար եւ արատ ժամանակ կը շնորհէ, որուն մէկ տեղ կայ ձախողութիւններուն, դիտել տալով որ Աստուած երբեք պիտի չի դադրի մեզ վերականգնելէ :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, սեպտեմբեր, 23-ին, երեկոյեան, Վիլնիւս Քաղաքի Մայր տաճարին հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ երիտաստարդներուն հետ։ Սրբազան Հայրը ունկնդրելէ ետք երկու երիտասարդներուն ներկայացուցած կեանքի վկայութիւնները ընդգծեց որ կեանքը թատերագրական խաղ մը չէ այլ իսկական եւ շօշափելի պատմութիւն մըն է՝ յայտնաբերել կարենալու համար Աստուծոյ անցքը մեր կեանքին մէջ:

Ունկնդրէ լուրը

Ան նշեց, որ Յիսուս մեզի երկար եւ արատ ժամանակ կը շնորհէ, որուն մէջ տեղ կայ ձախողութիւններուն, դիտել տալով որ Աստուած երբեք պիտի չի դադրի մեզ վերականգնելէ, թէպէտ՝ երբեմն յանձնառու ենք ինքնակործանման:

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց երիտասարդները միշտ վերսկսելու եւ չվհատելու, օրինակ բերելով Վիլնիուս քաղաքի մայր տաճարը, որ դարերու հոլովոյթին,, կործանումի, կրակի թիրախ դարձած է ,սակայն միշտ եղած են մարդիկ, որոնք վճռած են զայն վերականգնելու դիտել տալով նաեւ, որ Լիթուայի անկախութիւնը կերտուած է, այն անձերու կողմէ, որոնք չթոյլատրեցին որ վախը չախչախէ զիրենք:

Սրբազան Հայրը յորդորեց ապա իրար օգնել շեշտելով, որ իսկական ինքնութիւնը կը պահանջէ Ժողովուրդի մը պատկանելիութիւնը:Ինքնութիւն, միասնաբար ընթանալու, միասնաբար պայքարելու: Ինքնութիւն ընտանիքի մը եւ ժողովուրդի մը պատկանելիութեան:

Նորին Սրբութիւնը ապա խրախուսեց երիտասարդները հետեւելու Յիսուսին, այս մէկը նկատելով սիրալիր արկածախնդրութիւն, որ մեր կեանքը իմաստով կը լիացնէ, եւ մեզի զգալ կու տայ, որ կը պատկանինք ընկերութեան մը, մեզի ընկերացող ու քաջալերող ընկերութիւն մը, վերջապէս մեզի ծառայութեան ի սպաս յանձնառու դարձնող ընկերութիւն մը:

Սրբազան Հայրը երիտասարդներուն ուղղած պատգամը եզրափակեց քաջալերելով զանոնք, վախ չունենալ Յիսուսին համար որոշում առնելէ , «պէտք չէ վախնալ Յիսուսի դատը ողջագուրելէ որ է աւետարանի, մարդկութեան եւ մարդ էակներու դատը» ըսաւ Քահանայապետը ու հաստատեց «Յիսուս երբեք մեր կեանքի նաւէն վար պիտի չ՝իջնէ , Ան միշտ ներկայ պիտի ըլլայ մեր կեանքի խաչմերուկներուն վրայ եւ երբեք պիտի չի դադրի մեզ վերականգնելէ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2018, 10:08